Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Պատերազմը պատերազմ կը յառաջացնէ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Դարձալ կը շեշտեմ թէ բռնութեան գործադրումը երբեք խաղաղութեան չի տանիր։ Պատերազմը Պատերազմ կը յառաջանցէ, ու բռնութիւնը բռնութիւն:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 16 մայիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, կոչ ուղղելով Միջին Արեւելքի ու Սուրբ Երկրի մէջ՝ երկխօսութեան ու բանակցութեան ճանապարհով խաղաղութեան հաստատումին համար ըսաւ. «Մեծապէս մտահոգուած եմ, Սուրբ Երկրի եւ Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութիւններու սրութեան ու բռնութեան ալիքին համար, որոնք միշտ աւելիով կը հեռացնեն խաղաղութեան, երկխօսութեան ու բանակցութիւններու ճանապարհը։

Մեծ ցաւ կ՛արտայայտեմ մեռեալներուն ու վիրաւորներուն համար եւ աղօթքով ու գորովով մօտ եմ բոլոր տառապողներուն։ Դարձեալ կը շեշտեմ թէ բռնութեան գործադրումը երբեք խաղաղութեան չի տանիր։ Պատերազմը Պատերազմ կը յառաջանցէ, ու բռնութիւնը բռնութիւն» յարեց Սրբազան Պապը ու հրաւէր ուղղեց բոլոր կողմներուն ու նաեւ միջազգային հասարակութեան, վերանորոգելու յանձնառումը՝ որպէսզի գերիշխէ երկխօսութիւնը, արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ բոլոր հաւատացեալները հրաւիրեց հայցելու Խաղաղութեան Տիրամօր բարեխօսութիւնը միասնաբար արտասանելով «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը, որմէ ետք յատուկ շնորհաւորութեան խօսք ուղղեց Իսլամական Աշխարհին՝ Ռամատանի տօնին առթիւ, որ կը սկսի վաղը, յոյս յայտնելով որ այդ աղօթքի ու ծոմապահութեան ժամանակահատուածը օժանդակէ՝ քալելու համար Աստուծոյ ճանպահին վրայ, որ է խաղաղութեան ճանապարհը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։


 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2018, 10:08