Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Քահանայապետը հրաւիրեց աղօթել յղի կիներուն համար։

Աղօթենք անոնց համար, որպէսզի Տէրը անոնց քաջութիւն տայ յառաջ տանելու այդ զաւակները վստահութեամբ, մի գուցէ տարբեր աշխարհի մը մէջ, սակայն աշխարհ մը զոր Տէրը պիտի սիրէ մեծապէս։

Ուրբաթ 17 ապրիլ 2020ի առաւօտեան ժամը 7-ին Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատոյց սուրբ պատարագը զոր ուղիղ եթերով սփռուեցաւ Վատիկան Նիուզի կայքի միջոցաւ։ Նորին Սրբութիւնը այսօրուան սուրբ զոհը մատոյց յղի կիներու դիտաւորութեան,որպէսզի անոնք քաջութիւնը ունենան յառաջ տանելու իրենց այդ զաւակները։

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր կ՛ուզէի որ աղօթէինք  յղի կիներուն համար, անոնք որոնք մայրեր պիտի դառնան  եւ շփոթի մէջ են, կը մտահոգուին. «Ւ՞նչ տեսակ աշխարհի մէջ պիտի ապրի իմ զաւակս»։ Աղօթենք անոնց համար, որպէսզի Տէրը անոնց քաջութիւն տայ յառաջ տանելու այդ զաւակները վստահութեամբ, մի գուցէ տարբեր աշխարհի մը մէջ, սակայն աշխարհ մը զոր Տէրը պիտի սիրէ մեծապէս։

Քարոզ

Ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն քաղուած Յովհաննէսի Աւետարանէն ուր կը խօսուի, Յիսուս դարձեալ ինքզինքն յայտնեց իր աշակերտներուն, Տիբերիայի ծովեզերքը, եւ աշակերտներէն խնդրեց ուռկանը նաւակին աջ կողմը նետեն ձուկ որսալու համար։ (Յովհ. 21, 1-14) Աշակերտները ընդառաջելով Յիսուսի հրաւէրին նետեցին ուռկանը եւ ձուկերու բազմութենէն՝ չէին կրնար քաշել։ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ աւետարանի այդ տեսարանը տեղի ունեցաւ բնականաբար, որովհետեւ աշակերտները աճած էին Յիսուսի հետ մտերմութեան մէջ եւ զինք լաւ կը ճանչնային։ ։

Ֆրանչիսկոս Պան ապա յորդորեց մենք եւս, պէտք է աճիլ այդ ընտանութեան մէջ, որ անհատական սակայն նաեւ հասարակաց , միաբանական է ։ «Ընտանութիւն մը առանց հասարակութեան,  առանց եկեղեցւոյ, առանց սուրբ Խորհուրդներուն, վտանգաւոր է , անիկայ կրնայ դառնալ գնոստիկեան։»

Ֆրանչիսկոս Պան ապա անդրադառնալով համաճարակային,  ճգնաժամային մեր  օրերուն, նկատել տուաւ, որ ամէն ինչ կը հաղորդուի հաղորդամիջոցներուն միջոցաւ ինչպէս է պարագան այսօրուան Սուրբ Պատարագը։ Ան նշեց թէ դժուար կացութիւն մըն է,  ուր հաւատացեալները չեն կրնար իրենց մասնակցութիւնը բերել արարողութիւններուն, սակայն կրնան հոգեւորական հաղորդութիւն կատարել։ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ պէտք է այս փակուղիէն դուրս գալ վերստին իրարու վերադառնալու համար։

«Մենք քրիստոնեաներս եւս, մեր կեանքին ուղեւորութեան մէջ կը գտնուինք Յիսուսի հետ մտերմութեան ուղեւորութեան մէջ։  Տէրը, պարզ է ,Ան մեր հետ կը քալէ եւ քաջ գիտենք ինք ով է։ Այս ընտանութիւնը Յիսուսի հետ, միշտ հասարակաց է ։  ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ

Ան քարոզը եզրափակեց հայցելով Տիրոջմէ, որ մեզի սորվեցնէ շօշափելի ընտանութիւնը, Յիսուսի այդ մտերմութիւնը, սակայն եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ խորհուրդներուն եւ Աստուծոյ սուրբ Ժողովուրդին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2020, 07:21
Կարդալ բոլորը >