Որոնել

VATICAN POPE FRANCIS VATICAN POPE FRANCIS 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Բենետիկտեան համադաշնակցութեան կրօնաւորները

Բենետիկտեան համադաշնակցութեան հիմնադրութեան 125-րդ ամեակի առիթով, Վատիկանի «Քլեմենթինա» անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց նշեալ համադաշնակցութեան աւելի քան 400 կրօնաւորները:

Հինգշաբթի, 19 ապրիլ 2018-ի՝ կէսօրին, Բենետիկտեան համադաշնակցութեան հիմնադրութեան 125-րդ ամեակի առիթով, Վատիկանի «Քլեմենթինա» անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց նշեալ համադաշնակցութեան աւելի քան 400 կրօնաւորները:
Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Քահանայապետը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Բենետիկտեան միաբանութեան գրեթէ 1500 տարիներ տեւողութեամբ Եկեղեցւոյ սատարած ծառայութեան համար: Ան յիշեց Լեւոն ԺԳ քահանայապետը, որ 1893-ին, ուզեց միացնել համայն բենետիկտեանները ՝հիմնելով ուսումի եւ աղօթքի հասարակաց տուն մը՝ Հռոմի մէջ, ապա անդրադարձաւ Բենետիկտեան միաբանութեան հոգեւորականութեան անուանի կարգախօսի մասին՝ աղօթք, աշխատանք եւ ուսում, դիտել տալով թէ «հայեցողական կեանքին մէջ Աստուած յաճախ իր ներկայութիւնը կ՝աւետէ անսպասելի կերպով» ու շեշտեց « Սուրբ Գիրքի ընթերցանութեան, Աստուծոյ խօսքին մասին խոկումի եւ աղօթքի կարեւորութիւնը» եւ այս ծիրէն ներս այդ յատկութիւններու բաժնեկցութիւնը Բենետիկտեան միաբանութեան կազմաւորական աշխատանքի ծիրէն ներս։
Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ ապա Սուրբ Բենետիկտոսի յանձնարարութեան «ոչ մէկ բան դասելու Քրիստոսնէն առաջ» ապա նշեց, թէ «ծիսակատարութիւնը Աստուծոյ հիմնական արարքն է վանական կեանքին մէջ» հրաւիրելով ներկաները մեծ սէր ցուցաբերելու ծիսակատարութեան հուսկ ակնարկեց Սուրբ Պենետիկտոսի ապրած ժամանակաշրջանին՝ որ յատկանշուած էր ըսաւ Ան հաստատութիւններու եւ արժանիքներու խոր տագնապներով , ու թէ Սուրբ Պենետիկտոս եղած է լուսաւոր աստղ մը, որովհետեւ գիտցաւ զատորոշել էականը՝ երկրորդականէն, իր հոգեւոր կեանքին կեդրոնը ընտրելով Յիսուս Քրիստոսը։
Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ Սուրբ Բենետիկտոսի զաւակները եւս կարենան զատորոշում կիրարկել՝ ճանչնալ կարենալու համար այն ինչ, որ Սուրբ հոգիէն կու գայ եւ այն ինչ որ սատանայէն ապա ակնարկելով ժամանակակից աշխարհի մտահոգութիւններուն ուր ամէն մարդ բազմազբաղ է եւ ժամանակ չունի Աստուծոյ ձայնին անսալու, այս ուղղութեամբ Պենետիկեան կրօնաւորներուն յորդորելով իրենց վանքերը վերածեն գեղեցիկ պարտէզի մը, ուր ամէն տարիքի , որեւէ մշակոյթի եւ կրօնի պատկան մարդիկ ու կիներ կարենան բացայայտել լռութեան գեղեցկութիւնը եւ վերագտնել իրեցն անձերը՝ ստեղգագործութեան հետ ներդաշնակութեան մէջ, թոյլ տալու համար, որ Աստուած իրենց կեանքին կարգապահութիւնը վերականգնէ:
Ֆրանչիկսոս Պապ ապա յայտեց որ Բենետիկտեանները միշտ ճանչուած են իրենց համամիութենական գործընթացի, միջկրօնաին երկխօսութեան յաձնարումով եւ քաջալերեց զանոնք շարունակելու այս յոյժ կարեւոր աշխատանքը՝ ըլլայ եկեղդցւոյ ըլլայ աշխարհին համար։

Սրբազան Պապը դարձեալ երախտագիտութիւն յայտնեց ներկաներուն անոնց կրթական եւ կազմաւորման ծիրէն ներս ամբողջ աշխարհի մէջ մատուցած ծառայութեան համար յորդորելով անոնց որ իրեցն աշակերտներուն փոխանցեն նաեւ այն բոլոր միջոցները որպէսզի անոնք կարենան աճիլ իմաստութեան մէջ եւ իրենց կեանքին մէջ շարունակ փնտռեն Աստուած։ Ւմաստութիւնը, որ զանոնք պիտի մղէ ի գործ դնելու հասկացողութիւնը աշխարհի մը մէջ, որ կարօտը ունի խաղաղութեան ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ճառը եզարափակեց մաղթելով, որ Բենետիկեան համադաշնակցութեան յոբելեանը ըլլայ պտղաբեր առիթ խոկալու Աստուծոյ եւ Անոր իմաստութեան որոնումի մասին ու մտածել թէ ինչպէս կարելի է Անոր անվերջ հարստութիւնը փոխանցել սերունդներուն։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ բոլորին տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը խնդրելով ներկաներէն, որ շարունակեն աղօթել իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2018, 13:55