Քահանայական Ձեռնադրութիւն Վատիկանի մէջ Քահանայական Ձեռնադրութիւն Վատիկանի մէջ 

Կոչումներու օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի մէջ ձեռնադրեց 16 նոր Քահանաներ։

«Ձեր աչքին առջեւ ունեցէք միշտ բարի Հովիւին օրինակը որ չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու ու գտնելու եւ փրկելու այն որ կորսուած է» յարեց Սրբազան Քահանայապետը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 ապրիլ 2018-ին, Քահանայական կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի մէջ գլխաւորեց Քահանայական ձեռնադրութեան արարողութեան սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին ձեռնադրեց 16 նոր քահանաներ որոնցմէ հինգը Հռոմի թեմի աւագ նորընծայարանի աշակերտներ են, վեցն Ռետեմթորիս Մաթեր թեմական նորընծայարանի աշակերտներ, իսկ չորսը «աշակերտներու ժողովուրդ» հաստատութեան  աշակերտներ ու մէկը Տոն Օրիոնէ միաբանութեան անդամ։

Նշենք թէ անցեալ դեկտեմբեր ամսոյն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակած էր կոչումներու օրուան հայող պատգամ մը որուն  բնաբանն է «Ունկնդրել, զատորոշել ու ապրիլ Տիրոջ կոչումը» որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը մատնանշած էր  յառաջիկայ 2018-ի հոկտեմբեր ամսոյն մէջ կայանալիք եպիսկոպոսներու 15-րդ սովորական սիւնհոդոսին որ նուիրուած է երիտասարդներուն ու յատկապէս անոնց հաւատքի ու կոչումի հետ յարաբերութեան եւ այս ուղղութեամբ հաստատած էր թէ «ամէն մէկ կոչումի տարբերութեան ու իւրայատկութեան մէջ հարկաւոր է ունկնդրել ու զատորոշել ու ապրիլ այն Խօսքը որ մեզ կը կոչէ ու մինչ մեզի թոյլ կու տայ մեր «քանքարները» կրկնապատկելու, մեզ դարձնէ գործիքներ աշխարհի փրկութեան համար ու մեզ կ՛ուղղէ դէպի երջանկութեան լիութիւնը»։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Քահանայապետը ապա պատգամին մէջ ընդգծած էր թէ «Այս երեք երեւոյթները՝ ունկնդրութիւն, զատորոշում ու կեանք, կը սահմանեն Յիսուսի առաքելութեան սկիզբը, երբ Ան աղօթքի ու ամփոփումի, ինչպէս նաեւ անապատի մէջ պայքարէն ետք, կը վերադառնայ Նազարէթ ու կ՛այցելէ հրեաներու տաճարը ուր կ՛ունկնդրէ Աստուծոյ Խօսքը, ապա կը զատորոշէ իրեն Հօրմէ յանձնուած առաքելութեան պարունակութիւնը ու կը յայտարարէ թէ Ինք եկած է զայն իրականացնելու այսօր (Ղուկաս 4, 16-21)։

Մինչ այսօր՝ 22 ապրիլի 2018-ի Քահանայական ձեռնադրութեան արարողութեան առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դրաւ Քահանայութեան խորհուրդին վրայ որպէս ծառայութիւն ու նուիրում։  

«Մեր Տէրը Յիսուս՝ նոր կտակարանի աւագ քահանան է» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու Անոր մէջ համայն Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդը դարձաւ քահանայական ժողովուրդ, ու Տէրը իր այդ աշկերտներու ընդմէջէն ուզեց յատուկէն ընտրել մի քանիները որպէսզի իր անունով մատակարարեն քահանայութիւնը, ի ծառայութիւն բոլոր մարդոց, ու նաեւ շարունակեն Իր առաքելութիւնը՝ որպէս վարդապետ, քահանայ եւ հովիւ։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա Յիսուսի խօսքերուն երբ առաքեց իր աշակերտները աւետարանելու համայն աշխարհը, հաստատելով թէ այդ առաքեալներու  յաջորդներն են եպիսկոպոսները որոնց համագործակիցներն են քահանաները ու բոլորը միասին կանչուած են ծառայելու Աստուծոյ ժողովուրդին։

«Այսօր այս մեր եղբայրները եւս պիտի նմանին Քրիստոսին՝ ու պիտի դառնան նոր կտակարանի իսկական քահանաներ, աւետարանը քարոզողներ ու Աստուծոյ ժողովուրդի հովիւներ, ու պիտի մատակարարեն խորհուրդները ու յատկապէս սուրբ պատարագը» ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքը ուղղելով նորօծ վարդապետներուն դիտել տուաւ թէ անոնք պիտի դառնան մասնակից Քրիստոսի առաքելութեան որ է միակ Վարդապետը, ու հրաւիրեց զանոնք բոլորին հաղորդել Աստուծոյ այն խօսքը որ իրենք ընդունեցան մեծ ուրախութեամբ ու յատկապէս յորդորեց երբեք չի յոգնիլ ողորմածութիւն ցուցաբերելէ. «Եղէք ողորմած, ըսաւ Սրբազան Պապը, մտածեցէք ձեր մեղքերուն ու ձեր թշուառութիւններուն՝ որ Յիսուս ներեց։ Եղէք ողորմած» կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու  քարոզը շարունակելով ըսաւ. «Կարդացէք ու մշտապէս խորհրդածեցէք Յիսուսի խօսքերուն վրայ, որպէսզի հաւատաք ձեր կարդացածներուն, սորվեցնէք այն ինչ որ ընկալեցիք հաւատքով ու ապրիք այն ինչ որ կ՛ուսուցանէք» ան ապա աւելցուց «Դուք պիտի շարունակէք Քրիստոսի սրբատենչ գործը դառնալով Անոր մահուան ու Յարութեան խորհուրդին մասնակից, ձեր մարմնոյն վրայ կրելով անոր մահը՝ ու Իր հետ քալելով նոր կեանքի մը ուղիին վրայ։

Սուրբ Մկրտութեամբ հաւատացեալները միացուցէք Աստուծոյ Ժողովուրդին, ապաշխարութեան խորհուրդով Քրիստոսի ու եկեղեցւոյ անունով ներեցէք մեղքերը, Սուրբ միւռոնով մխիթարութիւն տուէք հիւանդներուն ու զանազան խորհուրդներու եւ օրուան տարբեր ժամերու գոհութեան ու փառաբանութեան աղօթքներով դարձէք ձայն Աստուծոյ ժողովուրդին ու համայն մարդկութեան - յորդորեց ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ պէտք է գիտակցին  թէ ընտրուած են մարդոց միջեւ ու սահմանուած անոնց ծառայութեան ապա թելադրեց «ուրախութեամբ եւ անկեղծ սիրով ի գործ դնել Քրիստոսի քահանայական առաքելութիւնը, միակ ձգտում ունենալով հաճելի դառնալ Աստուծոյ եւ ոչ թէ իրենք իրենց։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քահանայաութեան թեկնածուներուն թելադրեց  յանձնառու ըլլալ իրենց յանձնուած հաւատացեալները միացնելու մէկ ընտանիքի մէջ, զանոնք առաջնորդելու համար Հօր Աստուծոյ՝ Քրիստոսի, Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ։ «Ձեր աչքին առջեւ ունեցէք միշտ բարի Հովիւին օրինակը որ չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու ու գտնելու եւ փրկելու այն որ կորսուած է» յարեց Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2018, 13:03