Որոնել

Հրապարակյին ունկնկդրութիւն Հրապարակյին ունկնկդրութիւն 

«Քրիստոնէական Վկայութիւնը». 23 մայիսի Հրապարակային ունկնդրութիւնը։

Քրիստոսի Հոգին է որ կարող է մեզ համ տուող աղի վերածել ու աշխարհը լուսաւորող լոյս դարձնել

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երբ եկաւ Նազարէթ, ուր ինք մեծցած էր, իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օրը մտաւ ժողովարանը, ու կանգնեցաւ որ կարդայ:Տուին անոր Եսայի մարգարէին գիրքը: Երբ բացաւ գիրքը, գտաւ այն տեղը՝ ուր գրուած էր. «Տէրոջ Հոգին իմ վրաս է. որովհետեւ օծեց զիս աղքատներուն աւետարանելու, ղրկեց զիս կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու» (Ղուկ 4, 16-18)

Չորեքշաբթի 23 մայիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց աւանդական հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարւոր ուխտաւորներ եւ որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը շարունակելով խօսիլ Քրիստոնեայ նախապատրաստումի խորհուրդներու մասին, աւարտելէ ետք Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի մասին խորհրդածութիւններու շարքը, խօսքը կեդրոնացուց Դրոշմի Սուրբ խորհուրդի մասին։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Պապը, Սուրբ Մկրտութեան մասին խորհրդածութիւններէ ետք, Պենտեկոստէն յաջորդող այս օրերը մեզ կը հրաւիրեն խորհելու այն վկայութեան մասին որ Սուրբ Հոգին կը յառաջացնէ մկրտեալներուն մէջ, շարժումի մէջ դնելով անոնց կեանքը ու զայն բանալով ուրիշներու բարիքին։

Յիսուս իր աշակերտներուն տուաւ մեծ առաքելութիւն մը. Դուք երկրի աղն էք։ Դուք լոյսն էք աշխարհի։ (Մատթ. 5, 13-16)։» Այս պատկերները մեզ խորհիլ կու տան մեր վարուելակերպի մասին, որովհետեւ ինչպէս գիտենք՝ ըլլայ աղի պակասը կամ անոր առատութիւնը կարող են կերակուրի համը փոխել, ինչպէս նաեւ լոյսին պակասը կամ անոր չափազանցութիւնը արգելք են տեսողութեան։

«Քրիստոսի Հոգին է  որ կարող է մեզ համ տուող աղի վերածել ու աշխարհը լուսաւորող լոյս դարձնել։ Ու այս պարգեւը կ՛ընդունինք Դրոշմի Սուրբ Խորհուրդով, որուն մասին պիտի խորհրդածեմ այսօր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց թէ «դրոշմ» անուանուած է որովհետեւ այդ խորհուրդը կը հաստատէ Մկրտութիւնը ու կը զօրացնէ անոր շնորհքը։ Նոյնպէս ալ օծումը որ լուսաբանութիւնն է քրիստոնեայ բառին, այսինքն օծեալ, կը բացայայտէ Սուրբ Հոգւոյն ընկալումը օծուած իւղի՝ միւռոնի միջոցաւ։

«Յիսուս եւս բոլոր կեանքի ընթացքին ոգեւորուեցաւ Սուրբ Հոգիով, նոյնպէս Եկեղեցւոյ ու անոր ամէն մէկ անդամի կեանքը կը գտնուի Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեան տակ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու  մատնանշեց Յիսուսին՝ որ Յորդանան գետնի մէջ մկրտուելէ  ու այնտեղ Սուրբ Հոգիէն օծուելէ ետք սկիզբ տուաւ իր առաքելութեան։ Յիսուս ապա Նազարէթի մէջ բացայայտօրէն յայտարարեց. «Տիրոջ Հոգին իմ վրաս է. որովհետեւ օծեց զիս ու ղրկեց՝ կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու եւ աղքատներուն աւետարանելու» (Ղուկ. 4,18)։

«Յիսուս լի է Սուրբ Հոգիով եւ Ան Հօր խոստումին աղբիւրն է» ըսաւ ապա Քահանայապետը, մատնանշելով Յիսուսին աշակերտներուն տուած խոստումին «պիտի ընդունիք սուրբ Հոգին» ապա այդ խոտումին իրականացումին երբ՝ Պենտեկոստէի օրը Աստուծոյ Հոգին իջաւ առաքեալներուն վրայ։

Յարուցեալ Քրիստոսին «շունչը» Եկեղեցւոյ թոքերը կը լեցնէ կեանքով, ու աշակերտները լիացած Սուրբ Հոգիով կը բացուին աշխարհին ու կը հռչակեն Աստուծոյ սքանչելիքը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիել տալով թէ «Պենտեկոստէն եկեղեցւոյ համար կը նմանի այն օծումին զոր Յիսուս ընդունեց Յորդանանի մէջ, այսինքն այդ միսիոներական զարկերակին՝ կեանքը նուիրելու մարդոց սրբութեան եւ Աստուծոյ փառքին համար»  յարեց ապա Քահանայապետը ու հաստատեց թէ «Եթէ Սուրբ Մկրտութեան մէջ Սուրբ Հոգին է որ մեզ կը մխրճէ Քրիստոսին մէջ, Դրոշմի խորհուրդին մէջ Քրիստոսն է որ մեզ կը լիացնէ Սուրբ Հոգիով, մեզ օծելով որպէս վկաներ, մասնակից կեանքի ու առաքելութեան նոյն սկզբունքին, Երկնային Հօր ծրագրին համաձայն։  

Նորին Սրբութիւնը, խորհրդածութեան աւարտին,  հաստատեց թէ  «Եթէ կատարենք Հոգիին գործերը, եթէ մենք արտասանենք Անոր մեզի սորվեցուցած խօսքերը, մենք ընկալած կ՛ըլլանք Սուրբ Հոգիին շնորհքները, ու շեշտեց «Քրիստոնէական վկայութիւնը կը կայանայ Սուրբ Հոգիին ու Քրիստոսի խնդրանքները կատարելու մէջ, որնոք մեզի կը պարգեւեն այդ գործերը կատարելու ուժն ու գորովը»։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետ զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, ապա յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները ըսելով «Տիրամօր յատուկ օրէն կը յանձնեմ երիտասարդները, տարեցները, հիւանդներն ու նորապսակները որ այսօր հոս ներկայ են։ Բոլորը կը խրախուսուեմ այս Մայիս ամսուայ ընթացքին, արժեւորելու Սուրբ Վարդարանի աղօթքը։

Հայցենք Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի Տէրը պարգեւէ իր խաղաղութիւնն ու ողորմութիւնը Եկեղեցւոյ ու համայն աշխարհի» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով հրապարակային ունկնդրութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2018, 10:41