Ֆրանչիսկոս Պապի «Փոնթուազ» թեմի հաւատացեալներուն պատկերասփռուած պատգամը

Թող Տիրոջ մխիթարանքը հասանելի ըլլայ Աստուծոյ սփոփանքի կարօտեալներուն՝ դրոշմի խորհուրդը նոր ստացած հաւատացեալներուն միջոցաւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 20 մայիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամը մը յղեց Ֆրանսայի «Փոնթուազ» թեմին կողմէ կազմակերպուած, «անթիւ մարդիկ եւ կիներ կը սպասեն Տիրոջ սփոփանքը» խորագիրով ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն, որուն մէջ Սրբազան Հայրը գեղեցիկ երեւոյթ նկատեց ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերող 15 հազար քրիստոնեաները, որոնք «Սրտաբաց կ՝աղօթեն Սուրբ Հոգին ընկալելու համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու անդրադարձաւ նոյն օրը Սուրբ Դրոշմի խորհուրդը ընկալող հաւատացեալներուն, նշելով «այսօր աւելի քան 1000 երիտասարդներ եւ չափահասներ ստանալով Սուրբ դրոշմի խորհուրդը կը՝դառնան Աստուծոյ սիրոյ քաջ վկաները՝ խոցուած աշխարհի մը մէջ, յատուկէն զօրութենականութեան արուարձաններուն մէջ, ուր անթիւ այր մարդիկ ու կիներ կը սպասեն Տիրոջ մխիթարանքին» յարեց Սրբազան Հայրը մաղթանք յայտնելով, որ Տիրոջ մխիթարանքը՝ նորադրոշմեալ անհատներու ու անոնց անուշ խօսքերու եւ աշխատանքներուն միջոցաւ, հասանելի ըլլայ այն մարդոց որոնք յաղթահարուած են, որպէսզի «Աստուծոյ ողորմածութիւնը ու սէրը տարածուին՝ նման դրոշմի խորհուրդի սուրբ իւղին», որ այսօր պիտի ընդունին բազմաթիւ հաւատացեալներ. ըսաւ Քահանայապետը:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2018, 10:36