Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը ՝ «Սուրբ Մկրտութիւնը քրիստոնէական կեանքի հիմք»։

«Սուրբ Մկրտութիւնը հիմքն է Քրիստոնէական կեանքին։ Առաջին խորհուրդը՝ դուռը որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին թոյլ կու տայ մեր մէջ բնակելու ու մեզի թոյլ կու տայ մխրճուելու Անոր Խորհուրդին մէջ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 «Իսկ Յիսուս մօտեցաւ եւ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Ամէ՛ն իշխանութիւն ինծի՛ տրուեցաւ՝ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ:Ուրեմն գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի: Եւ ահա՛ ամէն օր ես ձեզի հետ եմ՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը»: Ամէն: (Մատթ 28, 19-20)։

Սոյն  աւետարանական հատուածին վրայ հիմնուելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ՝  չորեքշաբթի 11 ապրիլ 2018-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցող հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը, զայն յատկացնելով «Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին՝ որ է, ըսաւ ԱՆ, Քրիստոնէական կեանքի հիմքը»։

“Սուրբ Մկրտութիւնը  հիմքն է Քրիստոնէական կեանքին։”

Քահանայապետը  ակնարկեց այս օրերուն ապրուած Յինանց ծիսական շրջանին որպէս շրջան խորհրդածելու Քրիստոնէական կեանքի մասին, հաստատելով թէ «Մենք Քրիստոնեաներ ենք այն չափով որ թոյլ կու տանք որ Յիսուս Քրիստոս ապրի մեր մէջ» թելադրելով մեկնիլ այն խորհուրդէն որ մեր մէջ վարեց քրիստոնէական կեանքը՝ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը։

Քահանայապետին ընդհանուր ունկնդրութիւն

«Սուրբ Մկրտութիւնը արդարեւ հիմքն է Քրիստոնէական կեանքին։ Առաջին խորհուրդը՝ դուռը որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին թոյլ կու տայ մեր մէջ բնակելու ու մեզի թոյլ կու տայ մխրճուելու Անոր Խորհուրդին մէջ» – յարեց Սրբազան Պապը բացատրելով «մկրտութիւն» բառին իմաստը, որպէս նոր սկիզբի բիւրեղացումի նշան, շնորհիւ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա Յարուցեալին՝  աշակերտներուն ուղղած խօսքերուն. «Ուրեմն գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով», ու հաստատեց  թէ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի միջոցաւ այն որ կը հաւատայ Քրիստոսին կը մխրճուի նոյնինքն Սուրբ Երրորդութեան կեանքին մէջ։  Մենք ըսաւ Ան կը դառնանք Քրիստոսի Մարմին, որ է Եկեղեցին, ամէն մին իր կարողութեան համեմատ համագործակցելու համար եկեղեցւոյ՝ աշխարհին մէջ առաքելութեան։

«Սուրբ Մկրտութիւնը արդարեւ վերածնունդի նշան է» հաստատեց Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն ու դիտել տալով թէ Սուրբ Մկրտութիւնը կը լուսաւորէ մեր կեանքը ու մեր քայլերը կ՛առաջնորդէ դէպի երկնային Երուսաղէմ։

Սուրբ մկրտութեան խորհուրդը բոլորին վերապահուած ձրի պարգեւ մըն է, ըլլան չափահասներ կամ մանուկներ, «պարգեւ որ հիմնուած է հաւատքի վրայ ու կոչուած այդ հաւատքին մէջ խարսխուելու ու պտղաբերելու» հաստատեց  Քահանայապետը յանձնարարելով ամէն օր վերակենդանացնել Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին օրը մեր տուած խոստումները, թոյլ տալու համար որ Քրիստոս ապրի մեր մէջ, որպէսզի մեզ եւս դարձնէ այլ ոմն Քրիստոս մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածութիւնը եզրափակեց բոլոր ներկաներուն յիշեցնելով թէ Մկրտութեան թուականը, երկրորդ տարեդարձի թուական է, վերածնունդի թուականը, ու հրաւիրեց այդ թուականը մշտապէս յիշել, ապա  զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորները  յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, մաղթանք յայտելով  որ Զատկական պատգամը շարունակէ բորբոքել անոնց սրտերը, որպէսզի ամէն մին իր ճանապարհին վրայ կարողանայ փորձարկել Քրիստոսը  ու ապրիլ անոր ուսուցումները։

 

“շարունակէ բորբոքել իրենց սրտերը, որպէսզի ամէն մին իր ճանապարհին վրայ կարողանայ փորձարկել Քրիստոսը ու ապրիլ անոր ուսուցումները։”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2018, 15:43