Որոնել

Սուրբ Նիկողայոս Սուրբ Նիկողայոս 

7 Յուլիսին Ֆրանչիսկոս Պապ Պարիի մէջ պիտի աղօթէ Միջին Արեւելքին համար։

Նորին Սրբութիւնը այժմէն իսկ կը յորդորէ այդ ձեռնարկը պատրաստել աղօթքով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ «Յառաջիկայ 7 յուլիս 2018-ին, Սրբազան Քահանայապետը՝ պիտի մեկնի Արեւելքի վրայ պատուհան հանդիսացող՝ Պարի քաղաք, ուր եւ պահպանուած են Սուրբ Նիկողայոսին մասունքները, այնտեղ իր մասնակցութիւնը բերելու՝ աղօթքի եւ խորհրդածութեան մէկ ձեռնարկի մը, հայող Միջին Արեւելքի ողբերգական իրավիճակին, որուն թիրախ են մեր հաւատքի մէջ եղբայր ու քոյրերը։ Սրբազան Քահանայապետը միտք ունի վերոնշեալ հաւաքին հրաւիրել շրջանի քրիստոնեայ եկեղեցիներու ու հասարակութիւններու ղեկավարները։ Նորին Սրբութիւնը այժմէն իսկ կը յորդորէ այդ ձեռնարկը պատրաստել աղօթքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2018, 15:33