Որոնել

Փալերմօ քաղաքի մայր տաճարը Փալերմօ քաղաքի մայր տաճարը 

Ֆրանչիսկոս Պապին Փալերմօ եւ Փիացցա Արմերինա թեմերու հովուական այցի յայտագիրը:

Նորին Սրբութիւնը յառաջիկայ 15 սեպտեմբեր 2018-ին, կ՝այցելէ Փալերմօ եւ Փիացցա Արմերինա թեմերը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 15 սեպտեմբեր 2018-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հովուական այցելութիւն կը կատարէ Սիկիլիոյ կղզիին Փալերմօ եւ Փիցցա Տի Արմերինա երկու թեմերուն՝ երանելի Փինօ Փուլյիզիի մահուան 25-րդ տարեդարձին առիթով:

Նորին Սրբութեան վերոյիշեալ միօրեայ ճամբորդութեան օրակարգը հետեւեալն է .

Շաբաթ, 15 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 6,30-ին Նորին Սրբութիւնը ինքնաշարժով կը փոխադրուի Տոմուս Սանթա Մարթա բնակարանէն դէպի Չամբփինօ միջազգային օդակայան, ուր ժամը 7,00ին, զինք փոխադրող օդանաւը թռիչք կ՝առնէ դէպի Քաթանիա քաղաքի միջազգային օդակայան:

50 վայրկեան տեւող ճանապարհորդութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կը կատարէ Ֆոնթանա Ռոսսա օդակայան, ուտեղէն Սրբազան Քահանայապետը ինքնաթիռով կը փոխադրուի Էննա մարզի Փիացցա Արմերինա քաղաքի Սան Իփփոլիթօ անուան մարզադաշտ, ուր կը դիմաւորուի Փիացցա Արմերինա թեմի եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Ռոզարիօ Կիզանայի, Էննա մարզի կառավարիչ Տիկին Մարիա Ռիթա Լեոնարտիի եւ Փիացցա Արմերինա քաղաքաղաքապետ Տիար Ֆիլիփփօ Միրոտիի կողմէ:

Բարի գալուստի արարողութենէն ետք ժամը 09,00ին, Փիացցա Արմերնինա քաղաքի Եւրոպա անուան հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի հաւատացեալներուն անոնց ուղղելով իր սրտի խօսքը, որուն վերջաւորութեան Ան կը փոխադրուի Սան Իփփոլիթօ մարզադաշտ ուր զինք դիմաւորող քաղաքական եւ եկեղեցական անձնաւորութիւններէն հրաժեշտ առնելէ ետք ինքնաթիռով կը մեկնի Փալերմօ քաղաք :

Փալերմօ ժամանումին ֆրանչիկսոս Պապ կը դիմաւորուի Փալերմօ թեմին Արքեպիսկոպոսը ՝Գերապայծառ Քորրատօ Լորեֆիչէ, Սիկիլիոյ մարզի նախագահը Տիար Նելլօ Մուզումէչի, Փալերմօ Քաղաքին կառավարիչ Տիկին Անթոնելլա Տէ Միրօ- ինչպէս նաեւ Փալերմօ Քաղաքի քաղաքապետ Տիար Լէոլուքա Օրլանտօ:

Բարի գալուստի պաշտօնական ընդունելութենէն ետք, ժամը 11,00-ին ֆրանչիսկոս Պապ քաղաքին մարզադաշտին մէջ կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան՝ նուիրուած երանելի Փինօ Փուլյիզիին, ներկաներուն փոխանցելով իր սրտին խօսքը:

Սուրբ Պատարագի արարողութենէն ետք՝ ժամ 1,30ին , ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ «յոյսի եւ սիրոյ առաքելութիւն» անուան հասարակութիւնը, ուր կարգ մը բանտարկեալներու եւ գաղթականներուն հետ կը կիսէ նաեւ կէսօրուան ճաշը:

Յետմիջօրէին 3,00-ին, Սրբազան Հայրը առանձնական այցելութիւն կը կատարէ Պրաննաչչի շրջանին մէջ գտնուող Սան Կաէլանօ ժողովրդապետութեան ,այցելելով նաեւ երանելի Փինօ Փույլիզիի բնակարանը: Ապա՝ Փալերմօ քաղաքի մայր տաճարին մէջ Սրբազան Քահանայապետ կը հանդիպի կղերական դասին, կրօնաւորներուն եւ նորընծաներուն հետ անոնց եւս փոխանցելով իր պատգամը:

Ֆրանչիսկոս Պապի Փալերմօ քաղաքի հովուական այցելութիւնը վերջ կը գտնէ ժամը 5,00-ին, Փոլիթէամա հրապարակին վրայ երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումով, որմէ ետք Ան Փալերմօ քաղաքի օդակայանէն թռիչքով վերադարձ կը կատարէ Չիամբինօ ապա Վատիկան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2018, 09:38