Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց տագնապի մէջ գտնուող ընտանիքներուն եւ զանոնք տանջող վաշխառուներուն դարձի գալու համար։

Առաւել վստահինք Յիսուսի աղօթքներուն քան թէ մեր աղօթքներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 23 ապրիլին, առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագը ֆրանչիսկոս Պապ նուիրեց Քորոնա ժահրի պատճառով նիւթական տագնապի մէջ գտնուող ընտանիքներուն համար, նամանաւանդ այն ընտանիքներուն,որոնք ստիպուած օրուան հացը ճառելու համար, վաշխառուներու շահագործումին տակ կը գտնուին կորսնցնելով այն քիչը որ ունին։ ըսաւ Ան։

Ունկնդրէ լուրը

«Աշխարհի շատ մը վայրերու մէջ զգալի է այս համաճարակի հետեւանքներէն մէկը, բազմաթիւ կարիքաւոր ընտանիքներ, որոնք անօթի են, վաշխառուներու շահագործումի  ենթարկուած են ։ Սա ուրիշ համաճարակ է։ Ընկերային համաճարակ է ։ Բազմաթիւ ընտանիքներ, կայուն եւ օրինաւոր աշխատանք չունենալնուն պատճառաւ անօթի  վաշխառուներուն կը դիմեն եւ կը կորսնցնեն  այն քիչը որ ունին։ Աղօթենք այդ ընտանիքներուն համար, մանուկներուն համար,այդ ընտանիքներուն արժանապատուութեան համար , աղօթենք նաեւ վաշխառուներուն համար, որպէսզի Տէրը դպչի անոնց սիրտերուն եւ դարձի բերէ զանոնք։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագի սկիզբը։

Քարոզը

Այս առթի ներկայացուցած  քարոզին մէջ  ֆրանչիսկոս Պապ յիշեցուց ,թէ Յիսուս, Աստուծոյ դիմաց մեզի համար կ՝աղօթէ ցոյց տալով իր վէրքերը։ Ան յորդորեց, որ պէտք է առաւել վստահիլ Յիսուսի աղօթքներուն քան թէ մեր աղօթքներուն։ Նորին Սրբութեան քարոզի ներշնչումի աղբիւր հանդիսացաւ Գործ Առաքելոցի գիրքէն քաղուած օրուան ընթերցուածը, ուր Սուրբ Պետրոս եւ միւս առաքեալները ատեան կը կանչուին եւ քահանայապետը  սպառնալով կ՝արգիլէ զանոնք քարոզել։ Սուրբ Պետրոս կը պատասխանէ ըսելով, որ  պէտք է առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ, քան թէ մարդոց։ Սուրբ Պետրոս  ապա բոլորին դիմաց համարձակութեամբ կը խօսի Յիսուսի Յարութեան մասին։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ  շեշտը դնելով Սուրբ Պետրոսի քաջութեան վրայ նշեց, թէ այդ քաջութիւնը Յիսուսի աղօթքէն բխած քաջութիւն է, որովհետեւ Յիսուս աղօթեց Պետրոսի համար։  Յիսուս նաեւ մեզի համար կ՝աղօթէ, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ Յիսուս Աստուծոյ ցոյց կու տայ իր վէրքերը՝ մեր փրկութեան փրկագինը։  Յիսուս կը բարեխօսէ բոլորիս  համար եւ ասոր համար պէտք է  առաւել վստահիլ Յիսուսի աղօթքներուն, քան թէ մեր աղօթքներուն։

Սբրազան Հայրը ապա յորդորեց Յիսուսի դիմել շնորհակալութիւն յայտնելու՝ մեզի համար աղօթելուն համար։ 

«Յիսուս իր վէրքերը իր հետ տարաւ զանոնք Աստուծոյ ցոյց տալու համար։ Այդ վէրքերը մեր փրկագին է։ Պէտք է առաւել վստահիլ Յիսուսի աղօթքներուն, քան թէ մեր աղօթքներուն։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2020, 09:23
Կարդալ բոլորը >