Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Նէոքաթեքումենալ շարժումի անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Նէոքաթեքումենալ շարժումի անդամներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Նէոքաթեքումենալ շարժումին. «Գացէք, աշակերտեցէք բոլոր ազգերը»։

Առաքելութիւն կը նշանակէ պարգեւել այն ինչ որ ընդունեցանք, կը նշանակէ կատարել Յիսուսին հրահանգը «գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Նէոքաթեքումենալ շարժումի հիմնադրութեան 50-րդ ամեակին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Շաբաթ 5 մայիս 2018-ի առաւօտեան, Հռոմի Թոր Վերկաթա շրջանին մէջ գլխաւորեց շարժումի 50-րդ Յոբելենական տօնակատարութիւնը եւ այս առթիւ շարժումի անդամներուն ուղղեց ճառ մը որուն սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց անոնց հետ հանդիպելուն համար, ապա գոհութիւն մատուցեց Աստուծոյ եւ շնորհակալ եղաւ բոլոր ներկաներուն՝ Աստուծոյ կոչին «այո» համապատասխանելուն համար, ընդունելով ապրիլ Աւետարանը եւ աւետարանել։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Շարժումի հիմնադիրներուն ու շեշտը դրաւ  «յիսուն» թուին վրայ ակնարկելով նաեւ Սուրբ գրային ընթերցումներուն ու ի մէջ այլոց մատնանշելով թէ ինչպէս Աստուծոյ հոգին՝ Յիսուսի Յարութենէն 50 օրեր ետք,  կ՛իջնէ աշակերտներուն վրայ։

Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները շնորհակալութիւն յայտնելու Տիրոջ որ շարժումի ուղեւորութեան ընթացքին իրենց ցոյց տուաւ ուղին՝ վերագտնելու Անոր գթասիրտ Հօր սէրը ու հաստատեց թէ շատ գեղեցիկ է շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ, Անոր սիրոյն ու հաւատարմութեան համար, մեզի պարգեւած շնորհքներուն ու բարիքներուն համար, ապա խօսքը ուղղելով անոնց որոնք պիտի մեկնին «աւետարանելու առաքելութեան» ըսաւ «Աւետարանութիւնը Եկեղեցւոյ առաքելութեան առաջնահերթութիւն է։

Առաքելութիւն կը նշանակէ ձայն տալ Աստուծոյ հաւատարիմ սիրոյն,   հռչակել Տէրը՝ որ մեզ կը սիրէ եւ մեզմէ երբեք չի յոգնիր, նոյնիսկ երբ մենք յոգնած ու բեռնաւորուած ենք։ Առաքելութիւն կը նշանակէ պարգեւել այն ինչ որ ընդունեցանք, կը նշանակէ կատարել Յիսուսին հրահանգը «գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը» յարեց Սրբազան Պապը ու մեկնաբանեց Յիսուսին սոյն խօսքերը - ըսելով. Գացէք։ Առաքելութիւնը կը պահանջէ մեկնում, թէեւ կեանքի մէջ միշտ ալ զօրաւոր է մնալու փորձութիւնը, ու գոհանալու մեր ունեցածով։ Յիսուսին ճանապարհը սակայն «երթալ» է, յարեց Սրբազան Պապը, Անոր զօրեղ կոչը «գացէք» է, յստակ հրաւէր մը՝ ըլլալու միշտ «դէպի դուրս», ուխտաւորներ աշխարհի մը մէջ որ կը փնտռէ եղբայրը եւ որ տակաւին չի ճանչնար Աստուծոյ սիրոյ ուրախութիւնը, ըսաւ Քահանայապետը ու թուեց այդ «երթալու» պայմանները որ կը կայանայ Տիրոջ վրայ վստահութիւն ունենալու մէջ։
Արդարեւ «մեկնելու» համար պէտք ըլլանք թեթեւ եւ ոչ թէ ծանրաբեռնեցուած այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Իսրայէլի ժողովուրդին երբ Եգիպտոսէն ելան ու իրենց հետ տարին միայն անհրաժեշտը։
«Հռչակելու համար հարկաւոր է նաեւ հրաժարիլ, ըսաւ ապա Քահանայապետը, հաստատելով թէ միայն կեղեցի մը որ գիտէ հրաժարիլ աշխարհէն կարող է լաւապէս հռչակել Տէրը։ Եւ անոնք որոնք Տիրոջ սիրոյն համար կը հրաժարին անցողական բաներէն կը գտնեն ամենամեծ գանձը՝ ազատութիւնը»։

«Գացէք» բառը առաքելութեան բայն է, ու բայը հոլովուած է յոգնակիով, շարունակեց Նորին Սրբութիւնը - Տէրը արդարեւ չըսեր՝ դուն գնա, այլ գացէք, միասին, որովհետեւ առաքելութիւնը իր գագաթնակէտը կը գնտէ միասնաբար ուղեւորութեան մէջ ու հարկաւոր է սորվիլ քալել միասին, յարգելով միւսին ընթացքը, միացած՝ որպէս Եկեղեցի մը։ «Մենք ուխտաւորներ ենք որ եղբայրներու ընկերակցութեամբ կ՛ընկերակցինք այլ եղբայրներու» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը յանձնարարելով միշտ յարգել միւսին ուղեւորութիւնը, ապա մատնանշեց Յիսուսին երկրորդ հրահանգին. «աշակերտեցէք», դիտել տալով թէ ահա այս է առաքելութիւնը «աշակերտել» որ կը նշանակէ ուրիշներուն հետ բաժնեկցիլ մեր ընդունած պարգեւը, այդ սիրոյ հանդիպումը որ կարող է կանքը փոխակերպել։ Ասիկա առաքելութեան սիրտն է՝ վկայել Աստուած, որ մեզ կը սիրէ եւ որուն հետ կարելի է իսկական սէրը՝ որ կը մղէ կեանքի զոհաբերումին։

Առաքելութիւն կը նշանակէ աշակերտ դառնալ Յիսուսին՝ Անոր նոր աշակերտներուն հետ, որ չի նշանակեր «մարդորսութիւն» կատարել,  ըսաւ Քահանայապետը շեշտելով թէ այդ առաքելութեան «պատգամը» ըլլալու է՝ վկայութիւն ու ծառայութեան քաջութիւն։

«Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը», Յիսուսին սոյն հրահանգը չի բացառեր եւ ոչ մէկը, որովհետեւ բոլորս ալ սիրուած ենք միեւնոյն սիրով, որպէս Աստուծոյ զաւակներ, ու եկեղեցւոյ առաքեալները՝ նման ծնողքի մը, սիրելու են բոլոր իրենց զաւակները հաւասարապէս, անոնց նայելով «սրտի» աչքերով,  դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորելով ներկաները «այդ հոգիով մեկնիլ առաքելութեան, ըլլալ ոգեւորուած մարդկայնութեամբ, բոլորին ուրախութեան համագործակիցներ, սիրել ազգերու մշակոյթներն ու աւանդութիւնները,  յարգելով զանոնք, ու չի հիմնուիլ տեսութիւններու վրայ այլ իսկական իրավիճակներու վրայ, որովհետեւ Սուրբ Հոգին՝ Ինք պիտի ձեւաւորէ այդ հռչակումը, իր ժամանակներու եւ իր ձեւերու միջոցաւ, որովհետեւ Եկեղեցի կ՛աճի Անոր պատկերին համաձայն՝ միացած ազգերու, պարգեւներու ու շնորհապարգեւներու  տարբերութիւններուն մէջ»  ըսաւ  Սրբազան Քահանայապետը ու պատգամին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Տիրոջ այս 50 ամեակին առթիւ ու հրաւիրեց ներկաները միշտ վստահութիւն ունենալ Աստուծոյ հաւատարմութեան վրայ, որովհետեւ Ան՝ զիրենք պիտի պահպանէ ու պիտի խրախուսէ՝ երթալու որպէս սիրելի աշակերտներ, դէպի բոլոր ազգերը՝ հեզ պարզութեամբ։

Ձեզ կը քաջալերեմ ու ձեզի կ՛ընկերանամ,  յառաջ ընթացէք ու բարեհաճեցէք չի մոռնալ աղօթել ինծի համար, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2018, 12:31