Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետին Աղօթքի հրաւէրը՝ Չինաստանի կաթողիկէներուն համար։

Անոնց համար աղօթենք Տիրամայրը, որպէսզի կարողանան իրենց հաւատքը ապրիլ վեհանձնութեամբ ու անդորրութեամբ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 23 մայիսի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրաւէր ուղղեց համայն  հաւատացեալներուն միանալու  Չինաստանի իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն ու աղօթելու անոնց համար։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ ըսաւ.

Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը աղօթելու Չինաստանի կաթողիկէներուն համար

«Վաղը՝ 24 մայիս 2018-ին, կր յիշատակուի «օգնական քրիստոնէից» Սուրբ Կոյս Մարիամի տարեկան տօնը, որ յատուկ պաշտամունքի կ՛արժանանայ Չինաստանի Շանկայի Շեշան սրբավայրին մէջ։ Սոյն տօնակատարութիւնը մեզ կը հրաւիրէ հոգեպէս միցած ըլլալու Չինաստանի մէջ ապրող բոլոր կաթողիկէ հաւատացեալներուն հետ։ Անոնց համար աղօթենք Տիրամայրը, որպէսզի կարողանան իրենց հաւատքը ապրիլ վեհանձնութեամբ ու անդորրութեամբ եւ որպէսզի գիտնան եղբայրութեան, հաշտութեան եւ համերաշխութեան գործնական արարքներ իրականացնել, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ լիակատար հաղորդութեան մէջ։

Քահանայապետը ապա խօսքը ուղղելով Չինաստանի կաթողիկէ հաւատացեալներուն աւելցուց.«Սիրելի Չինաստանի  Տիրոջ աշակերտներ, տիեզերական եկեղեցին կ՛աղօթէ ձեզի համար ու ձեր հետ, որպէսզի նոյնիսկ դժուարութիւններուն մէջ կարողանաք շարունակել վստահիլ եւ ապաւինիլ  Աստուծոյ կամքին։ Տիրամայրը երբեք պիտի չի պակսեցնէ իր օգնութիւնը ու ձեզ պիտի պահպանէ իր մայրական սիրով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2018, 11:20