Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին՝ 14 Մայիսի պաշտօնական գործունէութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հռոմի Թեմի կղերական դասի հանդիպումին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան


Երկուշաբթի 14 մայիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական հանդիպումները սկսաւ առաւօտեան 10-ին, իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունելով՝ Միւնխէն թեմին Արքեպիսկոպոսը՝ Կարդինալ Ռէյնարտ Մարքսը որ է նաեւ Տնտեսութեան Խորհուրդի համակարգողը, ապա Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթին, Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը, հուսկ Սան Սալվատոր թեմին օգնական եպիսկոպոս՝ Կարդինալ Կրէկորիօ Ռոզա Շավեսը, որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց Չինաստանի տարածաշրջանի եպիսկոպոսական (Թայուան) համահաւաք դասի եօթը անդամներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց՝ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։
14 Մայիսի երեկոյեան 7-ին Նորին Սրբութիւնը Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հռոմի Թեմի կղերական դասին հանդիպումին։

Թայուանը ունի 36.193 քմ քառակուսի տարածք եւ 23 միլիոնի բնակչութիւն որուն մեծամասնութիւնը կը հետեւի Պուտտայական կրօնին (35 առ հարիւրը) իսկ միւս 33 առ հարիւրը կը պատկանին Թաօյիսթ կրօնին։ Քրիստոնեաները կը հաշուեն բնակչութեան միայն 3.7 առ հարիւրը որոնցմէ միայն մէկ առ հարիւրը կաթողիկէ են։ Ապա կան այլ կրօններու ու դաւանանքներու պատկան հաւատացեալներ ինչպէս նաեւ 18.7 տոկոսով անհաւատներ։

Թայուանի մէջ քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է առաջին անգամ 17-րդ դարուն, Հոլնատական վերանորոգուած եկեղեցիի միսիոնարներու ժամանումով, ինչպէս նաեւ նոյն շրջանին Տոմինիքեան միաբանութեան անդամներու քարոզութեամբ։

Թայուանի եկեղեցին որ կառավարուած է 1967-ին ստեղծուած եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէ, ունի մէկ Աւագ Թեմ ու այլ 6 ենթաթեմեր։

Սուրբ Աթոռի եւ Թայուանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ։

Պիոս ԺԲ օրով՝ 1946-ին, Սուրբ Աթոռը դիւանագիտական կապեր հաստատեց Չինաստանի հետ, սակայն 1949-ին՝ համայնավար վարչակարգի իշխանութեան գլուխ անցնելով, ու 1951-ին, առաքելական նուիրակութեան անձնակազմի երկրէն դուրս վտարումով, Նուիրականութիւնը փոխադրուեցաւ Թայուան որուն հետեւանքով Պօղոս Զ քահանայապետը որոշեց նաեւ փոխել Առաքելական Նուիրակի դիւանագիտական «սթաթուսը» ու առաքելական նուիրակէն դարձուց «յանձնակատար»։ Ասոր համար է որ եպիսկոպոսական դասը որդեգրեց «Թայուանի տարածաշրջանային եպիսկոպոսական համահաւաք դաս» տիտղոսը։
2008-ին Փեքինի եւ Թայփէյի միջեւ մօտեցումը դրական կերպով ողջունուեցաւ Սուրբ Աթոռի կողմէ թէեւ մինչեւ օրս այդ երկու «Չինաստաններու» միջեւ հարցերը քննարկումի առարկայ են, Սուրբ Աթոռին դիրքը կը մնայ միշտ «երկխօսութիւն» քաջալերող դիրք մը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2018, 10:53