Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին 22 ապրիլի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Սրբազան Պապը մտահոգութիւն յայտնեց Նիքարակուայի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցած անցուդարձներուն եւ իր աղօթքները ապահովեցնելով միացաւ Երկրի եպիսկոպոսներուn կոչին՝ դադրեցնելու համար բռնութիւնները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 ապրիլ 2018-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ նախագահած Քահանայական ձեռնադրութեան արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց «Ողջ Լեր Թագուհի» մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը, մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, ուր Յիսուս կը հաստատէ «Ես եմ բարի Հովիւը։ Բարի Հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար»։ 

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուս իր կեանքը տալով մեզմէ իւրաքանչիւրիս, մեզի կը պատգամէ «քու կեանքդ մեծ արժէք ունի ինծի համար, ու այդ կեանքը փրկելու համար ես իմ անձս կը նուիրեմ»։ Ահա իր այս Բարի Հովիւի արարքով է որ Յիսուս մեզ կը փրկէ, կը բուժէ, ու մեզի թոյլ կու տայ ապրիլ գեղեցիկ եւ պտղաբեր կեանք մը» հաստատեց Ֆրանչիսոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով աւետարանական հատուածի երկրորդ մասին ուր Յիսուս կը բացայայտէ  իր զոհաբերումին արժանանալու պայմանները։ «Ես եմ բարի հովիւը, կը ճանչնամ իմ ոչխարներս եւ ոչխարներս զիս կը ճանչնան, այնպէս ինչպէս Հայրը կը ճանչնայ զիս ու ես կը ճանչնամ հայրը»։

«Յիսուս կը խօսի անձնական յարաբերութեան մը մասին» հաստատեց նորին Սրբութիւնը, սիրոյ՝ մտերմիկ յարաբերութիւն մը, որուն միջոցաւ կենդանի կը դառնայ մեր կապը Յիսուսին հետ։ Ան արդարեւ մեզ կը ճանչնայ լաւապէս. Կը ճանչնայ մեր սրտին խորքը. Մեր դերութիւններն ու մեր արժանիքները, ու մեզ կ՛առաջնորդէ իր սիրով՝ որպէսզի կարողանանք քալել դժուար ճամբաներու վրայ, առանց որ կորուսի մատնուինք։ Ասոր համար մենք կանչուած ենք մեր կարգին լաւապէս ճանչնալ  Յիսուսը, յարեց Սրբազան Քահանայապետը քաջալերելով հաւատացեալները այդ հանդիպումը դարձնելու յաճախակի, որպէսզի մեր հասարակութիւններուն մէջ չի պակսի Անոր ձայնը ու շարունակենք հետեւիլ Անոր, «ապա թէ ոչ նովին գործով անխուսափելի կը դառնայ մտածել եւ ապրիլ այնպիսի ձեւերով՝ որոնք չեն համապատասխաներ Աւետարանի ապրումին» ըսաւ Սրբազան Պապը խորհրդածութեան աւարտին, հուսկ հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը ապա արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը որմէ ետք խօսքը ուղղելով հրապարակին վրայ համախմբուած բազմահազար ուխտաւորներուն մտահոգութիւն յայտնեց Նիքարակուայի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցած անցուդարձներուն համար, «ուր բախումներու հետեւանքով կան մի քանի զոհեր» ըսաւ Քահանայապետը ու իր աղօթքները ապահովեցնելով՝ մօտիկութիւն արտայայտեց այդ սիրեցեալ Երկրին, ու միացաւ  Երկրի եպիսկոպոսներու կոչին ՝  դադրեցնելու համար  բռնութիւններն ու արիւնահեղութիւնը, եւ հարցերը լուծելու խաղաղ կերպով ու պատասխանատուութեամբ։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա այսօր նշուող Քահանայական կոչումներու համաշխարհային օրուան ու այդ օրուան բնաբանին «Ունկնդրել, զատորոշել ե ապրիլ Տիրոջ կոչումը», գոհութիւն մատուցելով Աստուծոյ որ կը շարունակէ յարուցել նոր կոչումներ,  յատկապէս այսօր ձեռնադրուած 16 քահանաներուն համար, ապա հրաւիրեց հաւատացեալները շարունակել Տիրոջմէ հայցել որ մշակներ ուղարկէ իր այգիին համար ու բազմապատկէ կոչումները։ Ան ապա հրաւիրեց 16 ձեռնադրեալ քահանաներէն չորսը՝ իր հետ միասին օրհնելու հաւատացեալները։ Սրբազան Հայրը հուսկ ողջունեց  տարբեր վայրերէ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը, հուսկ  բոլորին մաղթեց բարի կիրակի, ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2018, 13:07