Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը կը կատարէ Իտալիոյ եպիսկոպոսներուն ընդհանուր հաւաքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ Սիւնհոդոսական Դահլիճին մէջ բացումը կը կատարէ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի տարեկան ընդհանուր ժողովին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 21 Մայիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատի Պոլոնիա դահլիճին մէջ, նախագահեց Վատիկանի Վերին իշխանութեան պատասխանատուներուն ժողովը, ապա յետմիջօրէի 16.30-ին Սիւնհոդոսական Դահլիճին մէջ բացումը կը կատարէ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի տարեկան ընդհանուր ժողովին, որուն կենդրոնական նիւթը կը հանդիսանայ «Եկեղեցւոյ ի՞նչ տեսակ ներկայութիւն, հաղորդակցութեան ներկայ համակարգի ներքոյ»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի բացման խօսքէն ու եպիսկոպոսներու հետ ունեցած զրոյցէն ետք աշխատանքային նիստի ընթացքին  քննարկումներ կը կտարուին «Թուային» յեղափոխութեան վերաբերեալ, որ փոխակերպեց ոչ միայն հաղորդակցելու ձեւերը, այլեւ մտածելու, ապրելու ու յարաբերուելու տիպարները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2018, 11:27