Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ալֆի Էվանսի հարազատները Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ալֆի Էվանսի հարազատները 

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Կեանքի Տէրը միայն Աստուած է»։

Կեանքի միակ տէրը, ի սկզբանէ մինչեւ բնական վերջ, Աստուած է։ Մեր պարտականութիւնն է, ամէն ինչ ընել պահպանելու համար կեանքը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 18 ապրիլ 2018ին, Սուրբ Պետրոսին հրապարակին վրայ կայացած ընդհանուր ունկնդրութենէն առաջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Տոմուս Սանթա Մարթայի տան մէջ ընդունեց, Լիվրփուլի հիւանդանոցի մէջ գտնուող, անյայտ  հիւանդութենէ վարակուած փոքրիկն Ալֆիի հայրը:

Յայտնենք թէ Լիվրփուլի  հիւանդանոցի բժիշկները որոշած են  անջատել փոքրիկն ԱլՖին  կեանքի մէջ պահող բժշկական սարքերը,  սակայն մանուկին հարազատները  կ՝ուզեն իրենց զաւակը փոխադրել Հռոմ՝ « Յիսուս Մանուկ» անուան հիւանդանոց, այնտեղ շարունակելու համար անոր խնամքը։ Բայց եւ այնպէս Ալֆիի ծնողաց այդ իղձին հակառակած են ըլլայ բժիշկները, ըլլայ դատաւորը եւ այժմ կը սպասուի բարձրագոյն ատեանի որոշումին։

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հետեւեալ խօսքերը արտասանեց, հանրութեան ուշադրութիւնը անգամ մը եւս հրաւիրելով այլ մէկ հիւանդ Վինսէն Լամպերթի՝ եւ փոքրիկն Ալֆիի վրայ։

«Անգամ մը եւս կ՛ուզեմ ուշադրութիւնը հրաւիրել Վինսէն Լամպերթի եւ Փոքրիկն Ալֆիի վրայ եւ կ՛ուզեմ վճռակամ եւ ուժեղօրէն վերահաստատել թէ կեանքի միակ տէրը, ի սկզբանէ մինչեւ բնական վերջ, Աստուած է։ Մեր պարտականութիւնն է, ամէն ինչ ընել պահպանելու համար կեանքը։

«Խոկանք լրութեան մէջ եւ աղօթենք՝ որպէսզի յարգուի բոլոր մարդոց  կեանքը ու յատկապէս մեր այս եղբայրներուն կեանքը։ Աղօթենք լռութեամբ» հրաւէր ուղղեց Նորին Սրբութիւնը իր կոչին աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2018, 13:22