Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետը աղօթեց Կարմիր Խաչի եւ Կարմիր կիսալուսնի աշխատաւորներուն համար։

Տէրը օրհնէ Կարմիր Խաչի եւ Կարմիր կիսալուսնի աշխատաւորներուն աշխատանքը որ մեծ բարիք կը հասցնէ շատերուն

«Այսօր կը յիշատակուի Կարմիր Խաչի եւ Կարմիր կիսալուսնի համաշխարհային օրը։ Աղօթենք այն անձերուն համար որոնք կ՛աշխատին այդ արժանաւոր հաստատութիւններուն մէջ. Տէրը օրհնէ անոնց աշխատանքը որ շատ բարիք կ՛ընէ» Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ Ուրբաթ 8 Մայիսին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած եւ ուղիղ եթերով սփռուած առօրեայի սուրբ պատարագին, հրաւիրելով աղօթել բոլոր անոնց համար որոնք կ՛աշխատին Կարմիր Խաչի եւ Կարմիր կիսալուսնի հաստատութիւններու մէջ, մեծ բարիքներ հասցնելով շատերուն։

Ունկնդրէ լուրը

Քարոզ

Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան աւետարանական ընթերցումը քաղուած Յովհաննու աւետարանէն.
«Սրտերնիդ չխռովի. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք։ 2 Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. ապա թէ ոչ՝ ես ձեզի պիտի ըսէի՝ ‘Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ’։ 3 Եւ եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք։ 4 Ո՛ւր որ ես կ’երթամ՝ գիտէք ու ճամբան ալ գիտէք»։ (Յովհ. 14, 1-6):

Քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ Յիսուսի նշեալ զրոյցը՝ առաքեալներուն հետ տեղի ունեցաւ վերջին ընթրիքի պահուն։ Յիսուս տխուր էր։ Յիսուս յայտնեց, որ աշակերտներէն մէկը զինք պիտի դաւաճանէ, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը մխիթարէր աշակերտները։

Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտը դրաւ Յիսուսի մխիթարութեան երեք յատկանշական կէտերուն վրայ ։Մօտիկութիւն, ճշմարտութիւն եւ յոյս։

Մօտիկութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ այսօրուան աւետարանին մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս Յիսուս աշակերտները կը սփոփէ  մօտիկութիւն ցուցաբերելով։ Յիսուս աշակերտներուն կ՝ըսէ  «հոս եմ,  ձեր հետն եմ» ։Յիսուս շատ անգամ ներկայ է լռութեան մէջ։  Քաջ գիտենք ,որ Յիսուս  միշտ մեր հետն է։ Աստուած մարդեղացաւ , մեզի մօտիկ գտնուելու համար։ Յիսուսի կը մխիթարէ մօտիկութիւն ցուցաբերելով։ ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա անդրարարձաւ 

Յիսուսի մխիթարութեան երկրորդ յատկանշական կէտին՝ Ճշմարտութիւնը։ Յիսուս ճշմարտախօս է։ Յիսուս սուտ չի խօսիր։ Ան ճշմարտութիւնը երբեք չի թացքներ։ Նոյնինք Յիսուս  ըսաւ ես եմ ճշմարտութիւնը։» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ
 
Երրորդ՝ յոյսը։ Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց,  թէ այսօրուան աւետարանին մէջ Յիսուս տխուր է։ Սակայն Յիսուս  աշակերտները կը մխիթարէ ըսելով սրտերնիդ թող չխռովի, Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք։  Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան ։ Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ։ Նշեց  Սրբազան հայրը աւելցնելով որ Յիսուս նախ ինք պիտի երթայ՝  բնակարաններու դուռերը բանալու համար։ Յիսուս  կը խոստանայ, որ դարձեալ պիտի գայ մեզ իր հետ տանելու համար։ Յիսուս յոյս կը ներշնչէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը նշելով թէ դիւրին չէ մենք մեզի թոյլ տալ,  որ  Յիսուս մեզ մխիթարէ։ Շատ անգամ կեանքի դժուար պահերուն կը բարկանանք Յիսուսին վրայ եւ թոյլ չենք տար, որ Ան մեր մօտը գայ,  մեր հետ խօսելու, ճշամրտութիւնը ըսելու,  յոյս ներշնչելու եւ իր մօտիկութիւնը ցուցաբերելու համար։»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2020, 07:14
Կարդալ բոլորը >