Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի Ոստիկանատան անձնակազմը։

Նորին Սրբութիւնը իր երախտապարտութիւնը արտայայտեց «Պետական Ոստիկանութեան» անոնց՝ Քահանայապետին ու Եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ՝ 25 մայիս 2018-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց՝ Հռոմի Ոստիկանատան անձնակազմին, անոնց հարազատներուն  ու ահաբեկչութեան զոհերու ընտանեկան պարագաներուն։

Այս առթիւ անոնց ուղղած իր ճառին մէջ  Նորին Սրբութիւնը իր երախտապարտութիւնը արտայայտեց «Պետական Ոստիկանութեան» անոնց՝ Քահանայապետին ու Եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան համար, այսօրուան հանդիպումը նկատելով առիթ՝ միութեան ու մօտիկութեան՝ «փառաբանելու ու գոհութիւն մատուցելու Տիրոջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ապա խօսքը կեդրոնացուց ընտանիքի վրայ որ է «առաջին հասարակութիւնը ուր կը սորվինք սիրել, ու առանձնայատուկ վայր՝ ուր կը սորվինք նաեւ հաւատքը ապրիլ ու բարի գործեր կատարել» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ Ընտանիքի առողջ վիճակը հրամայական է, աշխարհի ու եկեղեցւոյ ապագայի համար, ի տես նաեւ աշխարհը յուզող բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն ու հարցերուն։

Ունկնդրէ լուրը

«Ընտանիքը եւս շատ անգամ յատկանշուած է տառապանքով» ըսաւ ապա Քահանայապետը ակնարկելով Աստուածաշունչի մէջ պատմուած ընտանեկան դէպքերուն, ինչպէս Կայէնն ու Ափելը, Սուրբ Ընտանիքի փախուստը Նազարէթէն,  Մարիամն ու Մարթան որոնք կ՛ողբան իրենց եղբօր Ղազարոսի մահը…ու այս բոլորին մէջ Յիսուսին կարեկցութիւնը, որ կարող է համապատասխանել բոլոր անոնց որոնք Իրեն կը դիմեն։

Յիսուսի օրինակին վրայ Եկեղեցին եւս իր առօրեայ ուղեւորութեան մէջ կը ճանչնայ ընտանիքներու անձկութիւնները, սերնդային հակառակութիւնները, տնային բռնութիւնները, տնտեսական դժուարութիւններն ու աշխատանքի պակասի հարցը… ապա «Սուրբ Հոգիէն մղուած՝ Եկեղեցին ամէն օր կը դիմէ Աւետարանին ու կը փորձէ մօտիկ ըլլալ ընտանիքներուն, յատկապէս անոնց որոնք կ՛ապրին դժուար պահեր», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ այդ կեանքի ուղեւորութեան վրայ Յիսուս երբեք մեզ չի լքեր, այլ մեզի կը հետեւի ու կ՛ընկերանայ ողորմածութեամբ։ Անոր ներկայութիւնը կը յայտնուի մօր մը, հօր մը ու զաւկի մը քնքշութեան, շոյանքի, ու ողջագուրումին մէջ։ «Ընտանիքը արդարեւ քնքշութեան վայր է եւ ասոր համար է որ Աստուած մեզի կը յայտնուի որպէս Հայր ու նաեւ որպէս Մայր, որ մեզի խնամք կը տանի» յարեց Սրբազան Պապը  ու Եկեղեցին եւս ներկայացուց Մօր մը կերպարանքով որ մեզի կը սորվեցնէ հաստատ մնալ Աստուծոյ մէջ, այն Աստուածը որ մեզ կը սիրէ ու մեզի թիկունք կը կանգնի։

Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ ընտանիքի մէջ հաւատքի փոխանցումի մասին, դիտել տալով թէ «ընտանիքի մէջ է որ կրնանք աղօթել սորվիլ, հեզ աղօթք՝ որ բացուած ըլլայ յոյսին, որուն ընկերանայ ուրախութիւնը, իսկական ուրախութիւնը որ յառաջ կու գայ մարդոց միջեւ խոր ներդաշնակութիւնէն, ու միասին ապրելու եւ իրարու թիկունք կանգնելու գեղեցկութիւնէն, հակառակ մեր սահմանափակումներուն» – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ որ մատնանշելով առօրեայի կեանքին ու դարաշրջանի արագ փոփոխութիւններուն, յատկապէս Հռոմի պէս քաղաքի մը մէջ, ընտանիքը նկատեց վայր՝ ուր մարդը կը գտնէ մարդկային հաւասարակշռութիւնը, իմաստութիւնն ու արժէքներ։ Ընտանիքը՝ լաւ ընտանիքը, կարող է փոխանցել նաեւ քաղաքացիական արժէքներ, ու կը դաստիարակէ՝ մենք մեզ զգալու ընկերութեան մաս, ապրելով որպէս հաւատարիմ եւ ազնիւ քաղաքացիներ։

«Պետութիւն մը կարող չէ կանգուն  մնալ եթէ ընտանիքները այդ պարտականութիւնը չի կատարեն, որովհետեւ քաղաքացիական առաջին կրթութիւնը կը ստացուի ընտանիքի մէջ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն ու անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները, ապա զանոնք յանձնեց Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին ու Ոստիկանութեան պաշտպան սուրբ՝ Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետի հովանիին, հուսկ խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2018, 12:50