Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ գերապայծառ Պեչչու Ֆրանչիսկոս Պապ եւ գերապայծառ Պեչչու 

Գերապայծառ Պեչչու նշանակուեցաւ Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչ

20 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ նոր նշանակուած կարդինալներու շարքին յայտարարած էր նաեւ գերապայծառ Պեչչուի անունը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 26 մայիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի վերին իշխանութեան պատասխանատուներու անուանումներու շարքին գերապայծառ Ճովաննի Անճելօ Պեչչուն նշանակեց Սուրբերու Դատի Ժողովի նոր կառավարիչ։ Ան իր այս նոր պաշտօնը կը ստանձնէ յառաջիկայ  օգոստոս ամսուայ աւարտին, իր այժմու պաշտօնը՝ Պետական քարտուղարութեան ընդհանուր գործերու փոխանորդի պաշտօնը շարունակելով մինչեւ 29 յունիս 2018-ին։ Գերապայծառ Պեչչու կը յաջորդէ  Կարդինալ Անճելօ Ամաթոյին որ այդ պաշտօնը կը վարէր 2008 թուականէն։ Գերապայծառ Պեչչու կը շարունակէ նաեւ վարել Քահանայապետի տեղակալի իր պաշտօնը՝ Մալթայի Ասպետական կարգի մօտ։

Նշենք թէ անցեալ կիրակի օր՝ 20  մայիսին, Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոր նշանակուած կարդինալներու շարքին յայտարարած էր նաեւ գերապայծառ Պեչչուի անունը եւ ի շարս միւս նոր կարդինալներուն  անոր կարդինալական տիտղոսի շնորհման արարողութեան թուականը՝  յառաջիկայ  29 յունիս 2018։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2018, 15:48