Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ «Փալերմօ» եւ «Փիացցա Տի Արմէրինա» թեմերը

երանելի Փինօ Փուլյիզիի մահուան 25-րդ տարեդարձին առիթով ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ երանելիին թեմը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 26 մայիս 2018-ին,Քահանայապետական տան հոգաբարձութիւնը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ թէ յառաջիկայ 15 սեպտեմբեր 2018-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Փալերմօ քաղաքի եւ «Փիացցա Տի Արմէրինա» թեմերուն, երանելի Փինօ Փուլյիզիի մահուան 25-րդ տարեդարձին առիթով:

Երանելի Փուլյիզի եղած է Փալերմօ թեմի քահանայ: Ան քաջատեղեակ ըլլալով քաղաքին մէջ տիրող վատ կացութեան՝ մաֆիային կողմէ գործադրուած ոճրային արարքներու պատճառաւ, ծառայած է քաղաքին ամենէն վտանգաւոր վայրերուն մէջ յատուկէն զբաղելով երիտասարդութեամբ, ներգրաւելով զանոնք ժողովրդապետութեան գործունէութեան մէջ:

Երանելի Փուլյիզի բացայայտօրէն պայքարած ըլլալով Մաֆիայի դէմ, անոր օրինակելի գործունէութիւնը ու համբաւը պատճառ դարձաւ իր մարտիրոսութեան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2018, 12:18