Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Հրապարակային ունկնդրութիւն. Սուրբ Մկրտութիւնը նշան քրիստոնէական հաւատքին։

«Խաչը կ՛արտայայտէ Քրիստոսի կնիքը ու Քրիստոսի Խաչին միջոցաւ մեզի ապահոված փրկութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

«Յիսուս պատասխանեց. «Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Եթէ մէկը ջուրէն ու Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար մտնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը”: Մարմինէն ծնածը՝ մարմին է, եւ Հոգիէն ծնածը՝ հոգի է» Յովհաննէս Աւետարանիչէն (3, 5-6) քաղուած սոյն հատուածին վրայ հիմնուելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, չորեքշաբթի 18 ապրիլ 2018-ին, ներկայացուց հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութինը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած բազմահազար հաւատացեալներուն ներկայութեամբ։

Սրբազան Պապը շարունակելով Սուրբ Մկրտութեան մասին խորհրդածութիւնները յայտնեց թէ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի իմաստը ի յայտ կու գայ նոյնինքն մատակարարուած արարողութեան ընդմէջէն։ 

18 ապրիլի հրապարակային ունկնդրութիւնը

«Սուրբ Մկրտութեան ծիսակատարութիւնը մեր մէջ կը յարուցէ հոգեկան արարք մը որ մեզի կ՛ընկերանայ համայն կեանքի ընթացքին, մեզի թոյլ տալով ապրիլ միացած Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ հետ» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ այդ քրիստոնէական կեանքի աղբիւրին վերադառնալը մեզ կը մղէ աւելի լաւ հասկնալու մեր ընդունած պարգեւը այդ խորհուրդի մատակարարումով, ապա վերանորոգելու յանձնառումը համապատասխանելու այդ շնորհքին։

Ծիսակատարութիւնը սկիզբ կ՛առնէ թեկնածուին անունը հարցնելով. Անունը արդարեւ կը նշէ անձի մը ինքնութիւնը եւ Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրս կը կոչէ իր անունով, մեզ կը սիրէ մեր շօշափելի կեանքին մէջ։ Սուրբ Մկրտութիւնը սկզբնաւորումն է անձնական մէկ կոչումին՝ ապրելու քրիստոնէաբար, ու այդ կոչումը կը պահանջէ անձնական պատասխան։

Աստուած երբեք պիտի չի դադրի մեր անունը արտասանելէ մեր բոլոր կեանքի ընթացքին, մեր մէջ հնչեցնելով իր կոչը դառնալու իր Զաւկին նմանութեամբ։

«Քրիստոնեայ ըլլալը վերէն եկած շնորհք մըն է։ Հաւատքը կարելի չէ քնել սակայն կարելի է խնդրել ու զայն ընդունիլ որպէս պարգեւ» հաստատեց Սրբազան Պապը ընդգծելով թէ Մկրտութիւնը այդ հաւատքի խորհուրդն է որով մարդիկը լուսաւորուած Սուրբ Հոգիի շնորհքով կը համապատասխանեն Քրիստոսի Աւետարանին։

Մինչ մանուկ մկրտեալներու անունով կը խօսին անոնց ծնողքն ու կնքահայր ու կնքամայրը չափահասներու պարագային իրենք են որ կ՛արտայայտեն իղձը՝ մուտք գործելու եկեղեցի։

Սուրբ Մկրտութեան ծիսակատարութեան խորհրդանիշը կը մնայ խաչը, որով Քահանան եւ մկրտեալին ծնողքը կը կնքեն անոր ճակատը։ «Խաչը կ՛արտայայտէ Քրիստոսի կնիքը ու Քրիստոսի Խաչին միջոցաւ մեզի ապահոված փրկութիւնը» յարեց ապա Սրբազան Պապը  ու շեշտեց «Խաչը մեզ յատկանշող նշանն է։

Խաչը ապա կը դրոշմուի մարմնի բոլոր զգայարանքներու վրայ . Ականջները՝ Աստուծոյ խօսքը լսելու համար. Աչքերը տեսնելու համար Աստուծոյ սքանչելի դիմագիծը. Բեռանը պատասխանելու համար Աստուծոյ կոչին, կուրծքը որպէսզի Քրիստոս՝ հաւատքի միջոցաւ ապրի մեր սրտին մէջ, ուսերը որպէսզի կարողանանք շալկել Քրիստոսի բեռը։

«Մենք քրիստոնեայ կը դառնանք այն չափով որ խաչը կը դրոշմուի մեր մէջ, երեւելի դարձնելով նոյնիսկ արտաքինով, կեանքը դիմագրաւելու մեր ապրելակերպը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութեան աւարտին, ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորները, հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց  երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն, բոլորին հրաւէր ուղղելով, Յարուցեալ՝ կենդանի ու մեր մէջ ապրող  Քրիստոսին մէջ տեսնելու կեանքի իսկական վարդապետը։

«Անոր բարեխօսութիւնը մեզի պարգեւէ անդորրութիւն ու խաղաղութիւն ու անոր ուսուցումը ըլլայ քաջալերանք առօրեայի մեր ճանապարհորդութեան մէջ դէպի սրբութիւն - ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով հրապարակային ունկնդրութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2018, 13:16