Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ 

Միանանք որպէս եղբայրներ Տիրոջմէ հայցելու համար համաճարակէն բժշկութիւն:

Այսօր կը միանանք աղօթքի մէջ ու ապաշխարութեան մէջ, հայցելու համար այս համաճարակէն բժշկութեան շնորհքը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով սուրբ պատարագին.

Հինգշաբթի 14 մայիսին Ֆրանչիսոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած եւ ուղիղ եթերով սփռուած սուրբ պատարագին սկիզբը հրաւիրեց միանալ Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Յանձնաժողովի ձեռնարկած աղօթքին եւ ծոմապահութեան օրուան,  որպէսզի Տէրը մեզ ազատէ համաճարակի չարէն։

Ունկնդրէ լուրը

«Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Յանձնաժողովի» այս օրը հռչակած է  աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր, Աստուծմէ հայցելու համար ողորմութիւն եւ գթութիւն համաճարակի այս աղէտալի պահուն։ Բոլորս եղբայրներ ենք Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը կ՛ըսէր «բոլորս եղբայրներ»։  Ասոր համար բոլոր կրօնական դաւանանքներու պատկան մարդիկ եւ կիներ այսօր կը միանանք  աղօթքի մէջ ու ապաշխարութեան մէջ, հայցելու համար այս համաճարակէն բժշկութեան շնորհքը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով սուրբ պատարագին. 

Քարոզ

Մինչ՝ Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած ֆրանչիսկոս Պապին քարոզի ներշնչումի աղբիւր հանդիսացաւ օրուան սուրբ գրային ընթերցումը՝ քաղուած Յովհնանու գիրքէն, ուր մարգարէն Նինւէի ժողովուրդը կը հրաւիրէ դարձի գալ՝ խուսափելու համար իրենց քաղաքի կործանումէն։ «Նինւէն դարձի կու գայ եւ քաղաքը կը փրկուի  կարգ մը համաճարակներէն ։» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով «թերեւս այդ բարոյական համաճարակ մըն էր։

Այսօր մենք բոլորս միասին կ՝աղօթենք, իւրաքանչիւր կրօնական աւանդութեան եղբայրներ եւ քոյրեր։Այսօր՝ ծոմի, աղօթքի, ապաշխարութեան օր է՝ հաստատուած մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէի կողմէ։ Այսօր՝ բոլորս միասին կ՝աղօթենք, հասարակութիւններ, տարբեր կրօնական դաւանանքներու պատկան հաւատացեալներ։ Կ՝աղօթենք միացած եղբայրութեան մէջ, որ մեզ կը միացնէ այս ցաւալի եւ ողբերգական պահուն։ »

Նորին Սրբութիւն ապա անդրադառնալով ներկայ համաճարակի կացութեան նշեց ,« չէինք սպասեր այս համաճարակին, ան եկաւ առանց մեր ակնկալութեան։ Համաճարակը մուտք գործեց ամենուրեք, բազմաթիւ մարդոց կեանքերը խլեց՝ առանց որ անոնք բան մը ըսեն։


Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսեցաւ  տարբեր համաճարակներու մասին, որոնք կը մարդոց կեանք կը սպառնան, առանց որ մենք անդրադառնանք՝ մեր աչքերը այլուր սեւեռելով։

Ան նկատել տուաւ, որ վերջին տուեալներուն համաձայն, այս տարուան առաջին չորս ամիսներուն, աւելի քան երեք միլիոն եւ եօթը հարիւր հազար անձ մահացած են ՝ անօթութեան պատճառաւ։ «Սա անօթութեան համաճարակ է» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ այսօր կ՝աղօթենք, որպէսզի Տէրը մեզի մտածել տայ աշխարհի տարբեր համաճարակներուն մասին։ Կան պատերազմի, անօթութեան եւ այլ տեսակ համաճարակներ։ Այսօր շնորհիւ եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէին, հրաւիրուած ենք աղօթելու՝ իւրաքանչիւր անձ իր կրօնական աւանդութեան համաձայն ու հրաւիրուած ենք ծոմապահութեան, եղբայրսիրութեան  եւ ուրիշներուն օգնութեան հասնելու օր նշելու։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  դարձեալ անդրադառնալով օրուան սուրբ գրային ընթերցումին, եզրափակեց քարոզը նշելով «Տէրը երբ տեսաւ, որ Նինւէի ժողովուրդը դարձի եկաւ, կասեցուց  այն ինչ որ կ՝ուզէր կատարել։  Թող Աստուած կասեցնէ այս համաճարակը։ Թող Տէրը գթայ մեր վրայ եւ կասեցնէ ամէն տեսակի համաճարակները՝ անօթութեան, պատերազմի, դաստիարակութենէ զրկուած  մանուկներուն համաճարակներէն։ Այս խնդրենք իբրեւ եղբայրներ, բոլորս միասին։ Թող Տէրը օրհնէ մեզ եւ գթայ մեր վրայ։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2020, 07:17
Կարդալ բոլորը >