Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Տհարմիքէ» կրօններուն պատուիրակութիւն մը

Առիթ է Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու, երբ կրօնապետերը յանձնառու են հանդիպումի մշակոյթին մշակման:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 16 մայիս 2018-ին, Վատիկանի Սանթա Մարթա տան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց՝ Պուտտիսթ, Ւնտուիսթ, Ճայնիսկ եւ Սիք՝ «Տհարմիք» կրօններու պատուիրակութիւն մը, որոնք Հռոմի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին «Dharma e Logos, Երկխօսութիւն եւ համագործակցութիւն բարդ ժամանակամիջոցի մը մէջ» խորագիրով գիտաժողովին:

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ներկաները իր ուրախութիւնը յայտնեց վերոնշեալ գիտաժողովի ձեռնակին համար, որ կը ներառէ Քրիսոտոնեաները, Պուտիսթները- Ճանիսթներն ու Սիք կրօնի անդամները:

Անդրադառնալով ապա գիտաժողովի խորագիրէն՝ «Երկխօսութիւն, համագործակցութիւն» բառերուն, յայտնեց թէ անոնք ժամանակից օրերու բանալի բառեր են, ուր աննախադէպ եւ բարդ պատճռներու համար, ականատես ենք պայքարներու եւ լարուածութեան աճումին՝ բռնութիւններու տարածումով:

Սրբազան Հայրը ապա իր խօսքին մէջ նշեց , թէ առիթ է Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու, երբ կրօնապետերը յանձնառու կ՝ըլլան հանդիպումի մշակոյթին մշակման եւ օրինակ կու տան երկխօսութեան ու անոնք գործօն կերպով կը գործակցին՝ կեանքի ծառայութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ արարչութեան պահպանումի ի նպաստ:
Ֆրանչիսկոս Պապ իր ողջոյնի խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով կրօններու պատուիրակութեան անդամներուն, որոնք յարգելով կրօնային աւանդութիւնները կը գործակցին՝ աշխարհի մէջ բարիքի զարգացման համար, հայցելով բոլորին ու անոնց հասարակութիւններուն համար Աստուածային առատ օրհնութիւնները:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2018, 12:08