Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետի 27 Մայիսի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Աստուած արդարեւ Հայր է, Մեր Հայրն է ու ընտրեց քալել մարդկութեան կողքին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 27 մայիս 2018-ին, կը յիշատակուի  Սուրբ Երրորդութեան տօնը։ Այս առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումին վրայ նշելով թէ այսօր կը յիշատակենք Ամենասուրբ Երրորդութեան տօնը, որուն ընթացքին կը գովաբանենք խորհուրդը Յիսուս Քրիստոսի Աստուծոյ որ Մի է երեք անձերու հաղորդութեան մէջ. Հայր , Որդի եւ Սուրբ Հոգի։

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ սուրբ գրային ընթերցումները մեզի կ՛ուզեն յիշեցնել թէ Աստուած մեր հետն է, մեզի մօտիկ է, մեզ կը սիրէ ու մեր հետ կը քալէ ամէն օր, հետեւելով իւրաքանչիւրիս կեանքի ուղեւորութեան ու խնամք տանելով մեզի։ Աստուած արդարեւ Հայր է, Մեր Հայրն է ու ընտրեց քալել մարդկութեան կողքին - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի օգնութիւնը «որպէսզի կարողանանք լաւապէս կատարել մեր առաքելութիւնը՝ սիրոյ ծարաւ ունեցող աշխարհին վկայելով թէ կեանքի իմաստը անհուն սէրն է, Հօր, Որդոյն ու Սուրբ Հոգւոյն անհուն սէրը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը որ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք, ողջոյնի խօսք ուղղեց սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն, յիշելով թէ երէկ՝ Փիաչենցա քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուեցաւ Քոյր Լէոնելլա Զկորպաթին որ հաւատքի համար սպաննուեցաւ Մոկատիշի մէջ՝ 2006 թուականին։

«Աղօթենք միասին Ափրիկէի համար որպէսզի այնտեղ հաստատուի խաղաղութիւնը» յարեց ապա Սրբազան Պապը ու հաւատացեալներու մասնակցութեամբ արտասանեց «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը ապա ողջունեց Մարեմեան Աղօթքին մասնակցող այլ խումբեր ու հրաժեշտ առնելով բոլորէն անոնց մաղթեց բարի կիրակի ինչպէս միշտ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2018, 12:59