Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աղօթենք համաճարակի այս պահուն վախի մէջ ապրող տարեցներուն համար» Ֆրանչիսկոս Պապ

Աստուծոյ հաւատարմութիւնը համբերատար է ։ Աստուած համբերութեամբ մտիկ կ՝ընէ ժողովուրդին ,զայն կ՝առաջնորդէ ինչպէս կատարեց Եմմաւուսի աշակերտներու հետ , անոնց սրտերը խանդավառելով որպէսզի տուն վերադառնան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 15 ապրիլ 2020 Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս  Սանթա Մարթայի մատուռէն ուղիղ եթերով սփռուած մատուցած սուրբ պատարագի որպէս դիտաւորութիւն ընտրեց տարեցները։

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօր աղօթենք տարեցներուն համար. յատկապէս անոնց՝ որոնք մեկուսացուած են, կամ հանգստեան  տուներու մէջ կ՛ապրին։ Անոնք վախի մէջ են, վախ ունին մահէն։ Կը զգան որքան այս համաճարակը իրենց համար յարձակողական իրողութիւն է։ Անոնք մեր  արմատներն են, մեր պատմութիւնը։ Անոնք մեզի տուին հաւատքը, աւանդութիւնը, ազգի մը պատկանելիութեան իմաստը, աղօթենք անոնց համար՝ որպէսզի Տէրը անոնց մօտիկ ըլլայ այս պահուն։

Քարոզ

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, առաջինը քաղուած Ղուկասի Աւետարանէն,  ուր Յիսուս Եմմաւուսի աշակերտներուն կ՝երեւնայ եւ սկսաւ հետերնին երթալ, Ղուկաս  (24, 13-35), երկրորդ քաղուած գործ առաքելոց գիրքէն, ուր Պետրոս Յիսուսի անունով հրաշքով  կը բուժէ ի ծնէ կաղ մարդը։ (Գործ Առաքելոց 3, 1-10)։ 

ֆրանչիսկոս Պապ այսօրուան քարոզը կեդրոնացուց Աստուծոյ հաւատարմութեան վրայ։ Ան քարոզին մէջ ըսաւ. « Երեկ մտածեցինք Մարիամ Մագդաղենացիին մասին, որպէս հաւատարմութեան իքոն, հաւատարմութիւն Աստուծոյ հանդէպ։ Այսօր պիտի մտածենք Աստուծոյ հանդէպ այդ հաւատարմութեան մասին։  Մեր հաւատարմութիւնը այն է եթէ ոչ պատասխանը Աստուծոյ հաւատարմութեան։ Աստուած , որ հաւատարիմ է իր խօսքին, հաւատարիմ է իր խոստումին , Ան իր ժողովու րդին հետ կը քալէ  յարգելով իր խոստումը, որ  մօտիկ է իր ժողովուրդին։

Աստուած Հաւատարիմ ըլլալով իր խոստումին, ան մշտապէս զգալի կը դարձնէ, թէ ինք Ժողովուրդին Փրկիչն է։  Աստուած   կարող է վերաստեղծելու, ինչպէս ըրաւ ի ծնէ կաղին հետ, որ վերաստեղծեց անոր ոտքերը ։ Աստուած միշտ կը բուժէ, միշտ կը մխիթարէ իր ժողովուրդը՝ վերաստեղծելով։ Այս է Աստուծոյ հաւատարմութիւնը մեզի հանդէպ։ Վերաստեղծում,  որ աւելի սքանչելի է  արարչագործութենէն։ Աստուած միշտ  յառաջ կ՝ընթանայ՝ անխոնջ աշխատանք տանելով, առաջնորդելու համար իր ժողովուրդը, նման այն հովիւին, որ տուն վերադարձին,  անդրադառնալով որ ոչխար մը կը պակսի իր հօտէն , դաշտ կը վերադառնայ փնտռելու համար կորսուած ոչխարը։ Հովիւը արտասովոր գործեր կը կատարէ, հաւատարմութեան եւ սիրոյ ի սպաս։  

Մեր Աստուածը այն Աստուածն  է, որ անշահախնդրութեամբ կը գործէ։ հաւատարմութիւն անշահախնդրութեան եւ առատաձեռնութեան։  Հաւատարմութիւնը նմանյ այն հօր , որ կարող է  շատ անգամ տանիք բարձրանալ նայելու համար իր զաւկին վերադարձին, այն հայրը, որ երեբեք  չի յոգնիր տանիք բարձրանալէ, իր որդին սպասելու ապա խնճոյք սարքելու եւ տօնախմբելու համար։

Աստուծոյհաւատարմութիւնը տօնախմբութիւնն, ուրախութիւն  է ։ Ան մեզ կ՝ուրախացնէ ինչպէս ուրախացուց կաղ մարդը, որ տաճար մտաւ Աստուած փառաբանելով, ուրախութեամբ եւ ցատկռտելով։ 

Աստուծոյ հաւատարմութիւնը համբերատար է ։ Աստուած համբերութեամբ մտիկ կ՝ընէ իր ժողովուրդին ,զայն կ՝առաջնորդէ ինչպէս կատարեց Եմմաւուսի աշակերտներու հետ , անոնց սրտերը խանդավառելով որպէսզի տուն վերադառնան։  Աստուծոյ հաւատարմութիւնը միշտ մեզ կը կանխէ եւ մեր հաւատարմութիւնը միշտ պատասխանն է   այն հաւատարմութեան որ միշտ մեզ կը կանխէ, Նուշի ծաղիկին նման, որ  գարնան ամենէն առաջ բուսնող ծաղիկն է ։հաւատարիմ ըլլալ կը նշանակէ փառաբանել այս հաւատարմութիւնը, կը նշանակէ հաւատարիմ ըլլալ այդ հաւատարմութեան եւ պատասխանն է Աստուծոյ հաւատարմութեան։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2020, 07:21
Կարդալ բոլորը >