Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Քահանայապետը դարձեալ աղօթեց ուսանողներուն եւ ուսուցիչներուն համար։

Թող որ Տէրը զանոնք օգնէ այս դժուար ուղեւորութեան ընթացքին, անոնց պարգեւէ քաջութիւն ու նաեւ յաջողութիւն։

13 մայիսին՝ Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնին օրը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած եւ ուղիղ եթերով սփռուած Սուրբ Պատարագին սկիզբը՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց աղօթել աշակերտներուն ու ուսուցիչներուն համար որպէսզի այս համաճարակի ժամանակաշրջանին կարողանան յառաջ ընթանալ։

Այսօր աղօթենք ուսանողներուն համար, պատանիները որոնք կ՛ուսանին ու նաեւ ուսուցիչներուն համար որոնք դասաւանդութեան պէտք է նոր կերպեր որոնեն յառաջ ընթանալու համար։ Թող որ Տէրը զանոնք օգնէ այս դժուար ուղեւորութեան ընթացքին, անոնց պարգեւէ քաջութիւն ու նաեւ յաջողութիւն։

Քարոզ

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց Յովհաննէսի աւետարանէն քաղուած հատուածը՝ ուր Յիսուս առաքեալներուն կ՝ըսէ.  «Ես եմ ճշմարիտ որթը եւ իմ Հայրս մշակն է։ Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, կը կտրէ զանիկա։ Ան որ պտուղ կը բերէ, կը մաքրէ զանիկա, որպէս զի ա՛լ աւելի պտուղ բերէ։ Դուք հիմա մաքուր էք այն խօսքով որ ձեզի խօսեր եմ։ Իմ մէջս կեցէք ու ես ձեր մէջ։ Ինչպէս ճիւղը չի կրնար ինքնիրմէ պտուղ բերել, եթէ որթին վրայ հաստատուած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար՝ եթէ իմ վրաս հաստատուած չըլլաք։ 5 Ես որթն եմ ու դուք ճիւղերն էք։ Ան որ իմ վրաս հաստատուած է՝ եւ ես անոր վրայ, անիկա շատ պտուղ պիտի բերէ, վասն զի առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Քրիստոնէական կեանքը հաստատուած է Տիրոջ վրայ։ Յիսուս որթի պատկերը կը գործածէ այդ բացատրելու համար։ Ճիւղը չի կրնար պտուղ բերել եթէ, որթին վրայ հաստատուած չ՝ըլլայ, աւելցնելով, որ Յիսուսի վրայ հաստատուիլը չնշանակեր կրաւորական ըլլալ,  այլ կը նշանակէ աշխուժ ըլլալ,  վստահելով Յիսուսի, որովհետեւ Յիսուս իր խօսքերուն մէջ ըսած է , «Ան որ իմ մէջս կը հաստատուի ես  անոր մէջ պիտի հաստատուիմ։»

Նորին Սրբութիւնը ապա նկատել տուաւ, որ Յիսուսի մէջ հաստատուիլը փոխադարձ հաստատուիլ է,  ինչ որ  գեղեցիկ եւ մեծ խորհուրդ մըն է։ Ան օրինակ բերաւ որթէն, երբ ճիւղը որթին վրայ հաստատուած չմնայ,  չկրնար պտուղ բերել։ Ճիւղը պէտք ունին որթին, որթը ճիւղին զօրութիւնն է։ Ծառերը, որթերը պէտք ունին ճիւղերուն, որովհետեւ պտուղները հաստատուած չեն ծառերուն եւ որթերուն վրայ, այլ ճիւղերուն վրայ։ Ճիւղը ու որթը իրարու պէտք ունին այս է փոխադարձ կարիքի իմաստը։

Այս է նաեւ քրիստոնէական կեանքը։ Այո՛ քրիստոնէական կեանք կը նշանակէ յարգել պատուիրանները։ Քրիստոնէական կեանք կը նշանակէ ընթանալ երանութիւններուն ուղիին վրայէն, կը նշանակէ կատարել ողորմութեան գործեր, ինչպէս Յիսուսի սորվեցուց Աւետարանին մէջ։
Քրիստոնէական կեանք կը նշանակէ նաեւ աւելի մեծ բան մը։ Քրիստոնէական կեանքը կը կայանայ այդ փոխադարձ հաստատուելու մէջ։ Մենք առանց Յիսուսի ոչ մէկ բան կրնանք գործել,  նման ճիւղերուն, որ առանց որթին կը մեռնին։

Յիսուսն ալ  մեզի պէտք ունի՝ պտուղ տալու համար նման որթին, որ առանց ճիւղերուն ոչ մէկ պտուղ կրնայ տալ։ Այս է փոխադարձ հաստատուիլը։

Յիսուս մեզի պէտք ունի վկայութիւն տալու համար։  Յիսուս աւետարանին մէջ կ՝ըսէ« եղէք լոյս, որպէսզի մարդիկ տեսնեն ձեր բարի գործերը եւ Աստուած փառաբանեն։ »Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ, որ վկայենք, որովհետեւ առանց վկայութեան աւետարանը չաճիր։

Յիսուս պէտք ունի մեզի, որպէսզի եկեղեցին աճին։ Այս է խորհուրդը փոխադարձ հաստատուելու։ Յիսուսը , Հայրը եւ Սուրբ Հոգին մեր մէջ կը հաստատուին եւ մենք Յիսուսի մէջ, որպէսզի ուժ քաղենք Անորմէ եւ բերրի դառնանք։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը նշելով ,որ  Յիսուսի եւ մեր միջեւ յարաբերութիւնը մտերիմ յարաբերութիւն է ։ Տէրը միշտ ներկայ է մեր մէջ։ Ան ապա Տիրոջմէ հացեց, որ մեզի օգնէ հասկնալու համար այդ Յիսուսի մէջ հաստատուելու խորհուրդը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2020, 07:16
Կարդալ բոլորը >