Որոնել

2018-04-14 Delegazione Villanova University Philadelphia 2018-04-14 Delegazione Villanova University Philadelphia 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆիլատելֆիայի Վիլլանովա համալսարանի պատուրակութիւն մը

Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հոոմի մէջ իրենց տարեկան հանդիպումի առիթով, Ֆիլատելֆիայի «Վիլլանովա» համալսարանի աւելի քան 70 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:

Վազգէն Աբարդեան Վատիկան

Շաբաթ, 14 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց  Հոոմի մէջ իրենց տարեկան հանդիպումի առիթով, Ֆիլատելֆիայի «Վիլլանովա» համալսարանի աւելի քան 70 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:

Ֆրանչիսկոս Պապի Ճառը Վիլլանովա համալսարանի պատուիրակութեան

Այս առթիւ արտասանած ողջոնի խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայր ներկաներուն մաղթեց, որ իրենց՝Հռոմ, յաւիտենական քաղաք  կատարած այցելութիւնը իւրաքանիչւրին համար հանդիսանայ  հոգեւոր վերնորոգումի առիթ, նկատել տալով որ «Վիլլանովա» համալսարանը Օգոստինեան դպրոցի ժառանգութիւն  է  հիմնուած է կաթողիկէ աւանդին հարստութիւնը փոխանցելու նոր սերունդ աշակերտներուն, որոնք ըսաւ Սրբազան Հայրը «երիստասարդ սուրբ Օգոստինոսին նման կը փնտռեն կեանքի արժէքն ու իսկական իմաստը» 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յոյս յայտնեց, որ «Վիլլանովա» համալսարանը իր առաքելութեան ծիրէն ներս յարատեւէ երիտասարդներուն հաղորդելու համամսարանի մտաւոր , հոգեւոր, բարոյական  արժանիքները, որպէսզի երիտասարդները իմաստութեամբ եւ պատասախանատուութեամբ կարենան  մասնակցիլ ՝ընկերութեան ապագայի կերտման ի սպաս յոյժ կարեւոր  բանակցութիւններուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց, որ համալսարանները իրենց բնութեամբ, կանչուած են երկխօսութեան, հանդիպումի աշխտանոցներ ըլլալու՝  ի սպաս ճշմարտութեան ծառայութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանման, քաջալերելով «Վիլլանովա» Կաթողիկէ հաստատութիւնը նպաստելու եկեղեցւոյ առաքելութեան մարդկային ընտանիքին հարազատ եւ համապարփակ աճումին խթանման գործընթացէն ներս:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2018, 12:27