Ֆրանչիսկոս Պապ Ս Պետրոս Հրապարակի վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ Ս Պետրոս Հրապարակի վրայ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պոլոնիա եւ Չեզենա թեմերու հաւատացեալներուն հետ։

Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց թէ տակաւին թարմ է յիշատակը այն հանդիպումներուն որ ապրեցաւ իր այցելութեան առթիւ, ինչպէս նաեւ իր յիշողութեան մէջ են իրեն վերապահուած հիւրընկալութեան ու միասին ապրուած հաւատքի եւ աղօթքի պահերը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Շաբաթ 21 ապրիլ 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներուն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ունկնդրութիւն շնորհեց՝  Իտալիոյ Պոլոնիա եւ Չեզենա թեմերու՝ 13 հազար հաւատացեալներուն, որոնք ուխտագնացութեամբ ժամանած են Հռոմ, այցելելու համար Սուրբ Պետրոսի դամբանը ու Անոր յաջորդին իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելու, անցեալ Հոկտեմբեր մէկին այդ երկու թեմերուն կատարած հովուական այցելութեան համար։

Հաւատացեալներունն կ՛ընկերանային Պոլոնիա թեմին Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Մաթթէօ Ծուփփի եւ Չեզենայի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Տուկալս Ռիկաթթիերի ինչպէս նաեւ տեղական քաղաքական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ ու եկեղեցականներ։

Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց թէ տակաւին թարմ է յիշատակը այն հանդիպումներուն որ ապրեցաւ իր այցելութեան առթիւ, ինչպէս նաեւ իր յիշողութեան մէջ են իրեն վերապահուած հիւրընկալութեան ու միասին ապրուած  հաւատքի եւ աղօթքի պահերը։

Ունկնդրէ լուրը

«Այդ եղաւ նախախնամութեան նուէր մը վերահաստատելու եւ հզօրացնելու հաւատքի իմաստը ու եկեղեցւոյ պատկանելիութիւնը որ կը թարգմանուի նաեւ եղբայրսիրութեան արարքներով, յատկապէս դիւրաբեկ անձերու նկատմամբ»  ըսաւ Սրբազան Պապը քաջալերելով ներկաները յանձնառումով շարունակելու սկիզբ առած հաւատքի այդ ուղեւորութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա Չեզենա քաղաք այցելութեան ուր յիշատակեցինք Պիոս Է Քահանայապետի ծննդեան երրորդ հարիւրամեակը, ու յիշեցինք Պիոս Ը։ «Երկու Հռոմի եպիսկոպոսներ, որոնք առիթ ընծայեցին խորհրդածելու աւետարանութեան ուղեւորութեան մասին» յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա խրախուսեց ներկաները, որպէս ժառանգներ այդ երկու աւետարանիչ Հովիւներուն շարունակելու անոնց սկսած ուղեւորութիւնը, վեհանձնօրէն յանձնառու ըլլալով Աւետարանը հռչակելու իրենց հայրենակից քաղաքացիներուն ու գորովով վկայելու զայն։ «Քրիստոնեաները արդարեւ թթխմոր են սիրոյ, եղբայրութեան ու յոյսի» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ապա խօսեցաւ Պոլոնիա կատարած այցելութեան մասին  ուր փակումը կատարուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան Թեմական գիտաժողովին։

Այս առընչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը մաղթանք յայտնեց որ այդ եկեղեցական ձեռնարկէն յառաջ եկած խանդավառութիւնը շարունակուի, ապա մէջբերեց առաքելական վերջին յորդորագիրէն՝ «Ուրախացէք եւ ցնծացէք» յորդորագիրէն հետեւեալ խօսքը « Բաժնեկցիլ  Աստուծոյ Խօսքը ու միասին մասնակցիլ Սուրբ Հաղորդութեան զոհին, մեզ աւելի եղբայրներ կը դարձնէ ու մեզ կամաց կամաց կը փոխակերպէ ու կը դարձնէ առողջ եւ միսիոնար հասարակութիւն»։

«Սուրբ Հաղորդութիւնը հաստատուեցաւ Տիրոջ կողմէ, որպէսզի մենք մնանք Անոր մէջ ու Անոր հետ կազմենք մէկ մարմին», ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով թէ Սուրբ Հաղորդութիւնը կը հաշտեցնէ եւ կը միացնէ, ապա կը քաջալերէ կատարելու եղբայրսիրութեան արարքներ, ներումի, ուրիշի նկատմամբ վստահութեան եւ երախտագիտութեան արարքներ։

Հաղորդութիւնը կը նշանակէ «գոհութիւն մատուցել» ու մեզի հասկցնել կու տայ թէ երանելի ենք, ըլլայ տալու, ըլլայ ընդունելու մէջ ու մեզ կը դաստիարակէ առաջնահերթութիւն տալու սիրոյ եւ երաշխաւորելու արդարութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց ապա ժամանակակից մարդոց այն պահանջի մասին՝ հանդիպելու Յիսուսին հետ, որ է՝ ըսաւ Ան, ճանապարհը որ կը տանի դէպի Հայրը։ Ան յոյսի եւ սիրոյ Աւետարանն է որ մեզ կը մղէ անձնուիրումի։

«Ահա այս է մեր առաքելութիւնը, մեր պարտականութիւնն ու ուրախութիւնը, որ ժառանգն է փրկութեան եւ բաժնեկցելու պարգեւ», հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ, դիտել տալով թէ այս մէկը կը նշանակէ քալել սրբութեան ճանապարհին վրայ, համապատասխանելու համար Յիսուսին կոչին, ամէն մին իր խարիզմի հիման վրայ։ Քահանայապետը առ այդ քաջալերեց ներկաները իրենց հասարակասիրութիւններուն մէջ հնչեցնելու սրբութեան կոչումը, ուղեւորութիւն մը, որ մաս կը կազմէ մկրտուած անձերու կոչումին եւ որ կը տանի դէպի երկինք – յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու խրախուսեց ներկաները այդ միսիոներական նոր սլացքով շարունակել իրենց ուղեւորութիւնը։ «Մի յոգնիք երբեք Աստուած ու Անոր թագաւորութիւնը փնտռելէ ու յանձնառու եղէք ձեր եղբայրներու նկատմամբ» յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը ապա ներկաներէն խնդրեց որ կը բարեհաճին շարունակել աղօթել իրեն համար ապա բոլորին տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2018, 11:29