Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը եպիսկոպոսներու հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը եպիսկոպոսներու հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 24 մայիսի պաշտօնական հանդիպումները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Պանկլատէշի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի անդամներուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան  

Հինգշաբթի 24 մայիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իտալիոյ Ակրիճենթօ թեմին արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Ֆրանչեսքօ Մոնթենեկրոն, որմէ ետք ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը Գերապայծառ Ֆրանսիսքօ Լատարիա Ֆերրերը, ու հաւատարմագրերու յանձնումի առթիւ ունկնդրութիւն շնորհեց Քոլոմպիայի Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպան՝ Տիար Խուլիօ Անիպալ Ռիանիօ Վելանտիայի, հուսկ ընդունեց Զիմպապուէի մօտ առաքելական նուիրակը՝  գերապայծառ Մարէք Զալեվսքին ու Կուաթեմալայի մօտ առաքելական յանձնակատարը՝ գերապայծառ Ռաուլ Անթոնիօ Մարթինէս Փարետեսը։

Ժամը 11.30-ին Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Պանկլատէշի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի անդամներուն, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին անոնց կատարած հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։

Յայտնենք թէ Պանկլատէշի 160 միլիոն բնակչութեան վրայ, որուն 90 առ հարիւրը մահմետական են,  միայն 0.3 առ հարիւրը քրիստոնեայ են ու անոնց 0.2 առ հարիւրը կաթողիկէ (մօտաւորապէս 350 հազար հաւատացեալ)։

Պանկլատէշի կաթողիկէ եկեղեցին ունի երկու աւագ թեմեր ու վեց  այլ պարզ թեմեր։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կազմակերպուած է 1971-ին ։  Երկրին մէջ իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 400 քահանաներ ու հազարի չափ կրօնաւորներ։

Թէեւ կաթողիկէներու թիւը փոքր է՝ սակայն Կաթողիկէ Եկեղեցին  ու քրիստոնեաները կարեւոր դեր մը կը խաղան երկրի՝ ընկերային, առողջապահական, ու դաստիարակչական տարբեր բնագաւառներէն  ներս, յատկապէս մարդկայնական օգնութիւններու ու բնական աղէտներու զոհերու խնամակալութեան ծիրէն ներս։

Քրիստոնէութիւնը սակայն տակաւին  «օտար կրօն» նկատուած է երկրին համար, որ 1988 էն Իսլամական Կրօնը որդեգրած է որպէս Պետական կրօն, եւ ասոր հետեւանքով  Իսլամ ծայրայեղ խմբակցութիւններ չեն դադրիր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն դէմ հալածանք ու խտրականութիւն բանեցնելէ։ Հակառակ ասոր Կաթողիկէ Եկեղեցին կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ միջ-եկեղեցական ու միջ կրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս։

Նշենք թէ տարածաշրջանին մէջ քրիստոնէութեան  առաջին քարոզութիւնը, աւանդութեան համաձայն, վերագրուած է Սուրբ Թովմաս առաքեալին, ապա 16-րդ դարուն՝  Ֆրանչիսկեան, Տոմինիքեան, Յիսուսեան ու այլ միաբանութիւններու միսիոնարներու ժամանումով։

26 նոյեմբեր 1970-ին Պօղոս Զ Քահանայապետը՝ քահանայապետական միջազգային 11-րդ առաքելական ճամբորդութեան առթիւ այցելած է Տաքքան որ այդ ժամանակ մաս կը կազմեր Արեւելեան Փաքիստանի։ 1972-ին կը հիմնուի Պանկլատէշի Քարիթասը եւ 1973-ին Պանկլատէշի ու Սուրբ Աթոռի միջեւ կը կնքուի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման պայմանագիրը։ 19 նոյեմբեր 1986-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւս կ՛այցելէ Պանկլատէշը ու այնտեղ արտասանած մէկ խօսքին մէջ կը շեշտէ այդ ճամբորդութեան միջկրօնական բնոյթը ըսելով. «Կու գամ որպէս հոգեւոր ուխտաւոր, բոլորին նկատմամբ եղբայրական սիրոյ ու գնահատանքի հոգիով» եւ ողջունելով մահմետական ու այլ կրօններու պատկան հաւատացեալները կը հաստատէ «կը մաղթեմ որ մեր այս հանդիպումը յատկանշուի ներդաշնակութեան, խաղաղութեան ու եղբայրութեան հոգւով»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւս առիթը ունեցաւ այցելելու երկիրը՝ 1 եւ 2 Յունիս 2017-ին, Քահանայապետութեան 21-րդ միջազգային ճամբորդութեան առթիւ, ուր խաղաղութեան նուիրուած միջկրօնական հանդիպումի առթիւ հաստատեց թէ «ամէն մարդ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն» ու աշխարհի անունով ներողութիւն խնդրեց Ռոհինճա ցեղախումբին դէմ գործադրուած անարդարութիւններուն համար, ապա տեղական եկեղեցին խրախուսեց շարունակելու իր ընթացքն ու յանձնառումը վասն միջկրօնական երկխօսութեան ու իրար հասկացողութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2018, 10:09