Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ալեսսանոյի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Ալեսսանոյի մէջ 

Ֆրանչիկսոս Պապ Ալեսսանոյի մէջ. Հանդիպում տեղի հաւատացեալներուն հետ։

Նորին Սրբոթիւնը Հռոմի Չամփինօ օդակայանէն մեկնեցաւ առաւօտեան 7.35-ին եւ ուղղուեցաւ Ալեսսանօ, ուր ժամանեց 8.30-ին եւ անմիջապէս ուղղուեցաւ Ալեսսանոյի գերեզմանատուն ուր այցելեց Հայր Թոնինօ Պելլոյի շիրիմը եւ այնտեղ պահ մը աղօթքի մէջ ամփոփուելէ ետք գերեզմանի մուտքի հրապարակին վրայ հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն հաւատացեալներուն հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 Ուրբաթ՝ 20 ապրիլ 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն տուաւ Իտալիոյ հարաւը գտնուող Լեչչէ շրջանի  Ալեսսանօ  եւ Մոլֆեթթա քաղաքներուն, Աստուծոյ Ծառայ Հայր Թոնինօ Պելլոյի մահուան 25-դ տարեդարձին առիթով։

Յայտնենք թէ Աստուծոյ ծառայ՝ Հայր Թոնինօ Պելլոն , ծնած է Ալեսսանօ գիւղաքաղաքին մէջ 18 մարտ 1935-ին. Քահանայ ձեռնադրուած է 8 դեկտեմբեր 1957-ին։ Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը ընդունած է 10 օգոստոս 1982-ին, պաշտօնավարելով Իտալիոյ հարաւային շրջանի, զանազան թեմերուն մէջ եւ իր օրինակելի կենցաղով սիրաշահած է շատերուն համակրանքը։ Ան արդարեւ հրաժարած է եպիսկոպոսական պատուոյ նշաններէն ու ասոր համար է որ միշտ ուզած է կոչուիլ Հայր Թոնինօ, մինչ իր ուշադրութիւնը մշտապէս սեւեռած է ամենայետիններուն ու կարիքաւորներուն վրայ։

Նորին Սրբոթիւնը Հռոմի Չամփինօ օդակայանէն մեկնեցաւ առաւօտեան 7.35-ին եւ ուղղուեցաւ Ալեսսանօ, ուր ժամանեց 8.30-ին եւ անմիջապէս ուղղուեցաւ Ալեսսանոյի գերեզմանատուն ուր այցելեց  Հայր Թոնինօ Պելլոյի շիրիմը եւ այնտեղ պահ մը աղօթքի մէջ ամփոփուելէ ետք գերեզմանի մուտքի հրապարակին վրայ հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն հաւատացեալներուն հետ։

Ուճենթօ-Սանթա Մարիա Տի Լէուքա Թեմին եպիսկոպոս՝  գերապայծառ  Վիթօ Անճուլլիի  արտասանած ողջոյնի խօսքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը ուղղելով հաւատացեալներուն ըսաւ.

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը Ալեսսաոյի հաւատացեալներուն

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր՝ եկայ որպէս ուխտաւոր այս հողին վրայ որ ծնունդ տուաւ Աստուծոյ ծառայ Թոնինօ Պելլոյի։ Քիչ առաջ աղօթեցի անոր դամբանին առջեւ, ինք շատ սիրեց այս հողը,  ասոր համար կ՛ուզեմ խորհրդածել անոր խօսքերուն վրայ. «Շնորհակալ եմ հող իմ, փոքրիկ եւ աղքատ, որ ինծի ծնունդ տուիր քեզի նման աղքատ, եւ ասոր համար ինծի անհամեմատելի հարստութիւն մը պարգեւեցիր, հասկնալու աղքատները ու այսօր անոնց ծառայելու»։

Արդարեւ՝ ըսաւ Սրբազան Պապը, աղքատները հասկնալ իրական հարստութիւն մը եղաւ Հայր Թոնինոյի համար, եւ այս մէկը հարստութիւն է նաեւ Եկեղեցւոյ համար։

«Աւետարանի կոչը անհանգիստ կեանքի կոչ մըն է, որովհետեւ ան որ Յիսուսին կը հետեւի կը սիրէ աղքատներն ու խոնարհները» յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ Եկեղեցի մը որ ի սիրտ ունի աղքատները կապի մէջ կը մնայ Աստուծոյ «ալիքին» հետ ու պարտականութիւնն կը զգայ միշտ վերադարձ կատարելու էականին, հռչակելու համար թէ Տէրը միակ իսկական բարիքն է։

Հայր Թոնինոն մեզ կը կոչէ ըլլալու աղքատներու մօտիկ, այնպէս ինչպէս ըրաւ Յիսուս, որուն հետեւեցաւ Տոն Թոնինոն։ Անոր կը խանգարեր անտարբերութիւնը, վախ չունէր դրամի պակասէն այլ կը մտահոգուէր աշխատանքի անորոշութիւնէն, որ տակաւին այժմէական  հարց մըն է։ Ան առիթ չէր կորսնցներ հաստատելու թէ առաջին կարգին է աշխատաւորը ու անոր արժանապատւութիւնը եւ ոչ թէ շահն ու ագահութիւնը։ Ան կը գործեր սերմանելու համար խաղաղութիւն, այն համոզումով թէ բռնութիւնն ու պատերազմները կանխարգիլելու համար, հարկաւոր էր հոգ տանիլ կարիքաւորներուն եւ խթանել արդարութիւնը. Արդարեւ եթէ պատերազմը աղքատութիւն կը յառաջացնէ, աղքատութիւնն ալ պատերազմ կը յառաջացնէ հաստատեց Սրբազան Պապը ու մատնանշեց թէ «խաղաղութիւնը կը կառուցուի սկսեալ տուներէն, ճամբաներէն, վաճառատուներէն, այն վայրերէն ուր հաղորդութիւն կը հաստատուի։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը, խաղաղութեան կոչումը կը պատկանի նաեւ ձեր այս հողին, այս սահմանային սքանչելի հողամասին որ Հայր Թոնինոն կը կոչեր «պատուհան հողամաս»  որովհետեւ Իտալիոյ հարաւը կը բացուի աշխարհի բազմաթիւ հարաւներուն, ուր ամենէ աղքատները միշտ աւելիով կ՛աճին մինչ հարուստները միշտ աւելի հարուստ կը դառնան։ «Դուք բաց պատուհան մըն էք որտեղէն կարելի է դիտել պատմութեան բոլոր աղքատութիւնները, եւ էք նաեւ յոյսի պատուհան՝ որպէսզի միջերկրականը  դառնայ խաղաղութեան եւ ընկալումի տապան մը» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ նշեց թէ ինչպէս Հայր Թոնինոն կապուած էր իր գիւղին եւ իր հողին ուր ունկնդրեց Աստուծոյ կոչը, անոր համապատասխանելով վճռական «այոյով» մը եւ ոչ թէ «մի գուցէ- ով» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւէր ուղղելով  բոլորին ու յատկապէս երիտասարդներուն՝ որոնք կեանքի իմաստը կ՛որոնեն, մտիկ ընելու Հայր Թոնինոյի խօսքերուն ու խրատներուն։

Այս հողին վրայ է որ Անթոնիոն ծնաւ ու դարձաւ Հայր Թոնինօ, ըսաւ ապա Քահանայապետը ակնարկելով սրբակեաց քահանայի կենցաղին եւ խոնարհ ապրելակերպին, ապա մէջբերեց անոր իր եղբայրակից քահանաներուն ուղղած խօսքերը, որով կը յորդորեր «սիրել աշխարհը, ըլլալ եկեղեցի մը աշխարհի համար, բայց ոչ աշխարհական»։

Հայր Թոնինոն արդարեւ հրաժարեցաւ «իշխանութեան» բոլոր նշաններէն օրինակ առնելով մեր Տիրոջմէ եւ փափաք արտայայտելով ունենալ «գոգնոցով եկեղեցի մը» որուն առաքելութիւնը ըլլայ ծառայութիւն։ Ան զգուշացուց մխրճուելու աշխարհի յորձանուտին մէջ եթէ անկէ առաջ չենք ամփոփուած տապանակին առջեւ, հրաւէր ուղղելով նաեւ մեզի ըլլալու հայեցողական ու գործունեայ եկեղեցի մը որ սիրահարուած է Աստուծմով ու քորովն ունի մարդուն - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ որ ճառին աւարտին  դիտել տուաւ թէ Տէրը բոլոր ժամանակաշրջաններուն մէջ Եկեղեցւոյ ճանապարհի վրայ կը դնէ վկաներ որոնք կը մարմնացնեն Զատկուայ աւետիսը, յոյսի մարգարէներ՝ բոլորին ապագային համար։

«Ձեր այս հողէն Աստուած ձեզի պարգեւեց մեր ժամանակներու մարգարէ մը եւ Աստուած կը փափաքի որ այդ իր պարգեւը ընկալուի ու  մարգարէութիւնը իրագործուի։ Չի գոհանանք յիշատակներով ու անցեալով, օրինակ առնենք Հայր Թոնինոյէն, թոյլ տանք փոխադրուիլ անոր քրիստոնէական երիտասարդ գորովով, համապատասխանենք  անոր հրաւէրին՝ ապրելու Աւետարանը առանց տատամսումի։ Զօրեղ հրաւէրն մը է այդ որ ուղղուած է իւրաքանչիւրիս ապա մեզի որպէս Եկեղեցի։ Այս մէկը մեզ պիտի օգնէ այսօր եւս տարածելու Աւետարանի բուրաւէտ ուրախութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր ճառը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2018, 13:36