Որոնել

SARY BOTOVASOA LUCIEN 729.jpg SARY BOTOVASOA LUCIEN 729.jpg 

Մատակասքարի մէջ երանելի կը հռչակուի աշխարհական Լուչանօ Պոթովասոա

Մատակասքարի Վոհիփենօ քաղաքին մէջ երանելի կը հռչակուի աշխարհական, ընտանիքի հայր, Ֆրանչիսկեաններու երրորդ կարգի միաբանութեան անդամ Լուչիանօ Պոթովասոան:

Վազգէն Աբարդեան Վատիկան

Կիրակի 15 ապրիլ 2018-ին, Մատակասքարի Վոհիփենօ քաղաքին մէջ երանելի կը հռչակուի աշխարհական, ընտանիքի հայր, Ֆրանչիսկեաններու երրորդ կարգի միաբանութեան անդամ Լուչիանօ Պոթովասոան: Երանցման արարողութիննը կը նախագահէ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը կարդինալ Անճելօ Ամաթոն:

Լուչանօ Պոթովասնոա եղած է ուսուցիչ եւ իր բոլոր կեանքը նուիրած է մանուկներու դաստիրակութեան՝ ըլլայ կրօնաւոր, ըլլայ աշխարահական գետնի վրայ: Ան ձգտելով ապրիլ  կրօնաւորական կեանք, 1940-ին,  մաս կազմած է ֆրանչիսկեաներու միաբանութեան: Ապա իր նպատակը եղած է տարածել եւ ճանչցնել Ասիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի դիմագիծը, քաջալերելով հաւատացեալները մաս կազմելու Ֆրանչիսկեաններու երրորդ կարգի միաբանութեան: Լուչանօ իր առօրեայ կեանքին մէջ որդեգրած է Ֆրանչիսկեաններու շնորհապարգեւը՝ ծոմապահութեամբ ու  պարզուկ  հագուստներ հագնելով: Ան նահատակուած է 1947-ին Մատակասքարի մէջ յեղափոխութեան շրջանին:  

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2018, 12:42