Ֆրանչիսկոս Պապ Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Չիլէի եպիսկոպոսներուն յանձնած նամակը

Ֆրանչիսկոս Պապ Չիլէի եպիսկոպոսներէն կը խնդրէ անկեղծօրէն քննարկել սեռային բռնութեան արարքներուն ծանրութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 18 մայիս 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Չիլէի եպիսկոպոսներուն յանձնած նամակի պարունակութեան մասին:
Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Չիլէի եպիսկոպոսներուն, Չիլէի մէջ կարգ մը կղերականներուն կողմէ գործուած սեռային բռնութեան արարքները՝ ուսումնասիրելու եւ զատորոշում կատարելու իր հրաւէրին ընդառաջելու համար, այդ արարքները նկատելով ծանր իրողութիւններ, որոնք մեծ վնաս պատճառեցին եկեղեցւոյ հաղորդութեան եւ նսեմացուցին եկեղեցւոյ ու Չիլէի մէջ կատարուած վերջին տարիներու աշխատանքները:
Նորին Սրբութիւնը ապա նամակին մէջ գրած է , որ անչափահասներուն չարաշահումի ցաւալի իրադարձութիւններուն լոյսին ներքեւ խղճմտութեամբ ուսումնասիրուեցան այդ յանցագործութեան ծանրութիւնը, ինչպէս նաեւ զոհերուն պատճառած ողբերգական հետեւանքները աւելցնելով, թէ ինք անձամբ սրտանց ներողութիւն հայցած է սեռային բռնութեան թիրախ կարգ մը անձերէն, որուն մէկ կամքով միացած են նաեւ Չիլէի եպիսկոպոսները ՝ պատճառած վնասները վերականգնելու առաջադրանքով:
Ան ապա Չիլէի եպիսկոպոսներուն դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնած է իրենց ցուցաբերած պատրաստակամութեան համար՝ մասնակցելու եւ գործակցելու բոլոր փոփոխութիւններուն եւ լուծումներուն, որոնք անհրաժեշտ են վերականգնելու արդարութիւնը եւ եկեղեցական հաղորդութիւնը:
Ֆրանչիսկոս Պապ նամակի աւարտին Չիլէի Եպիսկոպոսները հրաւիրած է կառուցելու մարգարէական եկեղեցի մը, որ գիտէ կեդրոն զետեղել այն ինչ որ հրամայական է. Տիրոջ ծառայել՝ անօթիին, բանտարկեալին, գաղթականին ինչպէս նաեւ բռնաբարուածին ծառայութիւն մատուցանելով, խնդրելով եպիսկոպոսներէն, որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2018, 12:10