Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ 

«Եւրոպան աճի ու զարգանայ միութեան եւ եղբայրութեան մէջ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Պատարագի ընթացքին Քահանայապետը յատուկ կերպով յիշեց երկու կարեւոր իրադարձութիւններ. Եւրոպայի Տօնը եւ Եւրոպայի մէջ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին աւարտը։

Վատիկան Նիուզ

Զատկուայ ըստ Լատինաց հինգերորդ Կիրակիին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը, շարունակելով, համաճարակի այս օրերուն, առօրեայի ուղիղ եթերի սփռումով Տոմուս Սանթա Մարթայէն սուրբ պատարագները, յատուկ կերպով յիշեց երկու կարեւոր իրադարձութիւններ. Եւրոպայի Տօնը եւ Եւրոպայի մէջ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին աւարտը, աղօթելով որ Եւրոպան կարողանայ աճիլ եղբայրութեան միութեան մէջ։

«Վերջին այս երկու օրերու ընթացքին տեղի ունեցան երկու ոգեկոչումներ. Ռոպէրթ Շումընի Յայտարարութեան 70 ամեակը, որով սկիզբ տրուեցաւ Եւրոպական միութեան եւ պատերազմի աւարտին ոգեկոչումը։ Այսօր Տիրոջմէ խնդրենք որ Եւրոպան աճի միութեան մէջ, եղբայրութեան միութեան մէջ, որ բոլոր ժողովուրդները կ՛աճեցնէ զանազանութեան միութեան մէջ» ըսաւ Քահանայապետը, որ ապա Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց աղօթքին վրայ։

Քարոզը

Մեկնաբանելով Սուրբ Յովհաննէս աւետարանիչէն քաղուած սուրբ գրային ընթերցումը, ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կ՛ըսէ թէ ինք կ՛երթայ իր Հօր մօտ անոնց տեղ պատրաստելու համար, Քահանայաապետը հաստատեց՝ թէ «այս մէկը Հօր մօտ երթալու կարելիութեան յայտարարութիւնն է։ Հայրը արդարեւ միշտ ներկայ եղաւ Յիսուսին կեանքին մէջ եւ Յիսուս միշտ վստահեցաւ Աստուծոյ։ Կարծես թէ Յիսուս այդ վստահութեամբ բանար աղօթքի ամենակարողութեան դռները»։

«Աղօթքը կարիքը ունի քաջութեան, քարոզութեան այդ միեւնոյն քաջութեան» յարեց Սրբազան Պապը, հաստատելով՝ որ աղօթել կը նշանակէ պայքարիլ Աստուծոյ հետ, կը նշանակէ Յիսուսին հետ միասին դիմել Հօր՝ որ ամէն ինչ կը պարգեւէ։

Սրբազան Պապը հուսկ մեկնաբանեց Գործ Առաքելոց գիրքէն քաղուած ընթերցուածը (Գործք Առաքելոց 6, 1-7) որուն մէջ կը պատմուի տասներկու աշակերտներու  մասին, որոնք ի տես քրիստոնեայ հասարակութեան աճումին ու չանտեսելու համար աղօթքն ու Աստուծոյ Խօսքին ծառայութիւնը, հաւատացեալներու մէջէն կ՛ընտրեն զօրեղ հաւատքի տէր եօթը մարդիկ որպէսզի անոնք եւս ծառայութիւն  մատուցեն։

«Պետրոս  «հնարեց» սարկաւագները, որպէսզի ծառայեն հաւատացեալներուն։ Եպիսկոպոսին պարտականութիւնն է աղօթել եւ քարոզել։ Եպիսկոպոսը առաջինն է որ կը դիմէ Հօր՝ քաջութեամբ եւ անկեղծ մօտեցումով։ Անիկա հասարակութեան Ղեկավարի մը աղօթքն է առ Հայր, որպէսզի Ան պահապանէ իր ժողովուրդը։ Եւ Ժողովուրդը եպիսկոպոսէն կը սորվի աղօթքը։ Աղօթքը յառաջ կը տանի Եկեղեցին եւ տխուր է տեսնել բարի եպիսկոպոսներ որոնք մտահոգուած են շատ մը զբաղումներով, մինչ աղօթքը ըլլալու է անոնց առաջնահերթութիւնը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու քարոզը աւարտեց նշելով՝ որ  «Եկեղեցին քաջատեղեակ է՝ թէ առանց Հօր երթալու կարելիութեան կարող չէ վերապրիլ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2020, 07:26
Կարդալ բոլորը >