Որոնել

Հոգեգալստեան Սուրբ պատարագ Հոգեգալստեան Սուրբ պատարագ  

Ֆրանչիսկոս Պապին Հոգեգալստեան տօնին առթիւ արտասանած քարոզը։

«Սուրբ Հոգին Եկեղեցւոյ ոգին է, որուն յոյս կը ներշնչէ, ուրախութիւն կը պարգեւէ, պտղաբեր կը դարձնէ ու կեանքի ծիլ կը պարգեւէ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 20 մայիս 2018-ին, հոգեգալստեան տօնն է։ Տօնին առթիւ Սրբազան Քահանայապետը՝ 20 մայիսի առաւօտեան 10-ին, Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը ու այս առթիւ ներկայացուցած քարոզը կեդրոնացուց օրուան տօնակատարութեան առթիւ կարդացուած սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ։

«Սուրբ Հոգին՝ հովին նման կը բերէ նորութիւն։ Ան Աստուածային ուժն է որ աշխարհը կը փոխէ,  կը փոխէ սրտերը, կը փոխէ իրողութիւնները» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դնելով «սրտերը կը փոխէ» հատուածին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուս առաքեալներուն խոստացած էր «պիտի ընդունիք Սուրբ Հոգիին ուժը ու պիտի ըլլաք իմ վկաներս» եւ իսկապէս այսպէս պատահեցաւ, այդ աշակերտները որոնք առաջ վախի ու վրդովումի մէջ կ՛ապրէին, Տիրոջ Յարութենէն ետք կերպարանափոխուած Սուրբ Հոգիով կը սկսին վկայել Անոր մասին։  Անոնք վախեցող անհատներէն կը դառնան արի անհատներ ու Երուսաղեմէն մեկնելով կ՛ուղղուին մինչեւ աշխարհիս ծայրամասերը, որովհետեւ Հոգին փոխած էր անոնց սրտերը։ Ան արդարեւ կը բանայ վախի բերումով փակուած կղպանքները։ Կը յաղթէ դիմադրութիւնը. Լայն կը դարձնէ փակ սրտերը, ծառայութեան կը մղէ անոնք որոնք կ՛ապրին հանգստաւէտութեան մէջ։ Յառաջ կը մղէ անոնք որոնք կը կարծեն թէ հասած են նպատակին։ Երազել կու տայ անոր որ «գաղջութեան» մէջ ընկղմուած է» յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ «Սուրբ Հոգիին նորութիւնը տարբեր է մարդկային նորութիւններէն, Ան մեր կեանքին մէջ յեղափոխութիւն մը չի ստեղծեր, այլ կը փոխէ մեր սրտերը, մեզ կ՛ազատէ հարցերէն ու մեզի առիթ կու տայ քալելու վստահութեամբ։ Ան երիտասարդ կը պահէ սիրտը։ Թէեւ երիտասարդութիւնը ուշ կամ կանուխ կ՛ անցնի, Սուրբ Հոգիին բերած երիտասարդութիւնը ներքին է,  որովհետեւ մեղաւորը կը դարձնէ ներուած, փոխելով անոր սիրտը։ Ան յանցաւորի մեր իրավիճակէն մեզ կը դարձնէ արդարներ ու ամէն ինչ կը փոխէ մեզ ազատագրելով մեղքի կապանքներէն։ Ան կը վերապրեցնէ ուրախութիւնը ու սրտին մէջ կը ծաղկեցնէ խաղաղութիւնը» հաստատեց Սրբազան Պապը ու յորդորեց «այսօր ջանանք սորվիլ թէ ի՞նչ կը նշանակէ իսկական փոփոխութիւնը», հրաւիրելով դիմել Սուրբ Հոգիին որ է Աստուծոյ ուժը՝ որ կեանք կը պարգեւէ «Եկ սուրբ հոգի, Եկ իմ սրտիս մէջ, իմ կեանքիս մէջ»։

Սրտերը փոխելէն ետք Սուրբ Հոգին կը փոխէ նաեւ իրողութիւնները, Ան կարող է հասնիլ նոյնիսկ անհասանելի վայրեր, նման հովին որ կը փչէ։ Գործ առաքելոց գիրքին մէջ Սուրբ Հոգին ներկայացուած է որպէս հրաշալի դերակատար մը։ Ան նոր ուղիներ կը բանայ առաքեալներուն դիմաց, զանոնք կը մղէ այնտեղ ուր իրենք չէին համոզուած երթալ՝ Աւետարանը տանելով ժողովուրդներու, որոնք ոչ իսկ կը ճանչնային։ «Երբ Սուրբ Հոգին նրկայ է անպայման բան մը կը պատահի» դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը  ու հաստատեց «Սուրբ Հոգին Եկեղեցւոյ ոգին է, որուն յոյս կը ներշնչէ, ուրախութիւն կը պարգեւէ, պտղաբեր կը դարձնէ ու կեանքի ծիլ կը պարգեւէ»։

Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Հոգին նմանեցուց նորածին մանուկի մը՝ որ ընտանիքին մէջ նոր մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, «ժամերու փոփոխութիւն, անքուն գիշերներ, սակայն նաեւ ուրախութիւն ու սէր»։ Սուրբ Հոգին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը «մանկութեան համ» կը բերէ Եկեղեցւոյ, անոր յիշեցնելով որ հակառակ դարաւոր պատմութեան ան միշտ 20 ամեայ է՝ «երիտասարդ հարսը որով Տէրը միշտ սիրահարուած է»։ Չի յոգնինք ուրեմն հայցելու Սուրբ Հոգւոյն գալուստը մեր ապրած միջավայրերուն մէջ «Եկ Սուրբ Հոգի» յորդորեց Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով թէ Ան իր հետ կը բերէ նորոգումի ուժը։ Ուժ որ կը մղէ դէպի կեդրոն ու կը ներգործէ սրտին մէջ, բաժանումներու մէջ միութիւն կը հաստատէ, անդորրութիւն անձկութիւններու մէջ, զօրութիւն փորձութեան ժամանակ, այնպէս ինչպէս կը յիշեցնէ Սուրբ Պօղոսը. «Սուրբ Հոգւոյն պտուղն է սէր, ուրախութիւն, հաւատք, հեզութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն, քաղցրութիւն, հաւատարմութիւն ու ժուժկալութիւն (Գաղ  5,22)։

«Դէպի կեդրոն մղիչ նոյն Սուրբ Հոգին է որ ապա մեզ կ՛ուղարկէ մարդկային բոլոր արուարձանները, որուն միջոցաւ կարող ենք արտասանել կեանքի խօսքեր ու քաջալերել ուրիշները» յարեց ապա Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց հայցել Սուրբ Հոգիին գալուստը ըսելով. «Սուրբ Հոգի, Աստուծոյ խթանող քամի, իջիր մեր վրայ։ Փչէ մեր սրտերուն մէջ ու մեզի շնչել տուր Աստուծոյ քնքշութիւնը։ Փչէ Եկեղեցւոյ վրայ ու զայն մղէ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը, որպէսզի քեզմով մղուած Ան քեզ տանի այնտեղ. Աշխարհի վրայ փչէ խաղաղութեան  նուրբ ջերմութիւնը ու յոյսի թարմ ապաւէնը։ Եկ Սուրբ Հոգի, մեզ նորոգէ ներքնապէս ու նորոգէ աշխարհին դիմագիծը. Ամէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2018, 10:45