Թոր Վերկաթայի տարածքը Թոր Վերկաթայի տարածքը 

Ֆրանչիսկոս Պապ կը մասնակցի Նէոքաթեքումենալներու 50րդ յոբելեանի տօնախմբութեան։

Նէոքաթեքումենալ շարժումը՝ պտուղն է Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին։ Անոր հիմնադիրները եղած են Քիքօ Արկելլօ եւ Քարմեն Հերնանտէզը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 5 մայիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  իր գրասենեակին մէջ ընդունելէ ետք Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Մարք Ուելլէն, ժամը 10.30-ին Վատիկանէն մեկնելով ուղղուեցաւ Հռոմի «Թոր Վերկաթա» շրջան ուր համալսարանական համալիրին մէջ Նէոքաթեքումենալ եկեղեցական շարժումը կը տօնախմբէ իր սկզբնաւորութեան  50-րդ ամեակը։

Սրբազան Քահանայապետը Թոր Վերկաթա ժամանեց 11-ին ուր սկիզբ առաւ տօնախմբութեան ծիսակատարութիւնը, Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսքով, ապա Շարժուի հիմնադիր՝ Քիքօ Արկելլոյի զեկոյցով, որուն յաջորդեց «ես եկած եմ միացնելու» Սուրբ Հոգւոյն նուիրուած տաղը, Աւետարանի ընթերցումը քաղուած Մատթէոս Աւետարանիչէն (գլ 28 16-20), հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը։

Պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ խաչերու օրհնութիւնը ու այդ խաչերուն  յանձնումը Հռոմի արուարձաններ ու աշխարհի այլ վայրեր առաքելութեամբ մեկնող «առաքելութիւններու» պատասխանատուներուն։

Հաւաքի աւարտին  «Երգ Գոհութենէ» ու Հայր մեր աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ բոլոր ներկաներուն կը շնորհէ իր առաքելական օրհնութիւնը։

Նէոքաթեքումենալ շարժումը՝ պտուղն է Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին։ Անոր հիմնադիրները եղած են Քիքօ Արկելլօ եւ Քարմեն Հերնանտէզը։ Ան աշխարհի մէջ ունի 21.300 հասարակութիւններ։ Շարժումի ստեղծումին շարժառիթը եղած է ՝ Մատրիտի արուարձանի «Palomeras Altas» աղքատ միջավայրը եւ Քիքօ Արկելլոյի ապրած գոյութենական տագնապը, որուն հետեւանքով ան անմեղներու տառապանքներուն մէջ կը գտնէ խաչուած Քրիստոսին խորհուրդը եւ հետեւելով Շարլ Տը Ֆուքոյի հետքերուն, կը սկսի ապրիլ «Palomeras Altas» աղքատներու հետ միասին։ Քարմն Հերնանտէսը եւս՝ մղուած ներքին կոչումէն, ժամանակ մը ապրելէ ետք Իսրայէլի սուրբ վայրերուն մէջ, կը վերադառնայ Մատրիտ ու  «Palomeras Altas»ի մէջ կը ճանչնայ  Քիրօ Արկելլոն ու կը սկսին միասին աշխատիլ։

Թոր Վերկաթայի համալսարանական համալիրը ընտրուած է ի պատիւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին որ իր Քահանայպետութեան 26 տարներուն ընթացքին միշտ թիկունք եղած է շարժումին եւ որ 2000-ի Յոբելենական տարւոյն առթիւ, ճիշդ այդ վայրին մէջ, գլխաւորած էր Երիտասարդութեան Համաշխարհային հաւաքը։

Վերոնշեալ հանդիպումի ընթացքին յատուկ յիշատակութիւն կը կատարուի Քարմեն Հերնանտէզի յիշատակին, որ 2016-ի Յուլիս 19-ին կնքած է իր մահկանացուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2018, 10:43