Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Եւրոպան ըլլայ միացած եւ եղբայրական». Ֆրանչիսկոս Պապ

Աղօթենք Եւրոպայի համար, Եւրոպայի միութեան համար ու Եւրոմիութեան միութեան համար, որպէսզի բոլորս միասին կարողանանք յառաջ ընթանալ որպէս եղբայրներ.
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Այսօր՝ չորեքշաբթի 29 ապրիլ 2020ին, եկեղեցին կը տօնէ Եւրոպայի պաշտպան սրբուհի՝ Սրբուհի Կատարինէի տօնը։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, առաւօտեան եօթին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ ուղիղ եթերի սփռումով մատուցած Սուրբ Պատարագին սկիզբը, յիշելով Սրբուհի Կատարինէն, հրաւիրեց աղօթել Եւրոպային ու անոր միութեան համար։

«Այսօր Սիենայի Սրբուհի Կատարինէի տօնն է, Եկեղեցւոյ Վարդապետ ու Եւրոպայի պաշտպան Սուրբ» ըսաւ Սրբազան Պապը, հրաւիրելով աղօթել «Եւրոպայի համար, Եւրոպայի միութեան համար ու Եւրոմիութեան միութեան համար, որպէսզի բոլորս միասին կարողանանք յառաջ ընթանալ որպէս եղբայրներ» յարեց Ան։

Քարոզը

Նորին Սրբութիւնը ապա Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանեց Սուրբ Յովհաննէս առաքեալի Առաջին նամակէն քաղուած հատուածը (Յովհաննէս Ա, 5, 2-2), ուր առաքեալը կը հաստատէ թէ Աստուած լոյս է՝ ու թէ՝ եթէ մենք կը հաստատենք թէ անոր հետ հաղորդութեան մէջ ենք,  հաղորդութեան մէջ կը գտնուինք նաեւ մէկը միւսին հետ եւ Յիսուսին արիւնը կը բիւրեղացնէ մեզ՝ բոլոր մեղքերէն։ Ով որ կ՛ըսէ թէ առանց մեղքի է ինքզինք կը խափէ, սակայն եթէ խոստովանի իր մեղքը Աստուած կը ներէ անոր ու զայն կը մաքրէ ամէն տեսակ անօրէնութենէ։

«Առաքեալը  հրաւէր կ՛ուղղէ յստակութեան եւ ճշմարտութեան», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, նշելով  որ ան մեզի կ՛ըսէ թէ կարող չենք լոյսին մէջ քալել ու խաւարին մէջ ըլլալ։

«Աւելի գէշ պիտի ըլլայ  քալել «գորշ - մռայլոտ» ճանապարհի վրայ, որովհետեւ մեզի կարծել կու տայ թէ կը քալենք լոյսին մէջ։ Բայց գորշը դաւաճան է» յարեց  Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով թէ «ընդհակառակը՝ ճշմարտութիւնը գործնական է ու կը նշանակէ խոստովանիլ մեր մեղքերը գործնականին մէջ եւ ոչ թէ վերացական կերպով։ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա այսօրուայ Աւետարանին (Մատթ 11, 25-30), ուր Յիսուս գոհաբանութիւն կը մատուցէ Հօր, որովհետեւ Աւետարանը ծածկեց իմաստուններէն ու զայն յայտնեց մանուկներուն։

«Մանուկները, ըսաւ Սրբազան Պապը, իրենց մեղքերը կը խոստովանին ամենայն պարզութեամբ, անոնք կը վայելեն Աստուծոյ անոնց պարգեւած պարզութեան շնորհքը։ Մենք ալ պէտք է ըլլանք պարզ, ամենայն խոնարհութեամբ խոստովանելով մեր մեղքերը ու Տէրը պիտի ներէ մեզի»։

«Պէտք է ապա մեղքերը կոչել իրենց անունով։ Եթէ վերացական կերպով կատարենք այդ մէկը, մեր վերջը խաւարին մէջ է» նկատել տուաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով՝ որ «կարեւոր է ազատութիւնը ունենալ Տիրոջ ներկայացնելու իրողութիւնները այնպէս ինչպէս որ են եւ ըլլալ գործնական, որովհետեւ, զգուշացուց Ան, սատանան կ՛ուզէ որ մենք ապրինք «մռայլութեան - գորշին» մէջ։

«Տէրը սակայն չի սիրեր գաղջ մարդիկը» շարունակեց Սրբազան Պապը դիտել տալով՝ որ  «հոգեւոր կեանքը շատ պարզ է ու թէ  մենք ենք որ զայն կը բարդացնենք նրբութիւններով»։ Ան ապա քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով հաւատացեալները՝  Տիրոջմէ հայցելու պարզութեան եւ թափանցիկութեան շնորհքը,  ինչպէս նաեւ շնորհքը ազատութեան ու լաւապէս ճանչնալու թէ մենք ո՛վ ենք Աստուծոյ առջեւ» ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2020, 07:20
Կարդալ բոլորը >