Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը Սքոլաս Օքուրենդէսի երիտասարդներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը Սքոլաս Օքուրենդէսի երիտասարդներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 11 Մայիսի պաշտօնական հանդիպումներն ու ձեռնարկները։

Ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւն տալով Սան Քալիսթօ Պալատին կ՛այցելէ «Աքոլաս Օքուրենթէս» քահանայապետական հիմնարկի Վատիկանեան կեդրոնը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 11 մայիս 2018-ի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ունեցած պաշտօնական հանդիպումներու շարքին, առաւօտեան 10.30-ին, ընդունեց Ռումանիայի Վարչապետը Տիկ Վիորիքա Տանչիլան,  ապա ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչը՝ գերապայծառ Լուիս Ֆրանսիսքօ Լատարիա Ֆերրերը որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց  Չեխական հողերու եւ Զլովաքիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ Մետրոպոլիտ՝ Փրոզովի Արքեպիսկոպոս գերերջանիկ Ռասթիզլաւը ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները։ Գերերջանիկ Ռասթիզլաւ Մետրոպոլիտին ընտրութիւնը տեղի ունեցած է 2014 թուականին ու այս առաջին անգման է որ Ան կ՛այցելէ Վատիկանը։  

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա  հրաժեշտի այցելութեամբ ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ Լիբանանի նախկին դեսպանը՝  Տիար Անթոնիօ Ռայմոնտ Անտարին։

Իսկ յետմիջօրէի 4-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւն տալով Սան Քալիսթօ Պալատին կ՛այցելէ  «Աքոլաս Օքուրենթէս»  ցանցային քահանայապետական հիմնարկի Վատիկանեան կեդրոնը, ուր նախ կը հանդիպի հաստատութեան «կամզաւորիչ» մարմնի նոր ու երիտասարդ անդամներուն հետ, ապա տեսաժողովի միջոցաւ բացումը կը կատարէ հիմնարկի երկու նոր կեդրոններու՝  մէկը Լատին Ամերիկայի մէջ, իսկ միւսը Ափրիկէի մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ փակումը կը կատարէ՝ Սքոլաս Օքուրենթէս նախաձեռնութեամբ  անցեալ երկուշաբթի օր սկիզբ առած Երիտասարդութեան միջազգային հաւաքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի զանազան երկիներէ ժամանած 100 երիտասարդներ։

Նշենք թէ Սքոլաս Օքուրենդէս ցանցը Քահանայապետական իրաւասութեամբ հիմնարկն մըն է, որ ծնունդ առած է Պուէնըս Այրեսի արուարձաններու մէջ,  նոյնինքն Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ Քահանայապետի կամքով, երբ տակաւին Պուենըս Այրեսի Արքեպիսկոպոս էր, նպատակ ունենալով դաստիարակչական փորձառութիւններ տրամադրել, հիմնուած մասնակցութեան ու անձնական յանձնառումի վրայ, կամաւորական համակարգի մը միջոցաւ որ հիմնուած է հանդիպումի,  երկխօսութեան ու տարբերութիւններու յարգանքի վրայ։ Հիմնարկի ներկայ նախագահն է Արժանթինցի Խոսէ Մարիա Տէ Քորրալը։

«Սքոլաս Օքուրենդէսի կազմակերպած արհեստանոցներու ընթացքին, երիտասարդները առիթը ունեցան հանդիպելու ընկերութենէն բացառուած անձերու հետ, ինչպէս են տարեցներն ու գաղթականները, նպատակակէտ ունենալով որ այդ երիտասարդները իրենց երկիրները վերադառնալով կարողանան այնտեղ եւս տանիլ գործնական առաջարկներ՝ դիմագրաւելու համար «բացառութեան» երեւոյթը»  գրուած է Սրբազան Քահանայապետին վերոնշեալ այցելութեան առթիւ հիմնարկի կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2018, 11:00