Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աղօթենք բոլոր աշխատաւորներուն համար, որպէսզի ոչ մէկուն պակսի աշխատանքը» Ֆրանչիկսոս Պապ։

Ուրբաթ մէկ մայիսին Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Յովսէփ աշխատաւորի տօնը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Ուրբաթ մէկ մայիս 2020-ի առաւօտեան՝ Սուրբ Յովսէփ աշխատաւորի տօնին օրը, որուն արձանը զետեղուեցաւ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով համաճարակին ի տես ուղիղ եթերով սփռուած Սանթա Մարթայէն սուրբ պատարագները, այսօրուան սուրբ Զոհին որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն առաջարկեց աղօթել բոլոր աշխատաւորներուն համար ու նաեւ աշխատանքի արժանապատուութեան համար։

«Այսօր Սուրբ Յովսէփ աշխատաւորի տօնն է ու նաեւ բոլոր աշխատաւորներուն նուիրուած օրն է, աղօթենք բոլոր աշխատաւորներուն  համար։ Բոլորին համար։ Որպէսզի ոչ մէկուն պակսի աշխատանքը ու բոլորին երաշխաւորուի արդար աշխատավարձ ու կարողանան վայելել աշխատանքի արժանապատուութիւնը ու հանգստութեան գեղեցկութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տալով Սուրբ Զոհին։

Քարոզը

Մինչ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն Ծննդոց գիրքէն քաղուած ընթերցումը (Ծննդոց 1,26 – 2,3) ուր կը նկարագրուի մարդուն ստեղծումը Աստուծոյ պատկերին համաձայն եւ ուր գրուած է թէ « Աստուած վեցերորդ օրն աւարտեց արարչագործութիւնը եւ իր կատարած բոլոր գործերէն յետոյ՝ եօթներորդ օրը, հանգստացաւ»։

Աստուած, ըսաւ Սրբազան Պապը, իր աշխատանքը, իր գործունէութիւնը կը յանձնէ մարդուն, որպէսզի մարդը համագործակցի իր հետ։

Մարդկային աշխատանքը կոչումն է զոր Աստուած պարգեւեց մարդուն ու այդ մէկը մարդս կը դարձնէ Աստուծոյ նմանութեամբ, որովհետեւ աշխատանքի միջոցաւ մարդը կարող է ստեղծել։

Աշխատանքը արժանապատուութիւն կու տայ։ Արժանապատւութիւն որ ոտնակոխուած է պատմութեան մէջ։ Այսօր եւս կան բազմաթիւ ստրուկներ, աշխատանքի ստրուկներ, բռնի աշխատանքներ, վատ կերպով վարձատրուած աշխատանք, որ ոտնակոխ կ՛ընէ արժանապատւութիւնը։

Մարդէն կը խլուի  արժանապատուութիւնը ու այս մէկը կը պատահի նաեւ այստեղ, մեր մօտ, ըսաւ Սրբազան Պապը ուր բազմաթիւ մարդոց արժանապատւութիւնը ոտնակոխուած է։ Որովհետեւ ամէն մէկ գործաւորի դէմ գործադրուած անարդարութիւնը մարդկային արժանապատուութիւնը ոտնակոխ ընել է։

«Այսօր կը միանանք բազմաթիւ մարդոց- հաւատացեալ եւ ոչ հաւատացեալ, որոնք կը տօնախմբեն աշխատանքի այս օրը, անոնց համար որոնք կը պայքարին արդարութիւն ձեռք բերելու աշխատանքի ծիրէն ներս» ըսաւ Քահանայապետը ու աղօթեց նաեւ այն բարի ձեռնարկատէրերուն համար, որոնք չեն ուզէր գործէն արձակել մարդիկը, որոնք այդ գործաւորներ կը պահպանեն որպէս իրենց զաւակները։ Ան ապա աղօթք բարձրացուց Սուրբ Յովսէփին, որպէսզի «օգնէ մեզի՝ աշխատանքի արժանապատուութեան ի սպաս պայքարին մէջ, որպէսզի բոլորին երաշխաւորուի աշխատանքը ու ըլլայ նաեւ արժանավայել աշխատանք»։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ  Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը որուն աւարին Նորին Սրբութիւն կատարեց նաւ Սուրբ Հաղորդութեան Օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2020, 07:20
Կարդալ բոլորը >