Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քորոնավիրուս. «Գիտնականներ ու քաղաքական գործիչներ արդար լուծումներ գտնեն ժողովուրդներուն ի նպաստ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Աղօթենք որպէսզի անոնք գտնեն ուղիղ ճանապարհը, միշտ ի նպաստ բնակչութեան, միշտ ի նկատս ժողովուրդներուն»

Երկուշաբթի 13 ապրիլ 2020-ին Ֆրանչիսսկոս Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուռէն մատուցել, ուղիղ եթերով հեռարձակուած առաւօտեան պատարագները, հրաւիրեց այսօր աղօթել գիտնականներու ու քաղաքական գործիչներուն համար, որպէսզի անոնք լուծում գտնենք քորոնաժահրին յառաջացուցած տագնապին։

Ունկնդրէ լուրը։

«Այսօր աղօթենք կառավարիչներուն, գիտնականներուն ու քաղաքական մարդից մարդոց համար, որոնք սկսան ուսումնասիրել ելքի ճամբան, յետ համաճարակին, այս «ետքը» որ արդեն սկսած է։ Աղօթենք որպէսզի անոնք գտնեն ուղիղ ճանապարհը, միշտ ի նպաստ բնակչութեան, միշտ ի նկատս ժողովուրդներուն», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով սուրբ զոհին։

Քարոզ
    

Մինչ՝ մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը՝ քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն, ուր Յիսուս կ՝երեւնայ կիներուն ու անոնց կ՝ըսէ. «մի վախնաք, գացէք ըսէք իմ եղբայրներուս որ Գալիլեա երթան եւ հոն պիտի տեսնեն զիս», (Մատթ  28, 8-15) Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ.

«Այսօրուան աւետարանը մեզ կը դնէ ընտրանք կատարելու դիմաց, ուրախութեան, Յիսուսի Յարութեան յոյսը ընտրելու կամ գերեզմանի կարօտը ընտրելու։  

Կիները յառաջ գացին աւետելու համար։ Աստուած միշտ կը սկսի կիներով։ Կիները ճամբայ կը բանան։ Անոնք չեն տարակուսիր, Յիսուսը տեսան ու դպան։ Կիները տեսան նաեւ դատարկ գերեզմանը։Առաքեալները կասկածելով հանդերձ կիներու ըսածին վրայ, կիները վստահութեամբ յառաջ տարին այդ ուղին մինչեւ՝ մեր օրերը. Յիսուս Յարութիւն առաւ եւ կենդանի է մեր մէջ։

Կայ նաեւ այլ բան մը։ Պարապ գերեզմանը, որ շատ հարցեր պիտի յառաջացնէ։ Այդ եղելութիւնը թաքցնելու որոշումը, որ կը նմանի՝ ինչպէս միշտ  երբ՝ չենք ծառայեր Տիրոջ  եւ կը ծառայենք այլ աստուծոյ՝դրամին։  Յիշենք Յիսուսի խօսքը. երկու տէրեր են, Աստուած՝ Տէրը, եւ դրամին տէրը։ Կարելի չէ երկուքին ծառայել։ Խուսափելու համար այդ իրականութենէն, դպիրները ընտրեցին միւս ուղին, դրամի աստուծոյ ուղին, որ դրամ կը պարգեւէ։ Անոնք վճարեցին՝ լուռ մնալու համար։ Վկաներու լռութիւնը։ Պահակներէն մին, Յիսուսը մեռնելէ անմիջապէս ետք  խոստովանեցաւ ըսելով« իսկապէս այս մարդը Աստուծոյ Որդին է»։ Այս խեղճերը՝ պահակները բան մը չէին հասկնա, կը վախնային իրենց կեանքի վրայ։ Անոնք քահանաներուն եւ դպիրներուն քով գացին։ Դպիրները վճարեցին, որպէսզի պահակները լուռ մնան ու  Չխօսին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ասիկա ակնյայտ կաշառակերութիւն է։ Եթէ դուն չես խոստովանիր  Յիսուս Քրիստոսը, մտածէ,  թէ ուր կը գտնուի քու գերեզմանիդ կնիքը եւ ուր կը գտնուի կաշառակերութիւնը։ Շիտակ է,  որ շատ մը մարդիկ չեն խոստովանիր Յիսուս Քրիստոսը, որոնք  չեն ճանչցած Յիսուսը,  որովհետեւ մենք յարատեւութեամբ չ՝աւետեցինք,  եւ սա մեր մեղքն է։  Երբ յստակութիւններու դիմաց այդ ուղին կ՝ընտրենք, այդ ասատանային ուղին է , կաշառակերութեան ուղին։

Այսօր եւս, այս համաճարակի աւարտին դիմաց,  կայ միեւնոյն ընտրանքը։ Պիտի ընտրենք կամ  կեանքը, ժողովուրդներու յարութիւնը, կամ ալ  դրամը, այսինքն պիտի վերադառնանք դատարկ գերեզմանին,  ուր կայ ստրկութիւն, պատերազմներ, զէնքերու գործարաններ, կրթութենէ զուրկ մանուկներ։ 

Տէրը,  ըլլայ մեր անձնական կեանքին,  ըլլայ ընկերային կեանքի մէջ թող միշտ մեզ օգնէ ընտրելու աւետումը։ Աւետումը,  որ հորիզոն է  եւ միշտ բաց, թող մեզ առաջնորդէ մարդոց բարիքը ընտրելու եւ երբեք չ՝իյնալու  դրամի գերեզմանի մէջ։» 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2020, 07:22
Կարդալ բոլորը >