Որոնել

Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետ 

«Յովհաննէս ԻԳ տիպար Աւետարանի մաքուր բոյրին» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Մարդ մը՝ Սուրբ մը, որ չէր գիտեր թշնամի բառը եւ որ միշտ կը փնտռէր այն ինչ որ կը միացնէ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

24 մայիսէն մինչեւ 10 յունիս 2018-ին, Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետի աճիւնները Վատիկանէն  փոխադրուեցան անոր ծննդավայր՝ Սոթթօ Իլ Մոնթէ, երջանկայիշատակ սուրբ Քահանայապետի Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրուելուն 60-րդ (28 հոկտեմբեր 1958) եւ «Pacem in terris – խաղաղութիւն երկրի վրայ» շրջաբերականի հրատարակման  (11 ապրիլ 1963) ու Քահանայապետի մահուան  (3 յունիս 1963) 50-րդ տարեդարձին առիթներով։

«Eco di Bergamo» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, որ լոս տեսաւ 24 մայիսին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բացատրեց այդ «ուխտագնացութեան» դրդապատճառները, մատնանշելով նաեւ ժամանակակից աշխարհի մէջ Եկեղեցւոյ առաքելութեան։

«Մարդ մը՝ Սուրբ մը որ չէր գիտեր թշնամի բառը եւ որ միշտ կը փնտռէր այն ինչ որ կը միացնէ, այն գիտակցութեամբ թէ Եկեղեցին կանչուած է ծառայելու մարդուն՝որպէս մարդ, առ այդ ոչ միայն կաթողիկէներուն»։ Այս ծիրէն ներս Անոր համոզումն էր՝ պաշտպանել ամէնէն առաջ ու ամենուրէք մարդ անհատի իրաւունքը եւ ոչ միայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրաւունքները»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ, Անոր աճիւններու անոր ծննդավայր՝ Պերկամոյի Թեմին Սոթթօ Իլ Մոնթէ գիւղ ժամանակաւոր փոխադրութեան առիթով, դիտել տալով թէ այդ որոշումը «պարգեւ ու առիթ է՝ հաւատքի նոր ուղեւորութեան մը, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք կարելիութիւնը չունին Հռոմը այցելելու, կարողանան աղօթել Սուրբին դամբանին վրայ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ հարցազրոյցի ընթացքին բացայայտեց նաեւ թէ քրիստոնէութիւնը փիլիսոփայութիւն մը կամ բարոյական կեցուածք մը չէ, այլ «հանդիպում է Յիսուս Քրիստոսի հետ» որ կը գտնուի մեր եղբայրներու ու քոյրերու մէջ։  Քրիստոնէութիւնը ուղեւորութիւն մըն է դէպի Աւետարանին սիրտը, զգալու համար «Աւետարանի մաքուր բոյրը». Հացը բաժնեկցել է աղքատին հետ, հիւանդները դարմանել է, մօտիկ ըլլալ է ծերունիին, այնպէս ինչպէս ըրաւ Անճելօ Ճուզեփփէ Ռոնքալլի՝ Յովհաննէս ԻԳ Պապը, որուն կեանքն ու պատմութիւնը յատկանշուեցան «մօտիկութեան արարքներով» տառապողին ու  կարիքաւորին նկատմամբ, անկախ դաւանանքէն ու կրօնէն։

«Միւս կողմէ այս է նաեւ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը», ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապ, դուրս ելլել ու վկայել Աւետարանի գեղեցկութիւնը՝ շարունակելով Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ակնարկեց ժամանակակից  աշխարհը յուզող հարցերուն, որոնցմէ առաջինը նկատեց գաղթականութեան երեւոյթը ու անոնց հիւրընկալութեան հարցը, այս ուղղութեամբ հրաւիրելով գործել որպէսզի ստեղծուի նոր մշակոյթ մը, նոր մտածելակերպ մը ու նոր սերունդը դաստիարակել մտածելու թէ «իրենք կը պատկանին մարդկային միակ ու մէկ ընտանիքի, «առանց սահմանի հասարակութիւն մը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտեց եկեղեցւոյ ներքոյ հաղորդութիւնը ապրելու հարկաւորութիւնը ու  ճշմարտութեան ուղիով գործելու կարեւորութիւնը, ապա ակնարկելով երջանկայիշատակ քահանայապետի «Pacem in terris»  շրջաբերականին հաստատեց թէ անոր մէջ պարունակուած խաղաղութեան առաջարկը մշտնջենական յանձնառում է։

Եկեղեցւոյ պարտականութիւնը կառավարութիւններ փոխել չէ այլ «կառավարիչներու խղճին մէջ ներմուծելն է Աւետարանի տրամաբանութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով գերազանցել անհատականութեան, եսասիրութեան, խմբային շահերու որեւէ տիպար, եւ ի վերջոյ ընդգծեց թէ «Եկեղեցին ու ընկերութիւնը պէտք ունին երիտասարդներուն, ու թէ ասոր համար է որ եպիսկոպոսներու յաջորդ սիւնհոդոսը նուիրուած է անոնց ու անոնց դիմագրաւած հարցերուն, ապա պատասխանելով ահաբեկչութեան մասին մէկ հարցումին Սրբազան Քահանայապետը սխալ նկատեց  ահաբեկչութիւն հաւասար է  իսլամութեան դիտարկումը,  մինչ ակնարկելով Արեւմուտքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան կոչ ուղղեց վերադարձ կատարելու արմատներուն՝ Աւետարանին, եղբայրսիրութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան պատգամին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2018, 12:11