Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Աղօթենք որպէսզի ընտանիքներուն մէջ աճի Տիրոջ Հոգին, սիրոյ, յարգանքի եւ ազատութեան հոգին։ Ֆրանչիսկոս Պապ

Քարոզին մէջ Քահանայապետը խնդերց՝ Տիրոջմէ հայցել օգնութիւն, որպէսզի մեզ ազատէ կարծրութեան հոգիէն որ մեզմէ կը խլէ ազատութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Ուրբաթ 15 մայիս 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած եւ ուղիղ եթերով սփռուած սուրբ պատարագին սկիզբը, յիշեց թէ այսօր կը յիշատակուի ընտանիքի համաշխարհային օրը, հրաւիրելով աղօթել ընտանիքներուն համար։

«Այսօր, ըսաւ Սրբազան Պապը, կը նշուի ընտանիքներուն համաշխարհային օրը, աղօթենք ընտանիքներուն համար, որպէսզի ընտանիքներուն մէջ աճի Տիրոջ Հոգին, սիրոյ, յարգանքի եւ ազատութեան հոգին։

Քարոզը

Ան ապա սուրբ Զոհին ընթացքին ներկայացուցած յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ,   մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, յիշեց թէ ինչպէս գործք առաքելոցին մէջ (15, 22-31) կը պատմուի առաքեալներուն եւ առաջին քրիստոնեաներուն ապրած վրդովումի եւ խռովութիւններու մասին, յատկապէս ի տես բազմաթիւ այն հաւատացեալներուն, որոնք դարձի եկած էին հեթանոսութենէն դէպի քրիստոնէութիւն եւ որոշ երեցնելու համաձայն, անոնք պէտք էին նախ ընդունիլ հրէութիւնը՝ թլփատուիլ, Օրէնքը պահել,  ապա անցնիլ քրիստոնէութեան։

Այս մէկը վրդոված էր Անտիոքի դարձի եկած հեթանոսները եւ ասոր համար Առաքեալները կ՛որոշեն  Պօղոսին ու Բառնաբասին  հետ միասին  ուղարկել քաջալերանքի նամակ մը՝ բացատրելով թէ ստիպուած չէին հետեւելու հրէական օրէնքն։

«Սկզբնական Եկեղեցւոյ մէջ կային խաղութեան, հալածանքի ու նաեւ վրդովումի եւ խռովութեան պահեր» ըսաւ Սրբազան Պապը ու ակնարկելով անոնց՝ որոնք հեթանոսներուն կը ստիպէին հրէութիւնը ընդունիլ նշեց՝ թէ անոնք կարծր էին, օրէնքի մարդիկ էին։ Գաղափարախօսականներ էին, եւ վարդապետութիւնը վերածած էին գաղափարախօսութեան, օրէնքներու կրօն մը փափաքելով, որ կը վերացներ Հոգիին ազատութիւնը։

«Անոնք Աւետարանի ուրախութիւնը չէին ճանչնար» յարեց Սրբազան Պապը նշով՝ թէ անոնք կը շահարկէին հաւատացեալներուն խիղճերը, որպէսզի անոնք եւս դառնային կարծր։

«Կարծրութիւնը հարցադրանքի տակ կը դնէ փրկութեան ձրիութիւնը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով՝ որ «այնտեղ ուր կարծրութիւն կայ՝ չկայ Աստուծոյ Հոգին» ու թէ «Աստուծոյ հոգին ուրախութիւն կը բերէ»։

«Աստուծոյ հետ կապը ձրի փոխյարաբերութիւն է, բարեկամութեան յարաբերութիւն է» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց «Տիրոջմէ խնդրել, որ մեզի օգնէ՝ զատորոշելու համար աւետարանի ձրիութեան պտուղները կարծրութեան պտուղներէն, եւ՝ որպէսզի մեզ ազատէ վրդովումներէն... մեզ ազատէ կարծրութեան հոգիէն որ մեզմէ կը խլէ ազատութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2020, 07:09
Կարդալ բոլորը >