Որոնել

2018-04-27 Papa Francesco incontra i partecipanti al Capitolo generale dei Fratelli di San Gabriele e Membri della Famiglia Monfortana 2018-04-27 Papa Francesco incontra i partecipanti al Capitolo generale dei Fratelli di San Gabriele e Membri della Famiglia Monfortana 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Մոնֆորթանա ընտանիք» ի աւելի քան 90 անդամները

«Եղբայրական կեանքը, ինքնին վկայութիւն մըն է։ Ան արդարեւ քաշողական ու աւետարանող է ինչպէս նաւ վարակիչ է» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Ուրբաթ, 27 ապրիլ 2018-ին, կէսօրին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Սուրբ Գաբրիէլի եղբայրներ»միաբանութեան 32- րդ ընդհանուր ժողովի մասնակիցները ու «Մոնֆորթանա Ընտանիք»ի աւելի քան 90 անդամները:

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով ներկաները անդրադարձաւ «Մոնֆորթանի» ընտանիքի հիմնադիր՝Սան Լուիճի Մարիա Կրիկնիոն Տէ Մոֆորթ»-ին, յայտնելով թէ այս պատշաճ առիթ է շնորհակալութիւն յայտնելու եւ վերադարձ կատարելու՝ երեք հարիւր տարիներ առաջ հաստատուած արմատներուն որոնցմէ մին «Աստուծոյ խօսքն» է ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով միաբանութեան անդամները մշտապէս մտածելու Աստուծոյ խօսքին մասին եւ զայն մարմնացնելու իրենց կեանքին մէջ որպէսզի իրենց մտածումները ու գործերը կամաց կամաց ձեւաւորուին՝ նմանելու համար Քրիստոսին:

Անդրադառնալով երկրորդ արմատին,  որ է իմաստութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ Սուրբ Լուիճի Մարիային իմաստութեան նկատմամբ սէրն ու յարատեւ փնտռտուքը զինք ներշնչեցին «լուսաւոր էջեր» շարադրելու: Իմաստութիւնը ընդունելու համար Սուրբը հրաւէր կ՛ուղղէ «խոնարհութեամբ ունկնդրել Աստուծոյ ձայնը», գործել Անոր հետ հաւատարմութեամբ ապա ասկէ մեկնելով ուիրիշներու համար դառնալ իմաստութեան սիրոյ ներշնչում, զանոնք առաջնորդելու համար դէպի յաւիտենական կեանք։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ միաբանութեան 32-րդ ընդհանուր ժողովի նիւթին, «եղբայրական կեանք եւ Մոնֆորթանա ընտանիքի առաքելութեան հասարակաց ծաւալ» շեշտը դնելով միաբանութեան առաքելութեան վրայ,  որ կը գործէ « աշխարհի մը մէջ որ բնորոշուած է անհատականութեան եւ համաշխարհայնացումի երեւոյթներով» ուր միաբանութիւնը պէտք է ներկայ գտնուի որպէս «կրակի» հոգիներ,  ոգեւորուած Սուրբ Հոգիով ու ապրող իմաստութեան մէջ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա եղբայրական կեանքին, այնպէս ինչպէս նկարագրուած է Գործ Առաքելոցին մէջ,  որ ինքնին վկայութիւն մըն է։ Ան արդարեւ քաշողական ու աւետարանող է, ան վարակիչ է» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց հասարակութիւններու եւ առաքելական աշխատանքի խմբաւորումներու մէջ խթանել եղբայրութիւնը որպէսզի իւրաքանչիւր անհատ պատրաստակամ ըլլայ հպատակելու Սուրբ Հոգիին՝ մոռնալով իրենց իր անձերը:

Քահանայապետը ապա ակնարկեց ժամանակից աշխարհի մէջ տիրող տխուր եւ անձկութիւնով լի իրավիճակին քաջալերելով միաբանութեան անդամները կազմելու հիւրընկալ հասարակութիւններ, ուր կարելի ըլլայ ապրիլ ուրախութեամբ, երիտասարդներուն բացայայտելով Յիսուս Քրիստոսին հետեւելու ու Անոր կոչին համապատասխանելու ուրախութիւնը։ «Թող անոնք իրենց զիրենք զգան ընդունուած անվերապահօրէն, ճանչցուած եւ արժեւորուած որպէսզի իրենք եւս խանդավառութեամբ կարողանան նուիրել այն պարգեւները զոր Աստուած շնորհեց անոնց ի նպաստ բոլորին բարիքին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց ըսելով «Սիրեցէք սրտով ու ձեռքերով»խօսքը կը մարմնացնէ անոնց կոչումը դիտել տալով թէ լոկ սիրոյ քաղաքակրթութիւնը կրնայ հոգի մը տալ մեր համաշխարհայնացած աշխարհին, նկատել տալով որ շնորհիւ Մոլֆիթանա միաբանութեան շնորհապարգեւին՝ նուիրուածութեամբ եւ իմաստութեամբ ապրումով անոնք կրնան ճրագ դառնալ՝ լուսաւորելով կրթական առաքելութեան աւետարանական յատկանիշը։

Սորվինք Յիսուսէն՝ որ է մարմնացած Իմաստութիւնը, ինչպէս ընկալել ուրիշը եւ անոր հետ յարաբերութիւն մշակել յատկապէս երբ ան տարբեր է մեզմէ եւ կը պատկանի այլ մշակոյթի, տարբեր սերունդի, շօշափելի արարքներով անոր արտայայտելով մեր սէրը, մեր մօտիկութիւնը յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով, որ Մոլֆիթանան միաբանութեան առաքելութեան մէջ աղքատները կեդրոնական տեղ ունին ու խրախուսեց շարունակել օգնել աղքատներուն, որպէսզի անոնք կարողանան դառնալ իրենց կեանքի դերակատարները։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն ու հրաւիրելով «բացերը երթալ» վստահութեամբ եւ միսիոնարական նորոգուած սլացքով ապա միաբանութեան առաքելութեան ապագան յանձնելով Տիրամօր հովանիին՝ Աթոռ իմաստութեան եւ իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց բոլորին ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2018, 12:48