Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ 

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց «Ճգնաժամի այս պահուն աղօթելու կառավարիչներուն համար»:

Թող որ Տէրը օգնէ անոնց ու անոնց ուժ պարգեւէ, որովհետեւ անոնց աշխատանքը դիւրին չէ։ Եւ եթէ անոնց միջեւ տարաձայնութիւններ կան, թող որ անոնք հասկնան թէ ճգնաժամի պահերուն, պէտք է միացած ըլլան ժողովուրդի բարիքին համար, որովհետեւ միասնութիւնը կը գերազանցէ հակամարտութիւնը:

Շաբաթ 2 մայիս 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս  Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագը նուիրեց երկիներու, մարզերու ու քաղաքներու կառավարիչներուն։

«Այսօր աղօթենք կառավարիչներուն համար որոնք՝ այս տագնապի պահուն, պատասխանատուութիւնն ունին հոգ տանելու իրենց ժողովուրդներուն, Պետական ղեկավարներ, կառավարութեան նախագահներ, օրէնսգէտներ,  մարզպետներ, քաղաքապետներ... Թող որ Տէրը օգնէ անոնց ու անոնց ուժ պարգեւէ, որովհետեւ անոնց աշխատանքը դիւրին չէ։  Եւ եթէ անոնց միջեւ տարաձայնութիւններ կան, թող որ անոնք հասկնան թէ ճգնաժամի պահերուն, պէտք է միացած ըլլան ժողովուրդի բարիքին համար, որովհետեւ միասնութիւնը կը գերազանցէ հակամարտութիւնը»,   ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա հաղորդեց թէ այսօր 2 մայիսին,   պատարագին կը միանան 300 աղօթքի խումբեր, «Մատրուկատորէս» կոչուած խումբի անդամները, այսինքն անոնք  որոնք վաղ  առաւօտուն կ՛արթննան նուիրուելով աղօթքին։ Անոնք մեր հետ միացած են այսօր, պահուս, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տալով Սուրբ Պատարագին։

Քարոզ

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները քաղուած Գործ Առաքելոցի գիրքէն, որուն մէջ կը խօսուի առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւններուն մասին,  որոնք հաստատ մնալով իրենց հաւատքին իրենց թիւը կ՝աճի սուրբ հոգիին մխիթարութեամբ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ եկեղեցին կ՝աճի սփոփանքի եւ խաղաղ պահերուն։ Սակայն, կան նաեւ դժուար ժամեր, հալածանքի, տագնապի ժամեր, հաւատացեալները դժուարութեան մատնող ժամեր։
Ան օրինակ բերաւ, այսօրուան աեւտարանէն ուր Յիսուս կը խօսի երկինքէն իջած յաւիտենական կեանքի մասին, իր մարմնին եւ արեան մասին, որ յաւիտենական կեանք կու տայ,  սակայն աշակերտներէն շատեր  կը լքեն եւ կը հեռանան Յիսուսէն ըսելով որ իրենց համար Յիսուսի խօսքերը շատ ծանր են։
Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ Յիսուս քաջ գիտնալով աշակերտները ինչ կը փսփսային, անոնց յիշել կու տայ որ ոչ մէկը կրնայ իրեն հասնիլ Առանց հօր կամքին։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդծեգ, թէ տագնապի ժամերը, ընտրանք կատարելու ժամանակ է , այդ ժամերը մեզ կը դնեն  որոշումներուն դէմ՝ զոր պէտք ենք ընտրել։
Համաճարակը՝ նաեւ տագնապի պահ է։ Աւետարանին մէջ Յիսուս հարց կու տայ առաքեալներուն եթէ իրենք եւս կ՝ուզեն երթալ, Պետրոս կը պատասխանէ Տէր, ուր պիտի երթանք դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս եւ մենք հաւատացինք եւ ճանչցանք, որ դուն Աստուծոյ սուրբն ես։ Պետրոս կը դաւանի, որ Յիսուս Աստուծոյ որդին է։ Ան չհասկցաւ Յիսուսի խօսքը առէք եւ կերէք այս է իմ մարմինս ու արիւնը սակայն  վստահեցաւ Յիսուսի։ Ըսաւ Ֆրանչիսկսոս աւեցնելով, որ դա մեզի կ՝օգնէ ապրելու տագնապի ժամերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց տագնապի, ճգնաժամային պահերուն հաստատ մնալ հաւատքի համոզումներու մէջ՝ յարատեւելով եւ փոփոխութիւն չկատարելով այս դժուար պահերուն, ընդհակառակը  պէտք է հաւատարիմ մնալ ու դարձի գալ։   «Մենք քրիստոնեաներս պէտք է սորվիլ գիտնալ ապրիլ ըլլայ խաղաղութեան մէջ  ըլլայ տագնապի պահերուն։ ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Թող Տէրը Սուրբ Հոգին պարգեւէ մեզի, դիմագրաւելու համար տագնապի դժուար ժամերը եւ հաւատարի մնալու, այն յոյսով որ տագնապի, ճգնաժամային պահերէ ետք պիտի գայ խաղաղ օրեր։ Թող Տէրը շնորհէ մեզի հաւատքը չվաճառելու շնորհքը։ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2020, 07:21
Կարդալ բոլորը >