Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետին ցաւն ու ամօթը՝ Զիլէի մէջ կայացած մանկամոլութեան հարցերուն համար։

Սրբազան Հայրը կ՛ընդունի թէ «տեղի ունեցան գնահատումի լուրջ սխալներ», ապա ներողութիւն կը խնդրէ բոլոր այն անձերէն որ ինք անուղղակի կերպով վիրաւորած է։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Զիլէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին ուղարկած նամակին պարունակութիւնը, որուն մէջ Սրբազան Պապը իր ցաւն ու կսկիծը կը յայտնէ, ի տես գերապայծառ Շիքլունայի ներկայացուցած  տեղեկագրին, հայող Չիլէի եկեղեցականներու կողմէ գործուած մանկամոլութիւններուն։

Սրբազան Հայրը արդարեւ, Մալթայի առաջնորդ՝ Գերապայծառ Շարլ Շիքլունան ուղարկած էր Չիլէ յատուկ առաքելութեամբ, քննարկելու համար այնտեղ պատահած մանկամոլութեան մի քանի հարցեր, որ այժմ ի յայտ եկան՝ շնորհիւ Գերապայծառ Շիքլունայի հաւաքած վկայութիւններուն։

Սրբազան Քահանայապետը կը նշէ թէ խորապէս տպաւորուած մնացած է մանկամոլութեան թիրախ անձերու վկայութիւններէն, անոնց կեանքը որակելով «խաչուած կեանք» ու հաստատելով թէ «այս մէկը իրեն կը պատճառէ մեծ ցաւ եւ ամօթ»։

Նորին Սրբութիւնը Չիլէի եպիսկոպոսներուն  կը յորդորէ միասնաբար աշխատիլ ու ամէն ջանք դափել ի սպաս արդարութեան հաստատումին, ապա զանոնք կը հրաւիրէ Հռոմ, իր հետ միասին քննարկելու համար հարցերը։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը կ՛ընդունի թէ «տեղի ունեցան գնահատումի լուրջ սխալներ, յատկապէս ճշմարիտ եւ հաւասարակշիռ տեղեկութիւններու պակասի պատճառաւ», Ան ապա ներողութիւն կը խնդրէ բոլոր այն անձերէն որ ինք անուղղակի կերպով վիրաւորեց ու կը յայտարարէ թէ յառաջիկային պիտի հանդիպի անոնց հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2018, 10:00