Սանթա Մարթայի մէջ Սուրբ Պատարագ Սանթա Մարթայի մէջ Սուրբ Պատարագ 

Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց տխրութեան մէջ, առանցին ու գործազուրկ մարդոց համար։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանեց օրուան աւետարանական հատուածը ուր Ղուկաս Աւետարանիչը կը պատմէ Եմմաւուսի աշակերտներուն Յիսուսին յարութենէն ետք Անոր հետ հանդիպման դրուագը (Ղուկաս 24, 13-35) ու թէ ինչպէս անոնք Տէրը ճանչցան միայն երբ Ան իրենց առջեւ դարձեալ բեկանեց հացը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր այս պատարագին ընթացքին աղօթենք, բոլոր այն անձերուն համար, որոնք կը տառապին տխրութենէ, որովհետեւ միայնակ են ու չեն գիտեր ի՞նչ ապագայի առջեւ կը գտնուին, կամ որովհետեւ չեն կրնար հոգ տանիլ իրենց ընտանիքին  դրամի պակասէն, որովհետեւ աշխատանք չունին։ Բազմաթիւ անհատներ կը տառապին տխրութենէն։ Այսօր աղօթենք անոնց համար» Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 26 ապրիլ 2020-ի առաւօտեան 7-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած եւ ուղիղ եթերով  սփռուած Սուրբ Պատարագին։

Քարոզը

Ան ապա Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանեց օրուան աւետարանական հատուածը ուր Ղուկաս Աւետարանիչը կը պատմէ  Յիսուսին յարութենէն  ետք Եմմաւուսի աշակերտներուն Անոր հետ հանդիպման դրուագը (Ղուկաս 24, 13-35) ու թէ ինչպէս անոնք Տէրը ճանչցան միայն երբ Ան իրենց առջեւ դարձեալ բեկանեց հացը։

«Քրիստոնէութիւնը Յիսուսին հետ հանդիպում է» ըսաւ Քահանայապետը։ «Քրիստոնեան մէկ մըն է որ թոյլ կու տայ որ Տէրը իրեն  հանդիպի։ Մենք ծնած ենք անհանգստութեան սերմով մը եւ նոյնիսկ եթէ անգիտակից ենք մեր սիրտը ծարաւն ունի Աստուծոյ հետ հանդիպումին, զայն կը փնտռէ, շատ անգամ նաեւ սխալ ճանապարհներու վրայ»։

«Աստուած նաեւ ծարաւն ունի մեզի հանդիպելու։ Աւետարանին մէջ կը տեսնենք որ Յիսուս կը յարգէ մեր ուղեւորութիւնը, ան կը հետեւի մեր  ժամանակին, ան համբերութեան Տէրն է, կը քալէ մեր մօտ. Մտիկ կ՛ընէ մեր անհանգստութիւններուն, կը ճանչնայ զանոնք։ Յիսուսը կը սիրէ մտիկ ընել մեզի։ Ան չարագացներ իր քայլերը։ Կը քալէ մեր դանդաղ ընթացքի համաձայն։ Ան մտիկ կ՛ընէ ապա կը պատասխանէ, կը բացատրէ… Մենք Տիրոջ կը հանդիպինք մեր ուղեւորութեան ընթացքին նոյնիսկ խաւար պահերուն մէջ, Ան մեզ կ՛առաջնորդէ որովհետեւ կը փափաքի մեզի հանդիպիլ։ Ահա թէ ինչու քրիստոնէութեան կորիզը Յիսուսին հետ հանդիպումն է։ Ոմանք Յիսուսին կը հանդիպին առանց անդրադառնալու թէ ինքն է։ Եւ շնորհքի կեանքը կը սկսի ճիշդ այդ պահէն երբ Յիսուսին հանդիպինք»,  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու քարոզը աւարտեց հայցելով՝ որ «Տէրը մեզի  պարգեւէ շնորհքը հանդիպելու անոր որ կը քալէ մեր հետ կեանքի բոլոր պահերուն ընթացքին։ Ան մեր  ուխտագնացութեան   ճանապարհորդակիցն է»։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2020, 07:29
Կարդալ բոլորը >