Սեռային բռնութեան թիրախ զոհեր, որոնց հետ  հանդիպեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Սեռային բռնութեան թիրախ զոհեր, որոնց հետ հանդիպեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  

Յունիս ամսոյն սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ պիտի ընդունի սեռային բռնութեան թիրախ այլ զոհեր:

Ֆրանչիկոս Պապի մօտիկութիւնը Չիլէի մէջ սեռային բռնութեան թիրախ զոհերուն:

 

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

1-էն 3 յունիս 2018-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա Տան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ պիտի ընդունի Չիլէի մէջ ՝ Ֆերնանտօ Քարատիմա քահանային կողմէ սեռային բռնութեան թիրախ զոհերու երկրորդ խումբ մը՝ այս անգամ բաղկացած հինգ քահանաներէ եւ երկու աշխարհականներէ, ընկերակցութեամբ իրաւական եւ հոգեւոր գործընթացէն ներս անոնց հոգ տանող երկու քահանաներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ վերոյիշեալ հանդիպումով կ՝ուզէ իր մօտիկութիւնը ցուցաբերել սեռային բռնութեան թիրախ կղերականներուն, կիսելով անոնց ցաւերն ու անսալով անոնց առաջարկներուն՝ բարելաւելու համար եկեղեցւոյ մէջ սեռային չարաշահումի կանխարգիլող առկայ միջոցառումներ ու անոր դէմ մղուած պայքարը։

Շաբաթ 2 յունիս 2018-ին, առաւօտեան նախատեսուած է որ ֆրանչիսկոս Պապ Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցանէ Սուրբ Պատարագ ներկայութեամբ վերոյիշեալ սեռային շահագործումի թիրախ զոհերուն ապա յետմիջօրէին առանձնական եւ խմբային հանդիպումներ ունենայ անոնց հետ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2018, 12:53