Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Դրոշմը՝ Սուրբ Հոգւոյն կինքը» հրապարակային ունկնդրութիւն։ ՝

Հոգիին պտուղն է՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Պօղոս Գաղատացիներովն կը գրէ. Հոգիին պտուղն է՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ Օրէնք չկայ:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս, շարունակելով խօսիլ Դրոշմի խորհուրդի մասին այսօր կ՛ուզեմ ի յայտ դնել այս խորհուրդին սերտ կապը քրիստոնէական  նախապատրաստումի խորհուրդներուն հետ։ Արդարեւ դրոշմի նշանակութիւնը կը ցոլայ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին մէջ ու լիակատար կը դառնայ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ։Այս խօսքերով է որ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 30 մայիսի հրապարակային անունկնդրութեան ուրուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածուինը կեդրոնացուց Դրոշմի Խորհուրդին վրայ։ 

Ունկնդրէ լուրը

«Դրոշմի օծումը ընդունելէ առաջ, որով կը հաստատուի ու կ՛ամրապնդուի Սուրբ Մկրտութեան շնորհքը, դրոշմուածները կանչուած են նորոգելու մկրտութեան խորհուրդի խոստումները ու Եպիսկոպոսին ուղղած հարցումներուն պատասխանուելու «կը հաւատամ» ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով թէ  անոնք  յատուկ կերպով պատրաստակամ ըլլալու են հաւատալու Սուրբ Հոգւոյն որ Տէրն է ու կեանք կը պարգեւէ, նաեւ դրոշմի խորհուրդի միջոցաւ, այնպէս ինչպէս պատահած էր Յիսուսին աշակերտներուն՝  Պենտեկոստէի տօնին օրը։

Երբ դրոշմը Մկրտութենէն անջատաբար կը հանդիսակատարուի, ինչպէս հռոմէական ծէսին պարագային, Ս. խորհուրդին ծիսակատարումը կը սկսի դրոշմուողին կատարած Մկրտութեան Խոստումներուն վերանորոգումով։ Եպիսկոպոսը ապա իր ձեռքերը կը տարածէ դրոշմուելիքներուն խումբին վրայ, շարժուձեւ մը  որ առաքեալներուն ժամանակներէն սկսեալ նշանն է Հոգւոյն պարգեւին։

Եպիսկոպոսը  աղօթքով կը հայցէ Հոգիին զեղումը։ Աստուած ամենաբարի՝ Հայր մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, նայէ այս մկրտեալներուն որոնց վրայ կը դնենք մեր ձեռքերը։ Մկրտութեամբ զանոնք մեղքէն ազատեցիր, ջուրէն եւ Հոգիէն զանոնք վերստին ծնար։ Հիմա ըստ Քու տուած խոստումիդ սփռէ անոնց վրայ Քու Սուրբ Հոգիդ։ Քու Որդիիդ  Յիսուսի վրայ հանգչող Հոգին տուր անոնց լիութեամբ, Հոգի իմաստութեան եւ հանճարի, Հոգի խրատի եւ ոյժի, Հոգի գիտութեան եւ որդիական սիրոյ։ Համակէ զանոնք աստուածավախութեան հոգիով՝ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս։

Սուրբ Պօղոս եւս կը բացայայտէ Սուրբ Հոգիին պտուղները .՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն։ Հոգին արդարեւ տարբերութիւններու յեղինակն է ու միեւնոյն ատեն միութիւնը ստեղծողն է։

Առաքեալներէն մեզի հասած աւանդութեան համաձայն թեկնածուին վրայ եպիսկոպոսին ձեռքերու տարածումին կը յաջորդէ ճակատի օծումը միւռոնով,Եպիսկոպոսին հետեւեալ խօսքերով. «Ընդունէ կնիքը Սուրբ Հոգիին պարգեւին»։

«Սուրբ Հոգին անտեսանելի պարգեւն է ու դրոշմը այդ պարգեւի տեսանելի կնիքն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ այդ սուրբ իւղով ճակատի խաչակնքումով դրոշմեալը կ՛ընդուի հոգեղէն անջնջելի կնիքը, նշանագիրը որով Յիսուս Քրիստոս քրիստոնեան կը նշանադրէ ու զան կը զգեստաւորէ վերին զօրութեամբ որպէսզի Ան դառնայ Իր վկան։

Սուրբ Հոգին մեզի անարժաններուս տրուած պարգեւ մըն է որ պէտք է ընդունինք գոհունակութեամբ տեղ տալով Անոր անվերջ ստեղծագործութեան։  Պարգեւ մը  որ պէտք է պահպանենք ուշադրութեամբ, որուն հետեւինք հնազանդութեամբ թոյլ տալով որ մեզ ձեւաւորէ, մոմի նման՝ իր բոցեղէն սիրով, որպէսզի այսօրուայ աշխարհին մէջ ցոլացնենք Յիսուս Քրիստոսը – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով խորհրդածութիւնը որմէ ետք զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, ակնարկելով թէ վաղը կ՛եզրափակուի Մարեմեան ամիսը։

«Աստուծոյ Մայրը թող ըլլայ ձեր ապաւէնը ուրախ ու դժուար պահերու ընթացքին, եւ ըլլայ ձեր ընտանիքներուն առաջնորդը՝ որպէսզի անոնք դառնան տնային օճախներ, աղօթքի, իրար հասկացողութեան ու նուիրումի - յարեց Սրբազան Քահանայապետը ապա հրապարակային ունկնդրութիւնը եզրափակեց բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2018, 10:48