Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Հռոմի Քորվիալէ շրջանի մէջ գտնուող «Խաչի Ս Պօղոս» ժողովրդապետութեան։

«Քորվիալէ շրջանը Քահանայապետը կը սպասէ ու Անոր հետ կը սպասէ յոյսն ու ուժը յուսալ շարունակելու»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 15 ապրիլ 2018-ի յետմիջօրէին, Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի արուարձաններու մէջ գտնուող «San Paolo della Croce – Խաչի Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ։

Սոյն այցելութեան առիթով, եկեղեցւոյ ժողովրդապետ« Հայր Ռոպերթօ Քասսանօ յայտնեց թէ «մեծ յուզմունքով  ու սրտի տրոփումով կը սպասենք Սրբազան Քահանայապետի ժամանումը,  այն յոյսով որ Անորմէ ընդունինք մխիթարական խօսքեր»։

«Քորվիալէ շրջանը Քահանայապետը կը սպասէ ու Անոր հետ կը սպասէ յոյսն ու ուժը յուսալ շարունակելու» ընդգծեց Հայր Ռոպերթոն որ երկու տարի առաջ ստանձնած էր  ժողովրդապետի պաշտօնը, այնպիսի շրջանի մը մէջ որ շատերէն մորացուած է ու յաճախ նկատուած որպէս «վատ վայր մը», «թէեւ այս մէկը իրականութեան չի համապատասխաներ», ըսած է Ժողովրդապետը ակնարկելով այդ շրջանի աղքատ իրավիճակին ու ծրագիրներու իրականացման պակասին։

Հայր Ռոպերթօ ապա նշած է թէ տակաւին կարելիութիւնը չէ ունեցած ճառը պատրաստելու որովհետեւ Քահանայապետի ընդունելութեան նախապատրաստական աշխատանքներով զբաղած է.  «Բայց եւ այնպէս, աւելուց Ան, շաբաթ երեկոյեան պիտի ամփոփուիմ Սուրբ Հաղորդութեան դիմաց, այնտեղ գտնելու համար յարմար բառերը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2018, 12:11