Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Մեկուսացումի այս ժամանակաշրջանի ընթացքին խաղաղութիւն տիրէ ընտանիքներուն մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Աղօթենք ընտանիքներուն hամար, որպէսզի շարունակեն այս մեկուսացումը ապրիլ խաղաղութեամբ, ստեղծագործ հոգիով եւ համբերութեամբ։

Երկուշաբթի 4 մայիս 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագին սկիզբը՝ հրաւիրեց աղօթել ընտանիքներուն համար։

«Այսօր, ըսաւ Սրբազան Պապը, աղօթենք ընտանիքներուն համար. Այս մեկուսացումի ժամանակաշրջանին, ընտանիքը փակուած տան  մէջ, կը ջանայ շատ մը նոր բաներ ընել, դիմելով ստեղծագործ հոգիին մանուկներուն հետ, բոլորին հետ, յառաջ ընթանալու համար։ Կայ այլ իրողութիւն մը, շատ անգամ կայ նաեւ տնային բնութիւնը։ Աղօթենք ընտանիքներուն hամար, որպէսզի շարունակեն այս մեկուսացումը ապրիլ խաղաղութեամբ, ստեղծագործ հոգիով եւ համբերութեամբ»։

Քարոզ

Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, առաջինը քաղուած Գործ Առաքելոց գիրքէն, երկրորդը Յովհաննէսի աւետարանէն։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով գործ առաքելոցին գիրքէն քաղուած հատուածը, ուր կը խօսուի, առաքեալները Սուրբ Պետրոսի հետ կը վիճէին, որովհետեւ Սուրբ Պետրոս հեթանոսներու քով գնաց ու անոնց հետ կը ճաշէր։ ( Գործ Առաք. 11,1-18) ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ սուրբ Պետրոս հեթանոսներու քով գնաց՝ առաջնորդուած սուրբ հոգիէն։ Սակայն նկատել տուաւ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ մէջ միշտ կան մարդիկ, որոնք ինքզինքին արդար կը նկատեն եւ ուրիշները մեղաւոր։ Սա հիւանդութիւն մըն է, որ եկեղեցիէն կը ծնի։ Գաղափարախօսութիւններ են, որոնք բաժանում կը ստեղծեն նոյնիսկ համուզուելով, թէ բաժանումը աւելի կարեւոր է քան միութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց թէ Տէրը միութիւն կ՝ուզէ եւ ոչ թէ բաժանում։

Մեկնաբանելով ապա Յովհաննէսի աւետարանի հատուածը, ուր կը խօսուի «Յիսուս կ՝ըսէ ես եմ բարի հովիւը։ Ուրիշ ոչխարներ ունիմ որոնք այս փարախէն չեն. Զանոնք ալ պէտք եմ հոս բերել, եւ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն, ու պիտի ըլլան մէկ հօտ եւ մէկ հովիւ։» (Յովհ 10,11-18) Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ Յիսուս եկաւ բոլորին համար , Ան մեռաւ բոլորին համար նաեւ անոնց համար որոնք չեն հաւատար։ Ունինք մէկ փրկիչ մը։ Սակայն ըսաւ Սրբազան հայրը մարդիկ միշտ փորձութեան կ՝ենթարկուին  ըսելով, թէ կը պատկանին այս կամ այլ  խումբի մը։ Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ այո՛ տարբերութիւնները օրինական են, սակայն եկեղեցւոյ միութեան մէջ,  մատնանշելով, որ ամէնքս ունինք մէկ հովիւ մը՝ Յիսուսը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը հայցելով Տիրոջմէ, որ բոլորս ազատէ բաժանումի հոգեբանութենէն եւ մեզի ցոյց տայ, թէ բոլորս եղբայրներ ենք՝ Յիսուսին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2020, 07:16
Կարդալ բոլորը >