Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը այսօրուան պատարագը նուիրեց անոնց որոնք Յիսուսի նման անարդար դատավճիռներու զոհ են։

Սրբազան Պապը յիշելով Յիսուսի դէմ մղուած անողորմ հալածանքները՝ աղօթեց անոնց համար որոնք կը տառապին իրենց դէմ կատաղաբար յարուցուած անարդար դատավճիռներուն համար։

Վատիկան Նիուզ

Ունկնդրել լու րը

«Քառասնորդացի այս օրերուն տեսանք թէ ինչպէս Յիսուս հալածանքի ենթարկուեցաւ ու թէ որքան կատաղութեամբ օրէնքի վարդապետները անոր դէմ պայքարեցան։ Ան դատապարտուեցաւ կատաղի հետեւանքով եւ կատաղութեամբ, անմեղ ըլլալով հանդերձ։
Այսօր կ՛ուզեմ աղօթել բոլոր անոնց համար որոնք կը տառապին կատաղութեան հետեւանքով առնուած անարդար դատավճիռի մը պատճառաւ»
ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, 7 ապրիլի առաւօտեան 7-ին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած եւ ուղիղ եթերով սփռուած սուրբ պատարագին սկիզբը։

Քարոզը

Մինչ՝ Սուրբ Պատարագի ընթացքին մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները՝ քաղուած Եսայի մարգարէի գիրքէն, ուր կը խօսուի Իսրայէլի ժողովուրդի ընտրութեան մասին եւ Յոհվաննու աւետարանէն, ուր կը խօսուի Յուդայի մատնութեան եւ սուրբ Պետրոսի ուրացութեան մասի,  ֆրանչիսկոս պապ խնդրեց, որ շարունակենք  յարատեւել  մեր ծառայութիւններուն մէջ հակառակ մեր բոլոր անկումներուն։

Ակնարկելով Եսայի մարգարէին գիրքի հատուածին, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց,, որ Եսայի մարգարէին մարգարէութիւնը,  Մեսիայի մասին մարգարէութիւնն է, Փրկիչին մասին, ինչպէս նաեւ մարգարէութիւննը  Իսրայէլի ժողովուրդին մասին, այսինքն   բոլորիս մասին մարգարէութիւնը ։

Աստուծոյ ժողովուրդը նախ քան ծնիլը, ընտրեալ ժողովուրդ մըն է։ Մենք բոլորս նախ քան մեր ծնիլը , ընտրեալներ ենք։ ։ Ոչ մէկը մեզմէ ծնած է պատահաբար եւ պատահականութեամբ։ Իւրաքանչիւր անձ ունի իր ազատ ճակատագիրը՝ Աստուծոյ ընտրութեան ճակատագիրը։ Ես կը ծնիմ ՝Աստուծոյ զաւակը ըլլալու ճակատագիրով, ծառայելու,, կառուցելու պարտականութեամբ։ Եւ դա մայրական ծոցին մէջ։

Եահւէի ծառան՝Յիսուս ծառայեց մինչեւ մահ, կարծես պարտութիւն մըն էր, սակայն ծառայելու ձեւ մըն է։ Այս մէկը կ՝ընդգծէ մեր կեանքի մէջ որդեգրելու ծառայակերպը։ Ծառայել կը նշանակէ նուիրուիլ ուրիշներուն։ Ծառայութիւնը Փառք է, Քրիստոսի Փառքը, որ ծառայեց մինչեւ մահ։  Յիսուս Իսրայէլի ծառան է։ Աստուծոյ ժողովուրդը ծառայ է, եւ երբ Աստուծոյ ժողովուրդը ծառայելու կեցուածքէն կը հեռանայ, Աստուծոյ կոչումէն հեռացած կ՝ըլլայ, որ Աստուած տուաւ ու  կը սկսի իր կեանքը կառուցել հիմնուած այլ սէրերու վրայ, որոնք բազմաթիւ կուռքեր են։  

Տէրը մեզ ընտրեց մայրական ծոցին մէջ։ Կեանքի մէջ անկումներ կան, մեզմէ իւրաքանչիւրը մեղաւոր է  եւ կրնայ իյնալ։ Բոլորս մեղաւորներ ենք ու ենթարկուած անկումին՝ բացի Յիսուսէն եւ Տիրամայրէն։ Սակայն այն ինչ, որ կարեւոր է Աստուծոյ առջեւ մեր կեցուածքն է, Աստուած որ զիս ընտրեց, որ զիս օծեց որպէս ծառայ, կեցուածքը մեղաւորի մը ,որ կարող է ներում հայցել, նման  սուրբ Պետրոսին, որ երդում ըրաւ ըսելով ,ոչ ոչ քեզ երբեք պիտի պիտի չ՝ուրանամ,  սակայն աքաղաղի կանչին, ան լացաւ ու զղջաց, սա է ծառային ուղին, ծառան երբ կ՝իյնայ գիտէ ներում հայցել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2020, 07:35
Կարդալ բոլորը >